Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօտակայքը՝ Տրովադայի Ձի Է Թուրքիոյ Շահերուն Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ-Սարգիս-Երեւան

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօտակայքը՝ Տրովադայի Ձի Է Թուրքիոյ Շահերուն Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Կարդալ նաեւ՝:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 2016ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնեց ամէնէն մեծ մզկիթներէն մէկը: Անիկա պաշտօնապէս կը կոչուի Ամերիկայի «Տիյանեթ» կեդրոն, հսկայական համալիր մը, որ մօտաւորապէս եօթը հեկտար տարածութիւն կը զբաղեցնէ Մերիլենտի Լենհեմ շրջանին մէջ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն 24 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Թուրքիոյ կրօնական հարցերու վարչութիւնը («Տիյանեթ») 110 միլիոն տոլար վճարեց Ամերիկայի «Տիյանեթ» կեդրոնի շինարարութեան ծախսերը հոգալու համար: Կեդրոնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն, ըստ վերջին հարկային յայտարարագիրին, ունի 93 միլիոն տոլարի ունեցուածք:

Այս կեդրոնը կապ ունի նախագահ Էրտողանի եւ վերջինիս պատկանած՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութեան հետ: Կեդրոնի կայքին վրայ կը նշուի, որ անիկա «կ՛աշխատի բոլորովին համակարգուած՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու վարչութեան («Տիյանեթ»ի) հետ», որ նիւթական հսկայական ներդրում կը ստանայ թրքական կառավարութենէն՝ «Ներկայացուցչական եւ խթանման ծախսեր» վերնագիրով, ինչ որ ինքնին տարօրինակ դասակարգում մըն է կրօնական հաստատութեան մը համար: «Տիյանեթ»ի տարեկան ամավարկը կը կազմէ երկու միլիառ տոլար՝ գերազանցելով թրքական նախարարութիւններու մեծ մասին պիւտճէն: Կառոյցը պետական պաշտօնական հիմնարկ մըն է, որ ամբողջ երկրի տարածքին կ՛առաջնորդէ 85 հազար մզկիթներ, իսկ արտասահմանի մէջ՝ աւելի քան 2000 մզկիթներ: Այս կեդրոնը կը պատրաստէ շաբաթական քարոզ, զոր պէտք է իմամները կարդան Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող բոլոր մզկիթներուն մէջ: Անիկա թուրք հասարակութեան կը պարտադրէ տարօրինակ գործելակերպեր, օրինակ՝ «շուները տունը կերակրելու, արեւմտեան Նոր տարին նշելու, վիճակախաղերու ու դաջուածքներու» արգելքները: Կառավարութեան հետախուզական ծառայութիւնները «Տիյանեթ»ի իմամներուն կը յանձնարարեն վերահսկել Կիւլենական շարժումի եւ PKK-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) անդամներու գործունէութիւնը: Գործակալութիւնը հիմնած է «Տիյանեթ»ի բազմաթիւ մզկիթներ կամ դաշտային գրասենեակներ զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Աւստրալիա, Պելճիքա, Գանատա, Դանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հոլանտա, Շուէտ, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ:

Ըստ թրքական ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպայ Ահմեթ Եայլայի՝ «Տիյանեթ»ը այժմ ունի հազարաւոր յարակից մզկիթներ, տասնեակ դպրոցներ եւ պաշտօնական խորհրդականներ, որոնք նշանակուած են 52 երկիրներու մէջ: Անիկա նաեւ ունի «հաւատքի կցորդներ»՝ աշխարհի 38 տարածաշրջաններու մէջ: «Տիյանեթ»ը կ՛ապահովէ կրօնքի նկատմամբ թրքական վարչակարգին մենաշնորհը եւ կը հանդիսանայ պետութեան քարոզչական ջանքերուն բարձրախօսը:

Էտըմ Սմիթ, իր «Էրտողանը, «Տիյանեթ»ը Եւ Անոր Դաշտային Գրասենեակը» վերնագրուած յօդուածին մէջ, որ հրապարակուեցաւ «Փրովիտընս» ամսագիրին մէջ, գրած է հետեւեալը. «Արեւմուտքի մէջ «Տիյանեթ»ի հիմնարկները կ՛աշխատին Անգարայի աջակցութիւնը վայելող իսլամիստական այլ շարժումներու վստահուած մարդոց եւ կողմնակիցներու հետ, ինչպէս, օրինակ՝ Եգիպտոսի «Իսլամ եղբայրները»…: «Տիյանեթ»ը նաեւ իր գործընկերներէն եւ ծխականներէն կը պահանջէ ամբողջական աջակցութիւն Էրտողանին եւ կը քարոզէ այն միտքը, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բոլոր հակառակորդները «դաւաճաններ» են: Եւրոպական կառավարութիւնները նկատած են Եւրոպայի քաղաքացիներու շրջանակին մէջ «Տիյանեթ»ի ջանքերը՝ ուղղուած Անգարայի հանդէպ հաւատարմութիւն ձեւաւորելու, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան պաշտօնեաներու քննադատութիւնը՝ ուղղուած «Տիյանեթ»ի եւ AKP-ի ջանքերուն, որոնք կը միտին Թուրքիայէն դուրս «իրենց մզկիթներուն մէջ քաղաքական քարոզչութիւն իրականացնելու»:

Ըստ Սմիթի՝ «Կեդրոնը «Տիյանեթ»ի 28 այլ մասնաճիւղերու ղեկավարն է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս 28 մասնաճիւղերէն իւրաքանչիւրը ունի նախագահ, որ անմնացորդ կերպով հաւատարիմ է Էրտողանին եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան»:

«Կեդրոնին պէտք է պարտադրուի արձանագրուիլ Օտարերկրեայ գործակալներու սահմանափակման գործողութեան (Foreign Agents Restriction Act), որ կը կարգաւորէ ամերիկեան հողին վրայ գործող օտար պետութիւններու գործակալներուն ազդեցութիւնը: Թրքական «Տիյանեթ»ի պաշտօնեաները եւ իմամները Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աշխատին յանուն այլ կառավարութեան մը եւ յառաջ կը մղեն վերջինիս շահերը՝ առանց արձանագրուելու իբրեւ օտար գործակալներ», կ՛ըսէ Սմիթ՝ աւելցնելով. «Անոնք եռանդով հաւատարմութեան երդում կու տան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Ամբողջ Ամերիկայի մէջ այս գործակալները հետեւողականօրէն կը քարոզեն Էրտողանի օրակարգին ի նպաստ եւ նպատակ ունին կեանքի կոչելու թրքական վարչակարգին շահերը: Բացի այդ, կեդրոնին պաշտօնեաները շարունակ աւելիով կը ներգրաւուին ամերիկեան բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու հետ գործընկերութեան եւ անոնց վրայ ազդելու ջանքերուն մէջ: Էրտողան խոստովանեցաւ այս քարոզչութիւնը, նոյնիսկ պահ մը պնդելով ամերիկացի իսլամ հանդիսատեսի մը առջեւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարչակարգը ուղղակիօրէն կ՛աջակցի Ամերիկայի մէջ մահմետականներ ընտրելու ջանքերուն»:

«Թրքական հասարակական այլ կազմակերպութիւններ եւ «վստահուած» իսլամիստ տարբեր մարդիկ նոյնպէս մեծ դեր կը խաղան այդ ուղղութեամբ: Օրինակ՝ Էրտողանի գործակալները, ըստ կարգ մը հաղորդումներու, ստեղծած են իբրեւ «քօղարկուած պատեան» գործող կազմակերպութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ «առանց հարցերու» ազատ գումարներ փոխանցելու, քաղաքական գործիչներու ի շահ լոպիինկ կատարելու եւ գումարներ տեղափոխելու նպատակով: «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը բացայայտեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական վարչակարգի աշխատակից մը, որ կը նշէ. «Այս տեսակի կառուցուածքով կը յաղթահարուին նիւթական ապահովութեան կարգը եւ հարկային խոչընդոտները, որոնք կը սահմանափակեն լոպիական գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ», կը յայտնէ Սմիթ, որ նաեւ կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Կան բազմաթիւ այլ ապացոյցներ՝ վարչակարգին եւ «Տիյանեթ»ի ապօրինի գործունէութեան վերաբերեալ: Օրինակ՝ թրքական վարչակարգին առնչակից եւ Միացեալ Նահանգներու հարկերէն զերծ մնացած բազմաթիւ կազմակերպութիւններէն երկուքը՝ «Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութիւն»ը (THO) եւ «Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ»ն (TASC) կը գտնուէին Հետախուզութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (FBI) քննութեան տակ, եւ ելեկտրոնային նամակներու արտահոսքը ցոյց կու տար, որ խումբը լրտեսական գործողութիւններ կ՛իրականացնէր Անգարայի համար: Այսուամենայնիւ, թրքական «վստահուած» բոլոր այս խումբերը կը շարունակեն գործել անպատիժ»:

Մենք ոչ մէկ հարց ունինք Միացեալ Նահանգներու մէջ իսլամական մզկիթներու կամ թրքական կեդրոններու հետ: Այնուամենայնիւ, եթէ ապացուցուի, թէ այդ ոչ-շահութաբեր հաստատութիւնները Թուրքիոյ անունով կը զբաղին քաղաքական գործունէութեամբ եւ լոպիինկով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է իրաւակա՛ն համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ, վստահ ըլլալու համար, որ անոնց գործունէութիւնը օրէնքով արտօնուած սահմաններու մէջ է:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/էրտողանի-հսկայական-մզկիթը-ուաշինկթը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail