Եկուոր Ցեղախումբերը Չեն Կրնար Մեր Հողերուն Տէրը Ըլլալ. Միսակ Մարգարեան

Եկուոր Ցեղախումբերը Չեն Կրնար Մեր Հողերուն Տէրը Ըլլալ

Եկուոր Ցեղախումբերը Չեն Կրնար Մեր Հողերուն Տէրը Ըլլալ. Միսակ Մարգարեան

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն վրայ քրիստոնեայ ժողովուրդները ազրպէյճանացուցած եւ թրքացուցած քանի մը եկուոր ցեղախումբ ստեղծած են իրենց պետութիւնը եւ դարձած չարիք ամբողջ տարածաշրջանի համար, որուն վրայ աչք փակուած է եւ կը փակէ քրիստոնեայ աշխարհը։

Հայաստանի արեւելեան հարեւանը Ազրպէյճան կոչուող մահմետական պետութիւնն է, ուր, ի դէպ, մահմետական տոմարին համաձայն՝ մօտաւորապէս 1400թ-ն է, իսկ քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ, Գրիգորեան օրացոյցին համաձայն, 2021թ-ն է (հայոց բուն տոմարով 4513թ-ն է՝ հաշուած Ք.Ա. 2492թ-ի Նաւասարդի 11-ի Հայկի յաղթանակէն), ասիկա ի հարկէ չի նշանակեր, որ Ազրպէյճանը 1400 տարուան պատմութիւն ունի, այլ կը խօսի այն մասին, որ իրենց ծագումը գրեթէ Նոյ նահապետին հասցնող ազրպէյճանցիները նախամահմեիական պատմութիւն ու տոմար չեն ունեցած, հետեւաբար, իբրեւ ազգ ու ժողովուրդ ալ կազմաւորուած չեն եղած. հակառակ պարագային՝ նախամահմետական շրջանին կամ գոնէ մահմետականութեան սկզբնաւորման շրջանին այս տարածաշրջանին մէջ «ազրպէյճանցի» տարրի գոյութեան մասին հաւաստող աղբիւրներ ու յուշարձաններ հաստատ պիտի ըլլային, ինչպէս՝ Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Աղուանքի պարագային:

Ազրպէյճան ու ազրպէյճանցի եզրոյթները քննարկուող երկրին արհեստականօրէն տրուած են՝ ընդգծելով այդ պետութեան նկրտումները Իրանական Ազրպէյճան նահանգի նկատմամբ, իսկ այսօր մեզի յայտնի ազրպէյճանցիները մինչեւ «ազրպէյճանցի» անուանումը ստանալը կը կոչուէին Կովկասի թաթարներ կամ Կովկասի թիւրքեր, եւ միայն 1936-ին Ստալինի հրամանով կոչուեցան ազրպէյճանցիներ, իսկ Ազրպէյճան կոչուող պետութիւնը, աշխարհի քաղաքական քարտէզին վրայ՝ մինչեւ 1918թ-ը գոյութիւն չունէր։

Այս տարածաշրջան եկած ազրպէյճանցիներու նախնիներուն տեղաբնակ քրիստոնեայ ժողովուրդները ցուցաբերած են իրենց ողորմածութիւնը՝ կիսուած իրենց ունեցածով, որ, ցաւօք, մոռցուած է։ Նոյն այդ քոչուոր ցեղախումբերը, ոտքը ամրացնելով սկսած են թրքացնել եւ ազրպէյճանացնել տարածաշրջանի ժողովուրդները, գողցած են անոնց մշակութային արժէքները, ժառանգութիւնը։

Քրիստոնեայ հայ ժողովուրդը բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէ անցած եւ հիմնած է պետականութիւն։ Ներկայիս հայ ժողովուրդը նոր պայքար սկսած է իսլամական երկիրներու՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ. ասիկա քաղաքակրթութիւններու պայքար է, եւ մեր յաղթանակը պիտի ըլլայ ողջ քրիստոնեայ աշխարհի յաղթանակը։

Մեր պատմութիւնը այս հողերուն վրայ սկսած է աշխարհի սկիզբէն մինչեւ մէկ թուականը, շարունակուած մինչ այսօր՝ 2021 թուականը եւ պիտի շարունակուի անսահման։

Եկուոր Ցեղախումբերը Չեն Կրնար Մեր Հողերուն Տէրը Ըլլալ

yerakouyn.com/2021/08/18/եկուոր-ցեղախումբերը-չեն-կրնար-մեր-հող/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail