
Սէյիտ Նասրալլա. «Ինչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները` Դիմադրութեան Նուաճումներուն Տէր Կը Կանգնինք, Իսկ Թշնամիին Ուժերը Իրենց Գոյութեամբ Մտահոգ Են»
09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:
2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին 15-ամեակին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 7 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ թշնամիին ուժերը իրենց գոյութեամբ մտահոգ են:
«Ով որ արգիլած է եւ կը շարունակէ արգիլել սիոնական գոյացութեան կողմէ Լիբանանի ռմբակոծումը, Դիմադրութեան հետ հսկայ բախումի մատնուելու առումով անոր վախն է: 2006-ին իրականացած կարեւորագոյն նուաճումը մարտավարական հաւասարակշռութեան յանգիլն էր, որ Դիմադրութեան կերտած պատմական եւ ռազմավարական նուաճումն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ յուլիսեան պատերազմի 15-ամեակի յիշատակին առիթով բոլորին ուսերուն զետեղուած կարեւորագոյն պատասխանատուութիւնն է տէր կանգնիլ այդ պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած նուաճումներուն եւ հաստատած բախման ոճի հաւասարակշռութեան, որ մաղթանքներու կամ երկխօսութեան արդիւնք չէր, այլ` հսկայական զոհողութիւններու:
Ան նշեց, որ 2006-էն առաջ եւ վերջ թշնամի Իսրայէլին համար հիմնական հարցը Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան զէնքի արդիականացումն է` նշելով, որ Լիբանանի մէջ կարգ մը ուժեր կ՛օժանդակեն Իսրայէլին` իրականացնելու համար Դիմադրութիւնը ապազինելու անոր նպատակը:
«Օրեր առաջ պատահածը շատ վտանգաւոր զարգացում մըն է, որ 15 տարիէ ի վեր չէ արձանագրուած: Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն դիմաց պէտք էր ճշդել, թէ ի՛նչ է ամէնէն ճշգրիտ ու համապատասխան հակազդեցութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարգ մը գործողութիւններու պարագային ուշ պատասխանելը ժամանակավրէպ չի նկատուիր, սակայն կան նաեւ գործողութիւններ, որոնց պարագային ժամանակի ազդակը նկատի ունենալը էական է:
«Նախորդող օրերուն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումներուն անմիջապէս պատասխանելը այս պարագային էական էր եւ ուշանալու պարագային պիտի դառնար անիմաստ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ իրենք քաջութիւնը ունին պաշտօնապէս պատասխանատուութիւն ստանձնելու իսրայէլեան բացատները ռմբակոծելու առումով:
Ան նշեց, որ Դիմադրութեան հրթիռային կարողութիւնը բարելաւուած է եւ հասած մեծ քանակով թիրախահար հրթիռներ ունենալու: «Դիմադրութեան շրջանակները համբերութեան ու տոկալու յատկանիշներով օժտուած են եւ միշտ պիտի ըլլան զոհողութեան ու գոյատեւումի դիրքերուն վրայ: Թշնամի Իսրայէլի գործելիք մեծագոյն անխոհեմութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սկսիլը», հաստատեց ան:
Շուայայի Միջադէպ
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Շուայայի միջադէպին` հաստատելով, որ այդ պատահարը անցողակի չէ, այլ ունի վտանգաւոր ցուցանիշներ:
«Երբ տեսայ Շուայայի մէջ պատահարը, փափաքեցայ հասնիլ իմ ընկերներուս եւ համբուրել անոնց ճակատները, որովհետեւ անոնք են Լիբանանի պատիւն ու երաշխիքը: Շուայայի մէջ Դիմադրութեան մարտիկներուն դէմ յարձակողները այլ աշխարհէ էին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` դրուատելով Շուայայի կարգ մը բնակիչներուն կողմէ այդ միջադէպին մերժումը:
«Շուայայի մէջ մեր եղբայրներուն դէմ յարձակողները պէտք է հարցաքննութեան եւ դատական իշխանութեան կողմէ դատավարութեան ենթարկուին», ըսաւ ան:
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Ա. Տարելից
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին խօսելով սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ աղէտին նկատմամբ իրենք ցուցաբերած են այն վարուելակերպը, որ որեւէ աղէտալի դէպքի մը նկատմամբ կարելի է ցուցաբերել, «սակայն ամերիկեան եւ սէուտական առումով այդ պայթումին գինը գանձողները առաջին իսկ վայրկեանէն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը սկսան վերածել քաղաքական շահարկումի թղթածրարի», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ տեղական եւ արաբական լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ ծանօթ կուսակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ պայթումին առաջին իսկ վայրկեանէն յայտարարեցին, թէ Հըզպալլա պայթումի ենթարկուած պահեստանոցին մէջ հրթիռներ կը պահէ եւ տակաւին զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոցներ ունի նաւահանգիստին մէջ:
«Պայթումին հետաքննութեան մաս կազմող բոլոր կողմերը հասած են այն եզրակացութեան, որ նաւահանգիստին մէջ զէնք կամ զինամթերք գոյութիւն չունի: Այս եզրակացութեան յաջորդեց միւս ամբաստանութիւնը. Հըզպալլա նաւահանգիստին մէջ ամոնիում նայթրէյթ կը պահէ: Արդեօք այս ամբաստանութենէն աւելի անհեթեթ եւ տգեղ բա՞ն կայ», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ պայթումին հարցով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի խեղաթիւրելու ճշմարտութիւնը, «իսկ եթէ մենք ուզէինք այդ թղթածրարը շահագործել, ապա կ՛ըսէինք, թէ ամոնիում նայթրէյթը նաւահանգիստ բերողը ա՛ն է, որ Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներուն կը զօրակցի», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն կոչ ուղղեց անոնց իմանալու, թէ ո՛վ է Պէյրութի պայթումին թղթածրարը քաղաքականացնողը: «Ով որ նահատակներուն եւ վիրաւորներուն դէմ չարիք գործեց` այս թղթածրարը մարդկային իր բնոյթէն քաղաքական աժան բնոյթի, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազգային հարց մը ներկայացող այդ հարցը համայնքային հարցի վերածողն է», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ինք հարցաքննութենէն չի վախնար, որովհետեւ ամբաստանեալ չէ: Ան կոչ ուղղեց նահատակներու հարազատներուն չարտօնելու, որ իրենց զաւակներուն թափած արիւնը քաղաքական առումով շահագործուի, եւ անոնցմէ պահանջեց պայթումին պատճառներուն մասին դատախազ Թարեք Պիթարին հարց տալ:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութիւնը քաղաքականացուած է, կողմնակալութեան ենթակայ եւ միացեալ չափանիշներու վրայ չէ հիմնուած», ըսաւ ան:
Խալտէի Սպանդ
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Խալտէի մէջ պատահածը դէպք չէ, այլ` սպանդ, որովհետեւ կրակոցներուն նպատակը եղած է սպաննել, իսկ սպանդը գործող կողմը ոճրագործներու եւ մարդասպանները աւազակախումբ մըն է:
«Խալտէի սպանդին նկատմամբ համբերութիւն ցուցաբերեցինք պատասխանատուութենէ եւ գիտակցութենէ մղուած, եւ ոչ թէ տկարութենէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պահանջուած է Խալտէի սպանդին բոլոր մեղսակիցները ձերբակալել եւ զանոնք դատական իշխանութիւններուն յանձնել, ինչպէս նաեւ պահանջուած է արմատական լուծում ապահովել հարաւային Լիբանան տանող մայրուղին փակելու եւ անցորդներուն վրայ յարձակելու երեւոյթին:
«Մեր հարցը Խալտէի արաբական աշիրեթին հետ չէ, այլ` մարդասպաններու խմբաւորումին: Այս թղթածրարին ես անձամբ կը հետեւիմ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ», շեշտեց ան:
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենք կը սպասեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն:
www.aztagdaily.com/archives/518451





