Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կասպից Ծովուն Մէջ Թրքական Զինուորական Ներկայութիւնը Անօրինական Է»

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կասպից Ծովուն Մէջ Թրքական Զինուորական Ներկայութիւնը Անօրինական Է»

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Կասպից ծովուն մէջ թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերուն` յիշեցնելով ոչ կասպիական պետութիւններու զօրքերու ներկայութեան մասին հռչակագիրի արգելքին մասին:

Պատասխանելով ռազմափորձերուն մասին լրագրողներու հարցումին` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, որ «Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի մասին» հռչակագիրը ատոր յստակ պատասխան կու տայ:

Կասպեան աւազանի բոլոր հինգ երկիրները` Ռուսիան, Իրանը, Ազրպէյճանը, Ղազախստանն ու Թուրքմենիստանը համաձայնած են, որ այլ պետութիւններու զինուորական ներկայութիւնը անօրինական է: Անոր համաձայն, հարցը կը քննարկուի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Յայտնենք, որ սեպտեմբերի սկիզբը Պաքուն եւ Անգարան Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձեր կատարած են յարձակման եւ պաշտպանութեան գծով:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

www.aztagdaily.com/archives/522524

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail