Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն… (4) – Յակոբ Չոլաքեան

Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն… (4) – Յակոբ Չոլաքեան

19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Յակոբ ՉոլաքեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Այո, մեր թղ­թա­յին մա­մու­լը, մա­նա­ւանդ գրա­կա­նը, մեծ ան­կում ապ­րե­ցաւ սա վեր­ջին երես­նամ­եա­կին, բայց ատի­կա եր­բեք չի նշա­նա­կեր, որ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը թա­ւագ­լոր նա­հան­ջի մէջ է: Չկայ այդ­պէս բան:

Ներ­կա­յիս հար­թա­կը փոխ­ուած է. հա­մա­ցան­ցա­յին հեռա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եկած են մեծ մա­սով գրա­ւե­լու թղ­թա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու տե­ղը եւ լաւ է, որ մեր նախ­կին թեր­թերն ու գրա­կան յա­ւել­ուած­նե­րը ու­նին իրենց ելեկտ­րո­նա­յին կայ­քե­րը եւ հա­սա­նե­լի են բո­լոր ըն­թեր­ցող­նե­րուն…: Աւե­լին, եթէ թղ­թա­յի­նի պա­րա­գա­յին մեր հրա­պա­րա­կէն կա­մաց-կա­մաց դուրս դր­ուե­ցաւ ան­կախ մա­մու­լը, եւ մենք եր­կար ատե­նէ ի վեր ազատ խօս­քի ու մտա­ծո­ղութ­եան հար­թակ­ներ չու­նէ­ինք որոշ գա­ղութ­նե­րու մէջ, հի­մա երե­ւոյ­թը բո­լո­րո­վին տար­բեր է. ազատ խօս­քի ելեկտ­րո­նա­յին մա­մուլ մը կայ եւ բա­ւա­կան շատ:

Ելեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լը խայ­տաբ­ղէտ պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէ, ոմանք ան­հա­տա­կան են, ոմանք խմ­բա­կա­յին: Ըստ բո­վան­դա­կու­թեան՝ ոմանք լրատ­ուա­կան են, ոմանք բազ­մա­բո­վան­դակ: Կ’ար­ժէ մէջ­բե­րել անոնց­մէ մէ­կուն (Տար­բե­րակ 21) ծրա­գի­րը. գր­ուած է.

1) Յա­ռաջ մղել հայ հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թիւնն ու լրագ­րու­թիւնը, կար­ծի­քի բազ­մա­զա­նու­թեան ապա­հով­ման եւ քն­նա­կան միտ­քի քա­ջա­լեր­ման յատ­կա­նիշ­նե­րով:

2) Դառ­նալ հայ կեան­քին եւ ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հին վե­րա­բե­րող տե­սա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խն­դիր­նե­րու քն­նարկ­ման եւ բա­նա­վէ­ճի մի­ջա­վայր՝ հե­ղի­նակ­նե­րու եւ ըն­թեր­ցող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

3) Նպաս­տել հա­յե­րէն գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան՝ մի­ա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր տեղ տա­լով այ­լա­լե­զու գրա­կան եր­կե­րու հա­յաց­ման:

4) Զարկ տալ հին թէ ժա­մա­նա­կա­կից հայ պատ­մու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին ու կր­թա­կան կեան­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան՝ մօ­տե­ցում­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թեան յատ­կա­նիշ­նե­րով:

Հա­ճե­լի է կար­դալ. կը սպա­սենք ակն­դէտ:

Կան զուտ գրա­կան հան­դէս­ներ, որոնք տեղ կու տան թէ՛ յայտ­նի եւ թէ սկս­նակ գրիչ­նե­րու: Ասոնք ալ քիչ չեն: Գլ­խա­ւոր խմ­բա­գիր Իշ­խան Չիֆթճ­եան Հա­յե­րէն blog հան­դէ­սի յայ­տա­րա­րա­գի­րին մէջ կը գրէ. «Հոն կան գրիչ­ներ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, տար­բեր տա­րի­քի ու տար­բեր հա­սու­նաց­ման մէջ գտ­նուող։ Հոն կան գի­րա­կանն ու գրա­կա­նը մի­ա­ժա­մա­նակ կողք կող­քի կամ իրա­րու յա­ջոր­դող: Հա­յե­րէն blogը հե­ռու կը մնայ հե­տեւ­եալ ու նման հեղգ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ՝ գրող չկայ, ըն­թեր­ցող չկայ, լե­զուն մե­ռած է, լե­զուն կը մեռ­նի, պա­տաս­խա­նա­տու չկայ, ղե­կա­վար չկայ, պէտք է լե­զուն պա­հել, զայն ապ­րիլ, ապ­րեց­նել եւ այլն»։

Ասի­կա լր­ջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր մըն է բո­լոր անոնց, որոնք կը կար­ծեն, թէ չկայ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւն: Վեր­ջա­ցաւ: Մա­մուլն ու գրա­կան հրա­պա­րա­կը հար­թակ է գրե­լու կիրք ու շնորհք ու­նե­ցող­նե­րուն հա­մար: Ոչ ոք գի­տէ, թէ այս կամ այն սկս­նա­կը ինչ­պի­սի նուա­ճում­ներ կ’ու­նե­նայ, ուր կը հաս­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր ճա­նա­պար­հին վրայ: Ճիշդ ձե­ւա­կերպ­ուած է. «գի­րա­կանն ու գրա­կա­նը»: Կա­րե­ւո­րը գի­րին տեղ տալն է, որ յե­տոյ գրա­կա­նը հա­սուն­նայ, տասն­եակ­նե­րուն մէ­ջէն թե­րեւս ոչ մէ­կը, հա­րիւր­եա­կի մէ­ջէն թե­րեւս մէ­կը միայն: Բայց այն­քան ատեն, որ լե­զուն կայ, գրե­լու վար­ժան­քը կայ, գրա­կա­նու­թիւնն ալ պի­տի գայ: Ըն­դու­նինք որ այդ շա­տե­րով պայ­մա­նա­ւոր­ուած է մէ­կը, իս­կա­կան գրո­ղի հա­սու­նա­ցու­մը:Ելեկտ­րո­նա­յին կայ­քե­րէ ու հան­դէս­նե­րէ ան­կախ՝ մեր օրե­րուն գրա­կան փոր­ձագ­րու­թեան հար­թակ կը դառ­նան նա­եւ անձ­նա­կան օգ­տա­գործ­ման ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը, մա­նա­ւանդ դի­մա­տետ­րը: Ու­րա­խու­թիւն է ին­ծի հա­մար տես­նել, որ սփիւռ­քա­հայ շատ ու շատ յայտ­նի անուն­ներ մշ­տա­կան ներ­կա­յու­թիւն­ներ են դի­մա­տետ­րի վրայ իրենց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով՝ պատմ­ուածք, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն (Սօ­սի Հաճ­եան, Վե­հա­նոյշ Թեք­եան, Յա­րու­թիւն Պէր­պէր­եան, Զա­րեհ Սափ­սըզ­եան, Մա­րուշ Երամ­եան, Արա Ճու­հար­եան, Երան Գու­յումճ­եան… ): Նկա­տե­լի է, որ ոմանք պէտք կը զգան իրենց հրա­տա­րակ­ուած ժո­ղո­վա­ծու­նե­րէն ալ նիւ­թեր իջեց­նել դի­մա­տետ­րի վրայ. եւ ատի­կա ալ ապա­ցոյց է, որ ելեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րը աւե­լի հա­սա­նե­լի են մար­դոց, քան տպա­գիր գոր­ծե­րը եւ թէ ըն­թեր­ցող­ներ կը փնտ­ռեն որոշ անուն­ներ:

Եւ աւե­լին՝ դի­մա­տետ­րի մի­ջո­ցով կը յայտն­ուին բո­լո­րո­վին նոր անուն­ներ ու շատ արագ՝ ըն­թեր­ցող­նե­րուն սի­րե­լի կը դառ­նան: Կա­րե­լի է թուել ար­դէն ծա­նօթ անուն­ներ, բայց ես հոս կը բա­ւա­րար­ուիմ Խա­ժակ Այն­թապլ­եա­նով, որուն հնա­րա­միտ երե­ւա­կա­յու­թիւնը, ու­ժեղ հիւ­մո­րը եւ հե­զա­սահ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը այն­քան հա­ճե­լի կը դարձ­նեն իր կի­րակ­նօր­եայ թո­ղար­կում­նե­րը:

Քա­նի կայ ու կ’ապ­րի լե­զուն, կ’ապ­րի գի­րը ու անոր կը հե­տե­ւի գրա­կա­նու­թիւնը:

Սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը կայ:

Կայ, բայց չկան նախ­կին աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նում­նե­րը՝ ամե­րի­կա­հայ, ֆրան­սա­հայ եւ այլն: Հայ գե­ղար­ուես­տա­կան խօս­քը ամէն տե­ղէ կը լս­ուի ու ամէն տեղ կը հաս­նի: Սա իս­կա­պէս սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւն է:

Culture – St. Hovhannes Church in Togh – Մշակոյթ – Տողի սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին – Culture – St. Église Hovhannes à Togh

yeerakouyn.com/2021/08/19/արեւմտահայերէն-սփիւռքահայ-գրականու-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail