
«Տրամաբանական Պիտի Ըլլայ, Որ Հայաստան Եւ Թուրքիա Ձեռնամուխ Ըլլան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման». Լաւրով
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն ետք տրամաբանական պիտի ըլլայ, որ Երեւան եւ Անկարա դարձեալ փորձեն բարելաւել երկկողմ յարաբերութիւնները:
«Այժմ, երբ պատերազմը աւարտած է հոն, դրուած են քաղաքական գործընթացի, փոխադրութեան եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման հիմքերը, ըստ իս, շատ տրամաբանական պիտի ըլլայ, որ մեր թուրք եւ հայ գործընկերները վերսկսին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: Մենք պատրաստ ենք ամէնէն աշխոյժ կերպով օժանդակելու անոր», յայտարարեց ան:
Յիշեցնենք, որ ախօրէին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանական ջանքերուն աջակցելու`Մոսկուայի պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

asbarez.am/տրամաբանական-պիտի-ըլլայ-որ-հայաստան/





