Արցախը Երբեք Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Չի Մտներ, Մոռցէ՛ք․ ԱՀ Պետական Նախարար

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ՏԱՏԻԿ-ՄԱՄԻԿ

Արցախը Երբեք Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Չի Մտներ, Մոռցէ՛ք․ ԱՀ Պետական Նախարար

16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան՝ արձագանգելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն, Twitter-ի վրայ գրած է.

«Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ՝ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն­՝ կ՝ուզեմ նշել, որ՝

  • Սուտը, անընդհատ կրկնելով, ճշմարտութիւն չի դառնապ: Արցախը այժմ ունի 120,000 բնակիչ, այլ ո՛չ թէ՝ 25,000:
  • Արցախը երբեք չի մտներ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, մոռցէ՛ք:
  • Մենք կ՝ակնկալենք յստակ արձագանգ միջազգային հանրութեան կողմէ Ալիեւի այն խոստովանութեան վերաբերեալ, որ Ազրպէյճանը սանձազերծած է պատերազմը»:

yerakouyn.com/2021/08/16/արցախը-երբեք-ազրպէյճանի-կազմին-մէջ-չի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail