ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ – ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ՝ ԱՂԱՆԴԸ ԱՂԱՆԴ Է

ՄՇԱԿՈՅԹ – Հասան- Ջալալյանների զինանշանը (Վանք գյուղ, Գանձասար, XIII դ.)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ – ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ՝ ԱՂԱՆԴԸ ԱՂԱՆԴ Է

Յ1 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԹԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ՝ ԱՂԱՆԴԸ ԱՂԱՆԴ Է

Ուրեմն, պատմեմ մտիկ ըրէք. կարճի պիտի կապեմ։

1978ի Նոյեմբերի կէսերուն աշխարհը (կամ անոր գրեթէ կէսը) ցնցուեցաւ Կուիյանայի մէջ (Հար. Ամերիկայի մէջ այդ օրերուն բրիտանական գաղութ մը) տեղի ունեցած դէպքով մը։ Աղանդի մը հետեւորդներ, իրենց առաջնորդ Ճիմ Ճոնզի գլխաւորութեամբ, անձնասպան եղան։ Աւելի քան 900 հոգի։

Ճիմ Ճոնզը, կարճի կապելով, հոգեւորական ու միաժամանակ հանրային գործիչ մըն էր. ամերիկացի։ Վերջը հիմնեց իր «սեփական» աղանդը, Ժողովուրդներու տաճար անունով, ու իր հետեւորդներուն ինքզինք կը ներկայացնէր իբրեւ Յիսուսի, Պուտտայի ու Աստուծով վերյայտնումը (reincarnation). մարդիկ ալ եղան, որոնք էշ-էշ կը հաւատային իրեն։

Ուրեմն այս նոյն Ճիմ Ճոնզը հաւաքեց իր աղանդակիցները, ըսաւ ձեզի աւելի լաւ կեանք մը պիտի պարգեւեմ ու միասին պիտի ապրինք Կուիյանայի մէջ։ Գացողը գնաց։ Ոմանք ալ՝ ակամայ։

Շուտով սկսան փիս հոտեր ելլել (Իրան ծնած ընկերներս պիտի ըսէին՝ «գեանտը դուրս եկաւ»)։ Ոմանց ազգականները Պետական բաժանմունքին մօտ բողոքեցին եւ քոնկրէսական մը՝ Լէո Ռայըն անունով, իր օգնականներով (որոնց կարգին ներկայ քոնկրէսական Ճեքի Սփիըրը) ու խումբ մը ամերիկացի լրագրողներով, ուղեւորուեցաւ Կուիյանա, փաստահաւաք առաքելութեամբ։

Հոն ալ, այս անգամ փաստահաւաք խումբն էր որ կենաց-մահու կացութեան մատնուեցաւ։ Որոշեցին անմիջապէս վերադառնալ. զիրենք հալածեցին Ճոնզին մարդիկը։ Քոնկրէսականը եւ քանի մը ուրիշներ սպաննեցան…

Քանի մը ժամ վերջ, Ճիմ Ճոնզ հաւաքեց իր աղանդակիցները եւ անոնց խոստացաւ, որ աւելի լաւ տեղ մը պիտի փոխադրուին եթէ խմեն Flavor Aid հիւթը (այդ օրերուն հանրայայտ), յատուկ պատրաստուած իրենց համար։ Հիւթը թոյնով խառնուած էր։

Մարդիկ շարքի կանգնեցան հարիւրներով, մեծ ու պզտիկ, խմեցին ու դիտապաստ ինկան, որովհետեւ կը հաւատային իրենց աղանդապետին խոստումին՝ «աւելի լաւ» տեղ մը փոխադրուելու։
Այդ թուականէն 40-50 տարի առաջ ալ, ուրիշ մէկը, այս անգամ քաղաքական աղանդաւոր մը, Ատոլֆ անունով, իր ժողովուրդին խոստացաւ համաշխարհային տիրապետութիւն՝ առնուազն 1000 տարուան համար։ Վերջը տեսանք ինչ եղաւ, 9 Մայիս 1945ին։

Քանի մը ամիս առաջ ալ, Հայաստանի Գեղարքունիք մարզին մէջ, մարդիկ ոչխար մորթեցին նման աղանդապետի մը ոտքերուն՝ «մեր փրկիչն ես» ըսելով, հակառակ անոր որ, արդէն իսկ տեսեր էին հետեւանքները 44 օրեայ պատերազմին։

Գերմանացիները աղանդապետը առաջնորդ ընտրեցին 1933ին, տեսանք ինչ եղաւ։ Սակայն ամերիկացի ժողովուրդին նոյնիսկ 0.0001 տոկոսին նոյնիսկ մտքէն չանցաւ Ճոմ Ճոնզը նախագահ ընտրել, այլապէս դժուար չէր գուշակել թէ վերջը ինչ կրնար ըլլալ։

Այնպէս որ, աղանդապետերը վտանգաւոր մարդիկ են։ Իսկ աղանդաւորականներուն պէտք չէ փորձել տարհամոզել. անիմաստ է, ուժի վատնում է։ Զանոնք միայն պէտք է նուաստացնել, ծաղրել, լուսանցքայնացնել։

Այլապէս… Ի՞նչ այլապէս, արդէն իսկ «գեանտը դուրս ելած է»…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail