Միացեալ Նահանգները Եւ Եւրոպական Միութիւնը Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարեցին

iran-yevroba
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած են Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները վերցնելու մասին:

Որոշումը յայտարարուած է 16 յունուարի ուշ երեկոյեան` Վիեննայի մէջ:

Քերրին եւ Մոկերինին ելոյթ ունեցած են, երբ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանօ հանդէս եկած էր անցեալ տարուան յուլիսին Իրանի կողմէ Հիւլէական համաձայնագիրի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման մասին զեկուցումով:

Ամանօ հաստատած է, որ Թեհրանի գործողութիւնները կը թոյլատրեն պատժամիջոցները չեղեալ նկատել: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «տեսուչները հաստատած են, որ Իրանը կեանքի  կոչած է համաձայնագիրի կէտերը»:

Նշենք, թէ Իրանի եւ վեց գերպետութիւններու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ պատմական համաձայնագիրը ստորագրուած է 14 յուլիս 2015-ին` Վիեննայի մէջ:
Ըստ համաձայնագիրի, Իրան պարտաւորուած է չստեղծել հիւլէական զէնք եւ հիւլէական արտադրութիւնները օգտագործել բացառապէս խաղաղ նպատակներով:

Հասան Ռուհանին Հիւլէական Գործարքը Նկատած Է Ոսկիէ Էջ` Իրանի Պատմութեան Մէջ iran-hasan rouhani
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին Արեւմուտքի հետ հիւլէական գործարքի կնքումը նկատած է «Իրանի պատմութեան մէջ ոսկիէ էջ»: Այս մասին ան յայտարարած է երկրի պետական պատկերասփիւռի կայանէն:
Իրանի նախագահին խօսքով` գործարքը երկրի տնտեսութեան զարգացման համար «շրջադարձային կէտ» պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ  Իրանի դէմ պատժամիջոցները  այլեւս անցեալ են:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail