
«Միացեալ Նահանգներ Կը Խրախուսեն Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Օր Առաջ Բովանդակային Բանակցութիւններու Վերսկսումը» Կ՛ըսէ Պլինքըն
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները երկարամեայ յանձնառութիւն ունին աջակցելու Հայաստանի ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, եւ մենք կ՛ակնկալենք համագործակցութիւն ձեզի հետ` ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմանի յաւելեալ կապերու ձեւաւորման համար»:
Ան նշած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` կը վերահաստատեն յանձնառութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական քաղաքական լուծման աջակցելու նպատակով: «Կը խրախուսենք Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ օր առաջ բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսումը», ըսած է ան:
Պլինքըն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործընկերն են օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման գործին մէջ, ինչ որ պէտք է իրականացուի մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան զուգահեռ:
«Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան խումբը պատրաստ է աջակցելու ձեզի եւ ձեր կառավարութեան` մեր երկու երկիրներուն միջեւ ամուր կապերու պահպանման գործին մէջ: Միասնաբար կրնանք յառաջ մղել Հայաստանի գերիշխան, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայի մեր միասնական շահերը», ըսած է Պլինքըն:
www.aztagdaily.com/archives/521541





