Պաշտպանութեան Նախարարը Հրամայեց Ոչնչացնել Սահմանը Հատել Փորձող Ատրպէյճանցիները

The Armenian army has solved the strategic problem. Turkey has to open up

Պաշտպանութեան Նախարարը Հրամայեց Ոչնչացնել Սահմանը Հատել Փորձող Ատրպէյճանցիները

05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵՑԱՆ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան՝ պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի 5 Օգոստոսի նիստին հրամայեց ոչնչացնել Հայաստանի սահմանը հատել փորձող ատրպէյճանցի զինուորականները:

Ան հրամայեց անմիջապէս կրակ բանալ եւ որեւէ միջոցով ոչնչացնել ատրպէյճանցի այն զինուորականները, որոնք կը փորձեն հատել Հայաստանի սահմանը: Ընդ որում, նախարարը նաեւ նախազգուշացուց, որ այն հրամանատարները, որոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ ատրպէյճանցիները թէկուզ մէկ սանթիմեթր յառաջ երթան` շատ խիստ պիտի պատժուին:

Քննարկուեցան նաեւ ձմրան նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը: «Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը նիստի մասնակիցներից պահանջել է գործադրել առաւելագոյն ջանք` զինուած ուժերի բարեփոխումները հնարաւորինս արագ եւ արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու համար», կը նշուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Տաւուշի մարզին մէջ, մասնաւորաբար` Ոսկեպար համայնքի տարածքին մէջ տեղակայուեցան ռուս սահմանապահներ։

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` արձագանգելով լրատուամիջոցներով շրջան ընող տեղեկութիւններուն։

Կը նշուի, որ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին՝ սահմանապահներուն թիկունքային ապահովութեան շինութիւններու կառուցման նպատակով։

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նշեեալ գործընթացը կ՛իրականացուի հայ-ռուսական համագործակցութեան ծիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսանտր Պիքանթով յայտնեց, թէ Ռուսիա լրջօրէն մտահոգ է հայ-ատրպէյճանական սահմանին յաճախակի դարձած միջադէպերով, ցաւ յայտնելով, որ հոն լարուածութիւնը չի նուազիր՝ հակառակ ձեռնարկուող քայլերուն:

Ան դարձեալ կոչ ըրաւ բոլոր կողմերուն՝ խուսափելու իրավիճակը վատթարացնող գործողութիւններէ եւ ընդգծեց, որ ծագող բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով, Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը յայտնելով աջակցելու նման ջանքերու, յատկապէս՝ լարուածութեան մեղմացման եւ սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղութեամբ:

«Այդ ջանքերը տարածաշրջանին մէջ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ միջհամայնքային երկխօսութեան խթանման հետ պիտի նպաստեն Հարաւային Կովկասը կայունութեան, ապահովութեան եւ բարգաւաճման գօտի դարձնելուն՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն  9 Նոյեմբեր 2020ի եւ ընթացիկ տարուան 11 Յունուարի յայտարարութիւններուն համաձայն», եզրափակեց Պիքանթով:

asbarez.am/պաշտպանութեան-նախարարը-հրամայեց-ոչն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail