«Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օժանդակել` Բազմաթիւ Մարդկային Կորուստներու Յանգեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հետեւանքները Յաղթահարելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օժանդակել` Բազմաթիւ Մարդկային Կորուստներու Յանգեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հետեւանքները Յաղթահարելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ նշանակուելու առիթով:

Լը Տրիան իր նամակին մէջ նշած է. «Ձեր Երկիրը վերջին ամիսներուն բախած է անվտանգային, տնտեսական եւ առողջապահական շարք մը փորձութիւններու: Կ՛ուզեմ վերահաստատել Ֆրանսայի լիակատար աջակցութիւնը դժուարին այս փուլը անցնող հայ ժողովուրդին:

«Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին պատմական եւ մշակութային խոր առնչութիւններու վրայ հիմնուած եւ յագեցած օրակարգ ունեցող առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ: Հայ-ֆրանսական քաղաքական երկխօսութեան որակը մեզ կը պարտաւորեցնէ առաւել խորացնել մեր տնտեսական համագործակցութիւնը` ի նպաստ, մասնաւորաբար, Հայաստանի տնտեսութեան ապաշրջափակման եւ բազմազանեցման:

«Ֆրանսան պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանին` բազմաթիւ մարդկային կորուստներու յանգեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հետեւանքները յաղթահարելու գործին մէջ, եւ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` հետեւողական պիտի մնայ հիմնախնդիրի տեւական տագնապի ուղիներու որոնումներուն մէջ:

«Եթէ վերջին ամիսներու միջադէպերը կ՛ընդգծեն ձեր երկրի սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը, ապա կ՛ուզենք, որպէսզի պատերազմական գերիներու եւ ականապատ գօտիներու քարտէսներու վերջին փոխանակումներով յառաջ եկած դրական ընթացքը նպաստէ կողմերու միջեւ վստահութեան վերականգնման:

Ֆրանսան Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ հանդէս կու գայ իբրեւ խաղաղութեան դերակատար եւ Հայաստանի կողքին այդքան անհրաժեշտ եւ սպասուած խաղաղութեան հասնելու համար»:

www.aztagdaily.com/archives/521528

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail