
Իսկապէս… թեկնածու կ’որոնեմ ամբողջացնելու համար նախաձեռնածս #CigarsOnlyForԼաւՕրեր քաղաքացիական ճակատամարտս:
Իսկապէս, Աճայիպ այսօրուան իրականութեան մէջ, Երկու ծայրահեղութիւն կը տեսնեմ անհասկնալի, անմարդկային:
Այնքան ինծի չեր հետաքրքեր մարդկային, աւելի ճիշդը ԱՆմարդկային այս երեւոյթը նկարագրելը
բայց արագէն գրեմ ըսի ու երթամ պարկիմ,
քանի գլուխս շատ կը ձաւի
ու բախտաւոր կը զգամ այս օրերուն
որ դեղագործս DAFALGAN (Paracetamol) ունի:
Իրավիճակը այն է թէ Նոյն այս դիմատետրին մէջ, նոյն շրջանակէ մարդիկ, մէկ մասը քէպապ ու քէֆ կ’ընեն,
իսկ միւս կողմէն նոյն քաղաքը ապրող ոչ բախտաւոր մարդիկ կարծես 18րդ դարը ապրին ու հացի դրամի կարօտով, կ’արտայայտեն արդարացի իրենց պոռթկումը:
Երկար չխօսիմ նաեւ գրպաննին անյայտ աղբիւրներէ քիչ մը լեցուցածները, այստեղ այնտեղ տունի տէր դարձածները, որոնց մէջ նաեւ կան այսպէս կոչուած նորարար ոչ մտաւորական «ղեկավար»ներ, որոնք կարողացան փախիլ այդ ճահիճի իրավիճակէն (bravo իրենց) թողելով անտէր իրենց ժողովուրդը, ու աշխարհի չորս կողմը café-ները նստած քէֆ կ’ընեն, ու այդ մէկը անիրաւ կը տարածեն իրենց «սիրելի» ոչ բախտաւոր անմխիթար շրջանակի անդամներուն ու ընկերներուն, դիմատետրի անոնց էջերը լեցնելով, վստահաբար սպասելով նաեւ like եր, ու չմտածելով նոյնիսկ թէ LIKE երը կարելի է հաւաքել միայն ելեկտրականութեան, հեռախօսի, կապի ու համացանցի միատեղ ներկայութեան միջոցաւ:
«Ուրախութեան» նկար իջեցնելու իմաստը ո՞րն է եթէ եղբայդ ընկերդ ընտանիքդ շրջանակդ դժուարին օրեր կ’ապրի: եթէ ալ առիթ կայ, սահման չունեցող ստամոքսնիդ քիչ մը չէ՞ք կրնար զսպել գէթ այս անգամ համեստ ձեւացնելով:
Այս ամէնը մէկ կողմ… միայն մէկ բան գիտցէք որ մենք ալ՝ հասարակ ու համեստ քաղաքացիներս, սիկար ծխել գիտենք եւ ձեզմէ ալ աւելի հաստ սիկարրրրրրրներ… չէք պատկերացներ որքան հաստտտտ… Cubannnnn……
Լաւ օրերը կու գան, ետ, յուսամ շուտով, ու ուրախ օրերու այդ նկարները կը տեսնէք
Եթէ թեկնածու ալ կայ նոյն նպատակով հետս նկարուելու… թող ձայնը հանէ… 🙋🏼♂️հազիւ տեսնեմ իրեն, այդ լաւ օրերուն, Սիկար մը կը վառենք:
Ինչպէս Zareh Yahniyanը կ’ըսէ Բարեւս տուի անցայ գնացի… Հասկցողաց անշուշտ:

Հարմանտայեան Ասպետ





