Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հնամենի Գերեզմանատունը Թալանած Են (լուսանկարներ)

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հնամենի Գերեզմանատունը Թալանած Են – պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլ

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հնամենի Գերեզմանատունը Թալանած Են (լուսանկարներ)

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՄՇԱԿՈՅԹ:

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական հնամենի գերեզմանատան մէջ սարսափելի տեսարան է. կատարուած թալանէն ետք հողի մակերեսին յայտնուած են մարդոց գանգոսկրեր, ատամներ եւ այլ ոսկրակտորներ։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը հաղորդէ haber365.com.tr-ը

Աւելի քան 600 տարուան հնութիւն ունեցող հայկական գերեզմանատունը փաստօրէն յայտնուած է գանձագողերու թիրախին։ Գերեզմանագողութեան մասին առաջինը յայտնած է պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլը։ Ան լուսանկարած է վայրը եւ տեղեկացուցած քաղաքապետարանին: Այժմ կը կատարուի հետաքննութիւն՝ դէպքին հանգամանքները պարզելու համար։ Համապատասխան քննութեան ծիրէն ներս գերեզմանոցի ոսկորներէն վերցուած են նմուշներ։ Գերեզմանոցի տարածքը ժամանակաւորապէս փակուած է։

Ըստ պատմաբան Աքկիւլի՝ յիշեալ շրջանը 2-րդ կարգի պետական պահպանութեան տարածք է։ Ան ցաւ ու ափսոսանք յայտնած է, որ գանձագողերու կողմէն կ՝ոչնչացուին պատմութեան հետքերը։

«Ինծի կ՝անհանգստացնէ այս իրավիճակը: Այսպէս պէտք չէ աւերուեր: Խօսքը մարդու շիրիմի մասին է՝ անկախ անկէ, թէ ով է ան: Ասիկա շատ լուրջ բացօդեայ թանգարան է: Իշխանութիւններէն կը խնդրենք, որ այս վայրը անյապաղ առնուի լրջագոյն պաշտպանութեան տակ»:

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հնամենի Գերեզմանատունը Թալանած Են
պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլ
Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հնամենի Գերեզմանատունը Թալանած Են

yerakouyn.com/2021/08/18/թուրքիոյ-մէջ-հայկական-հնամենի-գերեզմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail