
ԱՄԷՆ ՀԱՅ ՔԱՋ ՍՊԱՍՈՒՄ ԷՐ ԱՅԴ ՍԻՐԵԼԻ ՐՈՊԷԻՆ – Սեդօ Պոյաճեան
ԱՄԷՆ ՀԱՅ ՔԱՋ ՍՊԱՍՈՒՄ ԷՐ ԱՅԴ ՍԻՐԵԼԻ ՐՈՊԷԻՆ
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – Սեդօ Պոյաճեան
Այսօր, 125 տարի առաջ՝ Օգոստոս 14, 1896ին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշմամբ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հաւանութեամբ, նախաձեռնուեցաւ յեղափոխական աննախընթաց գործողութիւն մը։
Դաշնակցութիւնը որոշած էր յանդուգն հարուածով գրաւել Պանք Օթոմանը, որ Արեւելքի մէջ Եւրոպական դրամատէրերու եւ ելեւմուտքի կեդրոնն էր։
Զէնքերով եւ ռումբերով սպառազինուած 26 Դաշնակցական ֆետայիներ, Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ, Պոլսոյ կեդրոնին մէջ գրաւեցին Պանք Օթոմանի շէնքը։ Գործողութեան ընթացքին ռումբի պայթումով նահատակուեցաւ Բաբգէն Սիւնի։ Գործին ղեկավարութիւնը ստանձնեց Արմէն Գարօ։
Գործողութիւնը շառաչուն պատասխան էր Սուլթան Ապտուլ Համիտի կողմէ Հայութեան դէմ շարունակուող համատարած հալածանքին ու սպանդին։ Իսկ թիրախը կը հանդիսանար Եւրոպական դրամագլուխի կեդրոնը պայթեցնելու սպառնալիքով մղել Եւրոպական տէրութիւններուն, որպէսզի գործադրեն Հայկական նահանգներու մէջ իրենց խոստացած բարեկարգումներու ծրագիրը։
Մինչ Պանք Օթոմանի գրաւումը ընթացքի մէջ էր, Պոլսոյ Եւրոպական դեսպանատուները խուճապի մատնուած էին եւ կը փորձէին որոնել ելքեր՝ հանգուցալուծելու համար գրաւման գործողութիւնը։ Եւրոպական դեսպանատուներու լիազօրութեամբ, Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագէտ Մաքսիմով սկսաւ բանակցիլ Արմէն Գարոյի հետ։ Արմէն Գարօ ներկայացուց այն պահանջները, որոնց յարգումի պարագային ֆետայիները խաղաղօրէն պիտի դուրս գային դրամատան շէնքէն, այլապէս՝ պատրաստ են պայթեցնելու ե՛ւ շէնքը ե՛ւ իրենք զիրենք։
Ֆետայիներու ներկայացուցած պահանջներուն շարքին հիմնական երկու կէտեր կային։ Առաջին, կասեցնել Հայութեան դէմ Օսմանեան պետութեան սպանդն ու ջարդերը։ Երկրորդ, Եւրոպական տէրութիւնները տէր կանգին իրենց խոստումին եւ Հայկական նահանգներու տարածքին սկսին գործադրել իրենց խոստացած բարեկարգումներու ծրագիրը։
Երկար բանակցութիւններէ ետք, Մաքսիմով խոստացաւ Եւրոպական դեսպանական ներկայացուցիչներու անունով, որ ֆետայիներու դրած պահանջները պիտի յարգուին եւ գործադրուին։
Այս հիմամբ, Օգոստոս 15ին Դաշնակցական ֆետայիները իրենց զէնքերով եւ ռումբերով դուրս եկան Պանք Օթոմանի շէնքէն եւ ուղղուեցան դէպի ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւը, որ զիրենք պիտի փոխադրէր Եւրոպական ցամաքամաս։
Պանք Օթոմանի գրաւումը տեւեց 14 ժամ։ Ֆետայիները յարգանքով եւ մեծ զգուշութեամբ վարուեցան դրամատան անձնակազմին հետ։ Անոնք որեւէ ձեւով չդպան դրամատան մէջ գտնուող միլիոնաւոր գումարներուն։
Հազիւ ֆրանսական նաւը Մարսէյ հասաւ, ֆետայիները ձերբակալուեցան։ Յանուն Եւրոպայի Մաքսիմովի կատարած խոստումը չյարգուեցաւ։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ շարունակեց Հայութեան դէմ իր սպանդը։ Իսկ բարեկարգումները ծրագիրը գործադրելու խոստումը մնաց թուղթի վրայ։
Հարկ կա՞յ կրկին նշելու թէ Հայութեան նկատմամբ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի խոստմնադրժութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Սակայն, Բաբգէն Սիւնիի օրինակով սնանող ու Պանք Օթոմանի խիզախումի ոգիով հասակ առնող մեր յաջորդական սերունդները գիտակից են այդ խոստմնադրժութեան…։
Պանք Օթոմանի գրաւման երգը երգելով, մեր ժողովուրդը կը յայտարարէր, «Ամէն հայ քաջ սպասում էր այդ սիրելի րոպէին…։»
Այսօր եւս, մեր ժողովուրդը կը շարունակէ յայտարարել, «Ամէն հայ քաջ սպասում է այդ սիրելի րոպէին,» որ անպայման պիտի գայ։






