Նամակ երկրէն – «Նամակ երկրէն»ը պիտի վերադառնայ շուտով – Րաֆֆի Տուտագլեան
26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
– ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ
Այսօր պատիւը ունեցանք հիւրընկալելու աշխարհահռչակ վիրաբուժ՝ ֆրանսահայ դոկտոր Արամ Ղազարեանը։ Ան ուսերու փոխպատվաստում կատարած առաջին վիրաբուժն է աշխարհի մէջ։ Անցեալ Յունուարին, միջազգային մամուլը անդրադարձած էր իր եւ իր գործընկերներու կատարած այս եզակի, նախընթացը չունեցող փոխպատուաստումին ((transplant):
Աւելին, Արամ Ղազարեան աւելի քան 30 անգամ եկած է Հայաստան, վերջին 6 անգամը՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ ատկէ ետք, եւ իր հետ բերած է ֆրանսացի բժիշկներ եւ վիրահատողներ։ Նպատակը՝ բուժել ծանր վիրաւորում ստացած զինուորները։
Երեկ նաեւ հիւրընկալեցի Ամերիկայէն իրենց ընտանիքներով Հայաստան նոր տեղափոխուած երկու բժիշկներու՝ մանկական վիրաբուժ Շանթ Շխըրտմեանն ու աղիքային քաղցկեղի վիրաբուժ Արմէն Աբուլեանը։ Երկուքն ալ տարիներ շարունակ լուռ ու մունջ ծառայած են հայրենիքին ու եկած հայրենիք՝ իրենց մասնագիտութեամբ շարունակելու բժշկական աշխատանքը։ Պիտի աշխատին հայաստանեան հիւանդանոցներու եւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ։
Անցեալ շաբաթ օր, հարսանիքի մը ընթացքին նոյն սեղանին վրայ գտնուեցայ անգլիահայ դեղագործ Պետո Եղիայեանի հետ, որ Հայաստանի մէջ Ֆարմաթեք դեղագործական հիմնարկի եւ Վիգմոր դարմանատան համահիմնադիրն է։
Այս մարդիկը մասնագէտներ են, որոնք կը փոխեն մեր կեանքը, մեր հայրենիքը, հայաշխարհը ընդհանրապէս։
Այս հայորդիները իրենց մասնագիտական աշխատանքին զուգահեռ՝ կ՚ապրին Հայաստանով, կը յուզուին ու կ՚ուրախանան հայրենիքի առօրեայով, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը կը կիսեն հայրենիքի զաւակներուն հետ։ Առանց սին պարծանքներու, առանց աղմուկ աղաղակի, առանց սեթեւեթանքի։ Անոնք հեռու են ծեքծեքումներէ եւ մեծամտութենէ։
Չգրել այս մարդոց մասին, անոնց հայրենանուէր աշխատանքի մասին՝ անկարելի է պարզապէս։
Չխօսիլ Հայաստանի մէջ իրենց ապրածին, տեսածին, լսածին, ուրախացածին ու տխրածին մասին՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պատմութիւնը անտեսել ու թաղել կը նշանակէ։
Պէտք է պատմել, կիսուիլ, բաժնել։ Միասնաբար հպարտանալ, յուզուիլ, տխրիլ, ուրախանալ, անկեղծանալ։
«Նամակ երկրէն»ը պիտի վերադառնայ շուտով։