Եոզկաթ Հաստատուած Գաղթական Ուսուցիչը Հայերէն Լեզուի Գիրքեր Կը Խնդրէ

yozgat-arm
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան յատուկ արարողութիւն` մասնաւորապէս Եոզկաթ հաստատուած հայերու ներկայութեամբ: Այս մասին ՝ ըստ «Արեւելք»-ին՝ կը տեղեկացնէ  «Ժամանակ»-ի խմբագիր Արա Գոչունեան:

Գոչունեան նաեւ յայտնած, որ արարողութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ ըրած է Պոլսոյ Պատրիարքարանը: Եոզկաթ, Ամասիա եւ Կէսարիա հասած հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցած է արարողութեան, որմէ ետք հայորդիները եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ առիթ ունեցած են միասնաբար հացկերոյթ մը ընել:

«Ժամանակ»-ի խմբագիրը հաղորդած է նաեւ, որ գաղթական հայորդիներուն մէջ եղած է այդ շրջանը հասած կրթական մշակ մը, որ մօտենալով թերթի աշխատակից Արի Թաշին, վերջինէս խնդրած է իրեն տրամադրել հայերէն լեզուի այբբենարաններ՝ իր հովանաւորութեան տակ եղող երեխաներուն մայրենի լեզու ջամբելու համար:

Յիշեցնենք, որ Եոզկաթ հաստատուած են շուրջ 70 հայորդիներ, որոնց մէջ կան Իրաքի Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէ Թուրքիա ապաստանած հայորդիներ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail