Բռնի Ուժի «Տեսութիւն»-ը. «Հայրենիք» – մանաւանդ ըմբռնելու՝ որ կա՛յ պատրուողականութենէ եւ միակողմանի զիչումէ այլ ուղի
28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարան – կամ ծառաստանի խորհրդարան:
Հաւանաբար նոյնինքն Ֆրէօտն ալ բռունցքի հարուած մը ստանար, եթէ պատահմամբ ներկայ եղած ըլլար Հայաստանի Ազգային Ժողովի վերջին օրերու նիստերուն։ Ան իր մասնագիտական հմտութեամբ ու հնարամտութեամբ իսկ պիտի չկարենար պաղարեամբ, խոր եւ իմաստուն խօսքերով հանդարտեցնել կիրքերը։
Ֆրէօտի վերոյիշեալ խորիմաստ հաստատումը լիովին կը պատշաճի Հայաստանի յետ-Յունիս 20-եան Ազգային Ժողովի մթնոլորտին։
Ընդդիմութիւն մը՝ կառավարութեան մը (եթէ անշուշտ կայ եւ գոյութիւն ունի), կամ պետութեան մը անբաժանելի մասնիկն է։ Առանց մանրամասն քննարկումներու, թեր ու դէմ կարծիքներու եւ վիճաբականութեան (երանի՜ թէ առիթ չստեղծուէր որոշ սահմաններ անցնելու) կարելի չէ հարց մը լաւապէս քննել, ուսումնասիրել, խորաթափանց կերպով պեղել եւ հասնիլ պատշաճ լուծումներու։
Աւելի՛ն. կարելի չէ վատ քայլերը քողարկել ու խուսափիլ իրենց անունով կոչելէ զանոնք, որքան ալ որ այդ արարքը գործողին անհաճոյ թուի պարզ ճշմարտութիւնը: Եւ հոս է, որ երկրի մը ընդդիմադիր ճակատը յաճախ դրօշակիրի դեր կը խաղայ, նոր աւիշ ներարկելով յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներուն:
Վայրկեան մը բաղդատական մը կատարենք մէկ կողմէ՝ վարչապետ Փաշինեանի ներկայացուցած՝ յառաջիկայ հինգ տարիներու կառավարական ծրագիրն, ու միւս կողմէ՝ Յունիս 20-ի ընտրութիւններէն առաջ իսկ «Հայաստան» Դաշինքի պատրաստած ամբողջական եւ վիթխարի ծրագիրին միջեւ՝ իր 178 առաջադրանք-կէտերով եւ 16 ենթագլուխներով։ Կրկնելու գնով եւ յիշեցմնան կարգով արձանագրենք, որ հոն, առաջնահերթութիւն էին Արցախի կնճռոտ հարցը, գերիներու վերադարձը, զոհուածներու եւ անհետ կորածներու թղթածրարները, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու, անտուն ընտանիքներու զօրակցութիւնը, վերականգնման աշխատանքներ եւ նիւթաբարոյական աջակցութիւն, կրթական բնագաւառ եւ դեռ ․․․ եւ դեռ…։
Ազգային Ժողովի մեծամասնականները, փոխանակ գործի անցնելու եւ, օգտուելով արդէն իսկ մանրամասնօրէն պատրաստուած ծրագիրէն, զայն կիրարկման դիմելու՝ գացած են այլընտրանքի, պարզապէս հակադրուելու եւ հակադարձելու մանկունակ տրամաբանութեամբ։
Ինչ որ կարելի է տեսնել ու հետեւցնել կառավարութեան պատրաստած ծրագիրէն, անիկա առաւելաբար կիսատ-պռատ ու ամփոփ մտածումներ են, որոնց մեծ մասը բաղձանք է ու ցանկալի երազ, սակայն խորքին մէջ ա՛յնքան աղիտալի է, որքան 44 օրերու պատերազմին պատահածը։ Նոյնքա՜ն տժգոյն, որքան Նոյեմբեր 9-ի «ինկած» կամ յանձնուած Շուշին։
Անկախ իրականութիւններու հետ աղերս չունեցող ծրագիրներէն, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչներուն համար ամէն բան յստակ է։ Ոչ մէկ լայնախոհութիւն կամ հարցադրում, գէթ քննելու համար իրենց պոսին առաջարկներն ու հաստատումները։
Պատկերը կը յիշեցնէ վերածնունդի շրջանի հոլանտացի գեղանկարիչ Փիթըր Պրիւկըլի հռչակաւոր «Կոյրերու Առակը» գործը (որ նաեւ կը կոչուի «Կոյրը կ՛առաջնորդէ կոյրը»): Նկարին մէջ, քանի մը կոյր կը հետեւին կոյր առաջնորդի մը, որ արդէն իսկ փոսի մը մէջ ինկած է։ Յստակ է հետեւորդներուն ճակատագիրը։
Դժբախտաբար, քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ մտային կոյրի մը կուրօրէն հետեւող հլու կամակատարներ՝ «պայմանագրուած քաղաքացիներ» գրաւած են Ազգային Ժողովի աթոռներուն մեծ մասը եւ այդպէս ալ կը շարունակեն մրցումը, նոր փոսեր որոնելով…։
․․․Մրցո՞ւմ. ո՛չ ճատրակի, ո՛չ ալ քայլարշաւի. նախընտրութիւը կ’երթայ ըմբշամարտի, կռփամարտի, բռնցքամարտի, վաղը կրնայ հասնիլ նաեւ․․․յունահռոմէական կամ պարթեւամարական գօտեմարտերու։
Մէկ բան յստակ է. շատ հեռու ենք Ողիմպիական խաղերու ոլորտէն։ Դասակարգային բաժանումներն ալ չեն յարգուիր, յատկապէս երբ հուժկու «ծանր կշիռ»-ի զինուորականներ, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել Ազգային Ժողովի ներկայացուցիչներու թիւը, յանկարծ ժողովատեղին «ռինկ»-ի վերածելով՝ սրահ մուտք կը գործեն, իրենց ուժն ու սաստը պարտադրելով «թիթեռնիկ» կշիռի եւ դեռ աւելին, տարբեր սեռի պատկանող ընդդիմադիր պատգամաւորուհիին …
Պարտաւոր ենք լրջանալու եւ կրկնելու. Ազգային ժողովի սրահը կրկէս չէ, այլ իշխանաւորը պէտք է պատրաստ ըլլայ ինքզինք տեսնելու, իր վնասարար քայլերուն հետեւանքները դիտելու ընդդիմադիրներուն կանգնեցուցած հայելիին մէջ, մանաւանդ ըմբռնելու՝ որ կա՛յ պատրուողականութենէ եւ միակողմանի զիչումէ այլ ուղի. միայն այդ ուղիին յարելով է որ կրնայ ունենալ ընդդիմադիրներուն, նաեւ ամբողջ ժողովուրդին գործակցութիւնը:
Խօսքն ու գործը տեղ մը պէտք է սկսին իրարու համապատասխան ըլլալ ի վերջոյ: Այլապէս, պիտի իրականանայ մտահոգ նախանձախնդիրներու այն նախատեսութիւնը, որ այս խորհրդարանը փուլ պիտի գայ կարծուածէն շատ աւելի արագ:
Մինչ այդ, այս ԲՌՆԻ ՈՒԺին ականատես կ՛ըլլայ հեռուէն դիտողը, անշուշտ ո՛չ անդենական մեկնած Ֆրէօտը, ո՛չ ալ Պրիւկըլի վրձնահարած կոյրերը․․․:
yerakouyn.com/2021/08/27/բռնի-ուժի-տեսութիւն-ը-հայրենիք/