Արաբական Լիկան Կոշտ Յայտարարութիւն Կատարած Է Թուրքիոյ Դէմ
13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Թուրքիան շաբաթ օր մերժած է Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու ուրբաթ օր կատարած յայտարարութիւնները, ուր Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուէր դադրեցնելու «Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ սադրանքները»: Այս մասին կը հաղորդէ «Երեւան Թայմզ»¬ը` յղում կատարելով «ՍԼԻՄ նիուզ»-ին:
Հինգշաբթի օր արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները դատապարտած էին Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Անգարայի վերջին ռազմական միջամտութիւնները: Ըստ Արաբական լիկային, Թուրքիան «կը սպառնայ» շրջանի անվտանգութեան:
Արաբ նախարարները դատապարտած են «Թուրքիոյ միջամտութիւնը Լիպիոյ մէջ», ինչպէս նաեւ «Թուրքիոյ յարձակումը Սուրիոյ տարածքին մէջ»` պնդելով, որ անոնք «ակնյայտօրէն կը խախտեն» ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքները եւ Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը:
Արաբական Լիկայի նախարարները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են վերջ տալու այդ միջամտութիւններուն եւ որդեգրած շարք մը բանաձեւեր: Անգարան անմիջապէս արձագանգած է երկրի կառավարութեան մամլոյ հաղորդագրութեամբ, ուր ամբողջութեամբ մերժած է «Թուրքիոյ դէմ որդեգրուած անհիմն բանաձեւերը»:
«Արաբական լիկայի որոշ անդամներու կողմէ իրենց ախորժակներն ու օրակարգերը քողարկելու համար Թուրքիոյ ներկայացուող կարծրատիպային մեղադրանքները ոչ մէկ կապ ունին բարեկամ եւ եղբայր արաբ ժողովուրդներուն հետ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/522397