Սուրիան Կտրուկ Կերպով Կը Հերքէ Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Եւ Բանակցութեան Գոյութիւնը

Սուրիան Կտրուկ Կերպով Կը Հերքէ Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Եւ Բանակցութեան Գոյութիւնը

08 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Սուրիան կտրուկ կերպով հերքեց Թուրքիոյ հետ որեւէ, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ հաղորդակցութեան եւ բանակցութեան գոյութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը, երէկ մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Սուրիոյ հետ անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերով ուղղակի բանակցութիւններու գոյութեան մասին յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Սուրիոյ արաբական հանրապետութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքէ թրքական վարչակարգին հետ մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ որեւէ հաղորդակցութեան եւ բանակցութեան գոյութիւնը»:

Աղբիւրը նշեց, որ բոլորին այլեւս յայտնի է, թէ Անգարայի մէջ իշխող վարչակարգը ահաբեկչութեան գլխաւոր աջակիցն է եւ Թուրքիան վերածած է ծայրայեղականութեան ու շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան ու կայունութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ:

Չաւուշօղլու յայտարարած էր. «Անգարան Դամասկոսի հետ անվտանգութեան հարցերու շուրջ հաղորդակցութեան մէջ է»:

Ան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուցած էր. «Դամասկոսի հետ քաղաքական ուղղակի բանակցութիւններ չկան, այլ` անվտանգութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող բանակցութիւններ»:

5 սեպտեմբերին թրքական «Թիւրքիէ Կազեթեսի» օրաթերթը, մէջբերելով թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի նախկին տնօրէն Իսմայիլ Հաքքի Փաքինը հաղորդած էր, որ ՄԻԹ-ի տնօրէն Հաքան Ֆիտան Պաղտատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Ալի Մամլուքի հետ: Սուրիական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հերքած էր այդ լուրը:

Ըստ թրքական օրաթերթին, երկու կողմերը պիտի քննարկեն շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերու թղթածրարը եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման կարելիութիւնը:

aztagdaily.com/archives/521834

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail