Աժայիպ ԺԱՄԱՆԱԿի մասին… Մի օր պիտի գայ ու պիտի հասկնաս թէ կեանքը չէ՛, – Հարմանտայեան Ասպետ
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – Աժայիպներ…..:
Մի օր պիտի գայ ու պիտի հասկնաս թէ կեանքը չէ՛,
այլ որո՞ւն հետ է որ այդ կեանքը կ’ապրիս:
Ամենալաւ ու համեղ կենացը չէ՛,
այլ ո՞ր ընկերոջ հետ այդ խմեցիր:
Ամենաքաղցր գինին կամ սուրճը չէ,
այլ ո՞ր ընտանիքիդ անդամին հետ այն կիսեցիր:
Հիմնած ընկերութիւնդ կամ կազմակերպութիւնդ չէ՛,
այլ ո՞ր բարեկամներուդ հետ այն ստեղծեցիր ու մշակեցիր:
Պէտք է անպայման գիտակցիլ արժէքը այդ ԺԱՄԱՆԱԿին որ անհատ մը կը տրամադրէ, որովհետեւ այդ մէկը անվերադարձ է, գնահատելի է, թանկաքին է:
Եւ այս ամէնը հասկնալը, անշո՜ւշտ,
ԺԱՄԱՆԱԿի հարց է…
Հարմանտայեան Ասպետ