ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ – Արեւմտահայերէնի Նահանջը. Մեր Խօսակցական Լեզուէն Մաքրելով Օտար Բառերը` Պահպանենք Մեր Արեւմտահայերէնը

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ – Պահպանենք Մայրենի Լեզուն

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ – Արեւմտահայերէնի Նահանջը. Մեր Խօսակցական Լեզուէն Մաքրելով Օտար Բառերը` Պահպանենք Մեր Արեւմտահայերէնը

Օ3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – Պահպանենք Մայրենի Լեզուն:

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Սփիւռքահայութեան մօտ, ի մասնաւորի` արեւմտեան երկիրներու մէջ, ո՛չ միայն տեղական եւ օտար լեզուներէ բառեր կը խառնենք մեր խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ, այլ նաեւ կ՛ընթանանք դէպի լեզուափոխութիւն:

Գաղտնիք մը մէջտեղ հանած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի նահանջի եւ նախամահաքունի շրջան մը:

Անշուշտ պատճառները բազմակողմանի եւ բազմատեսակ են ու` բոլորիս ալ ծանօթ:

Հայ լեզուին կենսանիւթն ու սնուցիչն է հայ հոգին ու հայ ինքնութիւնը: Առանց այդ կենսանիւթին` հայ հոգին կրնայ դիւրութեամբ տկարանալ ու ապա անհետանալ, անշուշտ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Փիթըր Պալաքեանի եւ ուրիշներու նման ոչ հայախօս հայերուն բացառութիւնները յարգելի են: Անոնք գիտակից ու պատուական հայեր են, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը պահպանած են:

Գաղտնիք մը չէ, որ վերջին տարիներուն սփիւռքահայ կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի նահանջի ահազանգեր կը հնչեն: Այս պատճառով ալ նահանջի կանխարգիլման ու արեւմտահայերէնի պահպանման համար նախանձախնդրութեամբ կը մշակուին զանազան ծրագիրներ:

Ըստ իս, եթէ կ՛ուզենք արեւմտահայերէնը ապրեցնել եւ այս հարցը լուծել, իւրաքանչիւրս ունի պարտաւորութիւններ ու կատարելիք պարտականութիւններ: Այս սպառնալիքին դէմ միասնաբար պայքարիլը անհրաժեշտութիւն մըն է: Շուտով պէտք է գործի լծուիլ:

Նախ պէտք է գործի սկսիլ մեր առօրեայ հայերէնի խօսակցական լեզուէն` այնտեղ սպրդած օտար բառերը մաքրելով: Օրինակ, մեր առօրեայ խօսակցական լեզուին փակած «Մերսի» բառէն բաժնուելով` փորձենք «Շնորհակալութիւն» եւ կամ «Շնորհակալ եմ» բառերը գործածել:

Փոխանակ «Քուզեն» եւ կամ «Քուզին» բառը գործածելու` օգտագործենք «Զարմիկ» եւ կամ «Զարմուհի» բառերը:

Չօգտագործենք «Օքէյ» բառը: Անոր փոխարէն` փորձենք «Լաւ», «Եղաւ» եւ կամ «Հասկցայ» բառերը գործածել:

Փոխանակ «Պրաւօ» ըսելու, ըսենք «Ապրիս», «Ապրիք» եւ կամ «Շատ ապրիք» բառերը:

Բոլորս ալ որդեգրեցինք «Պայ-պայ» բառը` հրաժեշտ տալու կամ առնելու պահուն: Փորձենք հսկել մեր լեզուին ու օգտագործենք «Մնաք բարով», «Երթաս բարով» եւ կամ «Ցտեսութիւն» բառերը:

Փորձենք մոռնալ «Թանթիկ» բառը: Այս օտար բառին փոխարէն` գործածենք «Մօրաքոյր» եւ «Հօրաքոյր» բառերը: Նոյնպէս փոխանակ «Անքըլ» բառի, յիշենք «Մօրեղբայր»-ն ու «Հօրեղբայր»-ը, «Պապ»-ի փոխարէն «Հայրիկ»-ը եւ այլն…

Այս օրինակները բազմացնել կարելի է:

Դժբախտաբար այսօր սփիւռքահայ կեանքի մէջ, մեր առօրեայ խօսակցական լեզուն այլասերում կ՛ապրի, որովհետեւ մենք մեր մայրենին կը խօսինք այլ լեզուներու բառամթերքով միասին. հետեւաբար, եթէ կ՛ուզենք մեր արեւմտահայերէնը վառ պահել, պահպանել եւ այս հարուստ ժառանգութիւնը չկորսնցնել, նախ փորձելու ենք արեւմտահայերէնը մաքուր պահել ու մեր առօրեայ կեանքի խօսակցութիւններուն մէջ չօգտագործել օտար բառեր:

Որպէսզի կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնի նահանջի եւ կորսուելու վաղահաս վտանգի առաջքը առնել, զարկ պէտք է տալ հայկական դպրոցներու զարգացման եւ յատկապէս արեւմտահայերէն ուսուցանող ուսուցիչներու պատրաստման աշխատանքին:

www.aztagdaily.com/archives/521188

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail