
Պաքու Կ՛ուզէ Իսրայէլէն 2 Միլիառ Տոլարի Զէնք Գնել
13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 –
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ․- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կը վարեն 2 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր գնելու շուրջ, կը հաղորդէ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը:
Օրաթերթը կը մատնանշէ երկու հիմնական գործօններ, որոնց պատճառով Պաքու կը փորձէ բանակը հզօրացնել իսրայէլեան սպառազինութեամբ: Առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի հետ սահմանին վրայ յաճախակի դարձած փոխադարձ կրակոցներուն, որոնք կրնան վերածուիլ Արցախի մէջ նոր պատերազմի, իսկ երկրորդը` վերջին պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի արձանագրած յաղթանակէն ետք Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խորացումն է:
Ատրպէյճանի մէջ արդէն կան իսրայէլեան պաշտպանական ընկերութիւններու զարգացման կեդրոններ: Իսրայէլեան ընկերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ` ապահովականէն մինչեւ գիւղատնտեսութիւն, զգալի մասնակցութիւն ունին Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն:
Կը նշուի, թէ Ատրպէյճան կրնայ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն մը բանալ:

asbarez.am/պաքու-կ՛ուզէ-իսրայէլէն-2-միլիառ-տոլարի/





