
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Mossessian Architecture ճարտարապետական ընկերութիւնը, որ կը գլխաւորէ ֆրանսահայ յայտնի ճարտարապետ, Բրիտանական թագաւորական ճարտապետական ինստիտուտի անդամ Միշէլ Մոսէսեան, յաղթած է Սէուտեան Արաբիոյ Մեքքա քաղաքի գլխաւոր իսլամական թանգարանի ստեղծման միջազգային մրցոյթին: Այս մասին, ըստ news.am-ի, կը գրէ De Zeen-ը:
Թանգարանի կառուցման կը սպասէ ամբողջ իսլամական աշխարհը: Այն պէտք է վեր յառնի Մեքքայէն 7 քմ հեռաւորութեամբ եւ խորհրդանշէ իսլամութեան ծնունդը:
«Հաւատքի թանգարանը» 5.600 քմ տարածք կ’ընդգրկէ: Այն կ’ունենայ վիրթուալ մզկիթ, Audio- video սրահներ, 3D ցուցադրութիւններ, տանիքին` այգիներ:
Յատկանշական է, որ թանգարանի գլխաւոր շէնքի քարերը պիտի բերուին աշխարհի իսլամական բոլոր երկիրներէն:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





