Տեմիրճեան. «Յոյսով Ենք` Դրական Լուրերով Կը Վերադառնան»

PARLAMENT ESSEMBLI
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառուած հակահայկական բանաձեւերու ընդունումը խափանելու դէմ լուրջ աշխատանքներ կը ծաւալին թէ՛ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամներուն, եւ թէ՛ Հայ դատի գրասենեակներուն, տարբեր երկիրներու մէջ հայ համայնքներուն եւ անհատներուն կողմէ», 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Յիշեցնենք, որ 25 յունուարին կը սկսի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, որուն օրակարգին վրայ ներառուած են երկու հակահայկական զեկուցումներ:

Պետօ Տեմիրճեան ըսաւ, որ այս պահուն գոհ են, որ ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակը կ՛աշխատին այս բանաձեւերուն հաստատումը բեկանելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ քուէարկութեան վերջին վայրկեանը, քանի որ բեկանումի կարելիութիւնները կախեալ են կատարուող աշխատանքէն:

«Յոյսով ենք եւ կը մաղթենք, որ գոնէ կարելի ըլլայ խափանել այս բանաձեւերուն ընդունումը, որուն համար նաեւ մենք` իբրեւ Հայ դատի գրասենեակ, կ՛աշխատինք: Կրնամ ըսել, թէ մենք ի՛նչ ըրած ենք այդ ուղղութեամբ: Հայ դատի գրասենեակը ստորագրահաւաք կազմակերպած է ԵԽԽՎ-ի այս երկու բանաձեւերուն դէմ, որոնց միացած է առայժմ շուրջ 5 հազար անհատ, որոնք ԵԽԽՎ-էն կը պահանջեն չքուէարկել այս բանաձեւերուն օգտին, մեր ներկայացուցչութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ այդ երկիրներու ԵԽԽՎ պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենան եւ կը բացատրեն, թէ այս երկու բանաձեւերը ի՛նչ կը ներկայացնեն, եւ ինչո՛ւ պէտք է «դէմ» քուէարկել: Տեղեակ եմ նաեւ, որ եւրոպական երկիրներու շարք մը հայ համայնքներուն մէջ եւս կազմակերպութիւններ եւ անհատներ քայլերու կը ձեռնարկեն եւ ԵԽԽՎ պատուիրակներուն կը տեղեկացնեն, կը բացատրեն, թէ բանաձեւերը ուրկէ՛ են, եւ ինչո՛ւ պէտք չէ «կողմ» քուէարկել անոնց», տեղեկացուց Պետօ Տեմիրճեան:

Այնուամենայնիւ, անոր կարծիքով` բանաձեւերու ընդունումը բեկանելու լծակներուն մասին դժուար է խօսիլ: Անոր որակումով, դժուար իրավիճակի մէջ ենք, քանի որ քիչ կը պատահի, որ յանձնախումբերու մէջ ընդունուած բանաձեւերը չեն ընդունուիր լիագումար նիստերու ընթացքին: «Յանձնախումբերու մէջ բանաձեւի ընդունումը արդէն կը նշանակէ, որ կան պատգամաւորներ, որոնք կողմ պիտի քուէարկեն: Մենք նաեւ նամակ ուղղած ենք բոլոր պատուիրակներուն եւ նշած ենք յատկապէս, թէ ո՛վ է Ռոպըրթ Ուոլթըրը, ի՛նչ կապեր ու ազրպէյճանամէտ կեցուածք ունի, որքա՛ն թրքամէտ կեցուածք ունի անոր կինը, Ուոլթերը ինչպէ՛ս Չաւուշօղլուէն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացած է, եւ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ գրուած են բանաձեւերը:

Այսօր շատ փաստեր կան ԵԽԽՎ-ի պատուիրակներու սեղաններուն վրայ դրուած: Յուսանք, որ պատուիրակները այլեւս ճիշդ կերպով կողմնորոշուին եւ քուէարկեն: Մեր պատուիրակութիւնը եւս պէտք է օգտագործէ իր ունեցած լծակները` իբրեւ խորհրդարան եւ պատուիրակութիւն, իր խողովակներով հանդիպի, խօսի, բացատրէ, ներկայացնէ իրավիճակին էութիւնը: Վստահ եմ, որ բոլոր միջոցներուն մասին անոնք տեղեակ են եւ կը կատարեն», ըսաւ Պետօ Տեմիրճեան` տեղեկացնելով, որ Հայ դատի Պրիւքսէլի գրասենեակը եւս երկու ներկայացուցիչ պիտի ունենայ ԵԽԽՎ-ի մէջ` քուէարկութեան օրը: «Յուսով ենք, որ անոնք մեզի համար դրական լուրերով կը վերադառնան ԵԽԽՎ-էն», ըսաւ Տեմիրճեան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail