Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Հայաթափելու Ազրպէյճանի Փորձերը Ձախողած Են»
14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը թէեւ մէկ կողմէ շատ իւրայատուկ է, բայց ընդհանուր առմամբ հանգիստ է:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով վերջին օրերուն արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ արձանագրուած դէպքերուն եւ ազրպէյճանական զինուժի ռազմական սադրանքներուն:
Բաբայեան շեշտեց, թէ էական չէ, թէ ի՛նչ զինատեսակներ կը գործածէ ազրպէյճանական զինուժը Արցախի դէմ, քանի որ հիմնական նպատակը նոյնն է` հոգեբանականը եւ աշխարհաքաղաքականը, ոչ թէ ռազմականը:
«Ասիկա բազմաշերտ քաղաքականութիւն է: Նպատակը մէկ է` հայաթափել Արցախը: Իսկ եթէ հայաթափուի Արցախը` լրիւ այլ իրավիճակ կը ստեղծուի ո՛չ միայն Անդրկովկասի, այլ նաեւ հսկայական շրջանի մը մէջ` Հիւսիսային Կովկաս, Մերձաւոր Արեւելք, Միջին Արեւելք, Կեդրոնական Ասիա, Վոլկայի շրջաններ, Սեւ ծովու աւազան», յայտնեց նախարարը:
Ըստ Բաբայեանի, Ազրպէյճան զինուորական եւ այլ միջոցներով կը փորձէ հոգեբանօրէն ազդել Արցախի հայութեան վրայ, վհատեցնել ժողովուրդը, որպէսզի մարդիկ կտրեն իրենց յոյսը եւ փոխեն Արցախի մէջ ապրելու հեռանկարները, սակայն այդ փորձերը ձախողած են: Այս պարունակին մէջ ան շեշտեց, որ Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ առաքելութիւն դարձած է:
«Մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ այստեղ: Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ, կարելի է ըսել, ինչ որ առաքելութիւն մըն է, ոչ թէ լոկ կենցաղային առօրեայ: Հետեւաբար պէտք է հանգիստ վերաբերինք այդ ամէնուն եւ շարունակենք մեր աշխատանքը, մեր ծառայութիւնը: Այդ փորձերը, վստահաբար, չեն ազդեր, բայց պէտք է այնպէս ընենք, որ աւելի ամրապնդենք մարդոց յոյսն ու հաւատքը: Այս պատճառով անհրաժեշտ է համապարփակ, միասնական մօտեցում, ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն, ճիշդ ներքին քաղաքականութիւն պէտք է վարենք, եւ այլն, եւ այլն», բացատրեց Դաւիթ Բաբայեան` ընդգծելով, որ նախ եւ առաջ ժամանակի կարիք կայ, որպէսզի մարդիկ դուրս գան ճնշումէն: Երկրորդ` պէտք է անսասան հաւատք ունենան, համախմբուած ըլլան, եւ երրորդ` տեղ տան գիտութեան, մասնագիտացման եւ հայրենասիրութեան:
«Խնդիրները շատ են, ընելիքները շատ են, բայց` միանգամայն իրականանալի, այսինքն` կրնանք պահել այն, ինչ որ ունինք», աւելցուց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:
/www.aztagdaily.com/archives/519138