Հայկական լեգէոն – Ի Յիշատակ` Արարայի Ճակատամարտի Անմահ Զոհերուն – ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ

Հայկական լեգէոն – Արարայի վիրաւորներէն մաս մը Փոր Սայիտի ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ

Հայկական լեգէոն – Ի Յիշատակ` Արարայի Ճակատամարտի Անմահ Զոհերուն – ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ

18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Հայկական լեգէոն – Արարայի Ճակատամարտ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ

Սեպտեմբեր 18-ի երեկոյեան ժամը եօթին զինուորական փողը կը հնչէ. վայրկենական տղաքը` բոլորն ալ, կազմ ու պատրաստ էին կարգի ու բարեւի վիճակի մէջ: Հեռուէն կ՛երեւի տեղակալ Շիշմանեանը:

Տեղակալ Շիշմանեան կը բարեւէ ու իր խօսքը կ՛ուղղէ տղոց. «Տղա՛ք, գիտէք` վաղը առտու մեր հարսանիքի օրն է, այն օրը, որուն բոլորս կը սպասենք: Ամէն զինուոր կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ առաւօտեան ժամը չորսին: Այս ժամը վրէժխնդրութեան եւ արդար հատուցման վսեմ ժամն է: Հայրենիքի ազատութեան համար է, որ պիտի մղենք նուիրական պատերազմը: Ատիկա միակ ծառայութիւնն է, որ մենք պիտի կատարենք հանդէպ մեր դժբախտ ազգին ու զայն երջանկացնենք մեր արեան գնով: Չեմ գիտեր, թէ վաղուան վարագոյրը ե՛րբ կ՛իջնէ, մեզմէ քանին պիտի իյնան ճակատամարտին մէջ, սակայն վստահ եմ, որ հայուն հպարտ ճակատը ամօթի մրուրը պիտի չտեսնէ. մեր անցեալը մեզի խթան եւ ապագան թող հաւատք ներշնչեն բոլորիս»: («Կամաւորի մը յուշերը» Մ.Տ. Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1960, էջ 12- 13)

Հայոց պատմութեան հերոսական դէպք մը, ճակատամարտ մը, որ մղուեցաւ հայու ճակատը բարձր պահելու, հայու իսկական դիմագիծը ցոյց տալու եւ պարծանքի էջ մը աւելցնելու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ: Բայց ուրկէ՞ այս մօտաւորապէս վեց հազարանոց բանակը, որ դաշնակիցները կը կոչէին Արեւելեան լեգէոն, իսկ մենք զայն կոչեցինք Հայկական լեգէոն:

Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ:

Հայկական լեգէոն – Արարայի վիրաւորներէն մաս մը Փոր Սայիտի ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ

Օսմանեան կայսրութիւնը արդէն իրագործած էր իր ծրագիրը` ջարդ, ստրկացում, երիտասարդները կախաղան հանել ու գնդակահարել, զինուորական ծառայութեան պատրուակին տակ աւելի քան 300.000 հայ երիտասարդ ջարդել, իսկ մնացեալը` ծերունի ու երեխայ, դէպի Տէր Զօր, Ռաքքա ու արաբական անապատներ անխնայ ճամբել… 1915-ին Մուսա Լերան հերոսներն էին, որոնք ողջ մնացին ու ֆրանսական ռազմանաւի օգնութեամբ տեղափոխուեցան Փոր Սայիտ (ուր ամիսներու ընթացքին իրենց միացան նաեւ անապատներէն փրկուած ատանացիներ, սիսեցիներ, քեսապցիներ, կեսարացիներ եւ այլք) իսկ ուրիշներ` Հալէպ, Պէյրութ, Ռայաք եւ արաբական տարբեր քաղաքներ: Ստեղծուեցաւ սփիւռքը, ուր ապրեցան, գործեցին ու ծաղկեցան հայոց վերապրող սերունդը` իր սրտին մէջ կրելով անողոք թշնամիին անդարմանելի ցաւն ու վիշտը:

Կեանքի դաժան պայմանները, ինչպէս ներկայիս, տասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներ կ՛ուղղէ աշխարհի տարբեր երկիրներ աշխատանք փնտռելու համար յանուն իրենց ապագային, կամ` իրենց ծնողքին նեցուկ կանգնելու համար, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի մէջ տուն կառուցելու, ընտանիք կազմելու համար: Եւ ահա անցեալին նոյնն էր վիճակը, հազարաւոր հայ երիտասարդներ կ՛ուղղուէին Եւրոպա ու հեռաւոր ամերիկաներ` բարւոք կեանք ապահովելու: Սակայն հայրենիքի փրկութեան կանչը կը գերազանցէր կենաց պայքարը…

Եւ ահա 1917 յուլիս ամսուն Սապահ Գիւլեան, Հանըմեան եւ Տամատեան կը հասնին Ամերիկա եւ տեղւոյն հայ բանուորներուն կը փոխանցեն Պօղոս Նուպար փաշայի պատգամը… Տղաքը խումբ-խումբ կու գան մեծ երազով` յանուն հայրենիքի ազատութեան զինուորագրուելու:

Հայկական լեգէոն – Ազատարար մարտանաւը

1917 յուլիս 28 խումբերը կը բարձրանան նաւ եւ մօտ 11 օր անց, օգոստոսի 10-ին կը հասնին Ֆրանսա, Պորտոյի նաւահանգիստը. երկու օր ետք բոլոր կամաւորները կ՛արձանագրուին, եւ հարիւրապետ մը իրենց կ՛ըսէ. «Հա՛յ կամաւորներ, այս վայրկեանին դուք եղաք ֆրանսական բանակի կանոնաւոր զինուորներ, դուք պէտք է յարգէք մեր օրէնքները…»: Հինգ օր ետք, օգոստոս 25-ին կը փոխադրուին Մարսէյ, «Ամիրալ Օրլի» նաւով գունդերը պիտի փոխադրուէին Փոր Սայիտ: Ճանապարհին կը հասնին Միլա կղզին… Այս կղզիի մուտքին գերմանական սուզանաւ մը կը հարուածէ կամաւորներու նաւուն եւ լուրջ վնաս կը պատճառէ: Մէկ ժամ չանցած` ֆրանսական երկրորդ նաւ մը, որ նոյնպէս իր վրայ ունէր հայկական երկրորդ գունդ մը, օգնութեան կը հասնի եւ «Օրլի» նաւուն մէջ գտնուող երկու գունդերը վերցնելով` յաջորդ օր երեկոյեան ճամբայ կ՛ելլեն եւ մէկ օր անց արդէն Փոր Սայիտ կը հասնին:

Հայկական լեգէոն – Հայ Լեգէոնականներու խումբ մը Մոնարկայի մէջ, Կիպրոս

Տասը օր ետք այս երկու խումբերը կը փոխադրուին Կիպրոս, Մոնրակա, ուր կը մնան ութ ամիս: Զինուորական մարզումներէ ետք կը վերադառնան Փոր Սայիտ, ապա Իսմայիլիա անապատ, անկէ ետք` Միժտալ… 35 օր ետք դէպի ճակատ, ուր զիրենք կը սպասէր մեր դարաւոր թշնամին: 1918 սեպտեմբեր 10-ին կը պատրաստուին պատերազմի երկրորդ գիծի վրայ. ութ օր ետք, սեպտեմբեր 18-ի ժամը 4:00-ին պատերազմի փողը կը հնչէ…

Վերջապէս, օ՛ն, յառա՜ջ, հրամանը տրուած է հարիւրապետ Ֆուրութիկէի կողմէ. տեղակալ Շիշմանեան սուրը մերկացուցած` տղոց առջեւէն կը յառաջանայ դէպի Արարայի գագաթը թշնամիին դէմ:

Թշնամին յառաջացած զինուորները կը սկսի նշմարել, եւ ահա գնդացիրները կը սկսին գործել. հարիւրապետը կրակի հրաման կ՛արձակէ, հերոսական ճակատամարտը սկսած էր: Թշնամիի զինուորները, տեսնելով վրէժի զինուորներուն կորովի յարձակումը, որ անդադար կրակելով կը յառաջանար, փախուստի կը դիմեն` իրենց դիրքերուն վրայ ձգելով բաւականաչափ ձեռնառումբ, գնդացիր եւ փամփուշտներ:

Կատաղի կռիւ էր… Այս առաջին յաջողութիւնը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ բոլորին մօտ: Թշնամիին առաջին գիծը գրաւած էինք: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` տղաքը կը շարունակեն յառաջացումը, վրէժխնդրութեան գինիով գինովցած յառաջխաղացում, այդ պահուն կը լսուի «մի՛շտ յառաջ» կարգախօսը, ձայնը` տեղակալ Շիշմանեանի. այս քաջալերական ձայնը կարծես կու գար մեր պատմութեան պանծալի էջերէն… Կարծես լեւոններ, հեթումներ, օշիններ ձայն կու տային յառա՜ջ, յառա՜ջ, եւ տղաքը կ՛ընթանային խոր համոզումով, որ մեր վրէժի գործը տակաւին իր սկիզբն է:

Հայկական լեգէոն – Արարայի ուխտավայր գերեզմանը, ուր ամփոփուած էր աճիւնը 19 սեպտեմբեր 1918-ին հերոսաբար նահատակուած քսան հայ լեգէոնականներուն

Արդարեւ, մեր պատմութեան աննախընթաց կռիւներէն մէկն էր, որ կը մղուէր Արարայի շուրջ վեց հարիւր տարի ստրկութենէ ետք, հայ մարդը զէնք կը բռնէր իր թշնամիին դէմ: Յաղթանակի այդ հրաշքը կը պատահի  19 սեպտեմբեր 1918-ին, Արարա լեռը գրաւուած էր: Հայկական լեգէոնի կողմէ: Տասներկու ժամ կը տեւէ Արարայի կռիւը, որ անգլիական բանակը երկու անգամ փորձած էր գրաւել եւ` ձախողած, իսկ Հայկական լեգէոնը մօտ 6000 ասպետներով 75.000 հոգի հաշուող թշնամիի բանակին դէմ յաղթական դուրս կու գար: Այս ճակատամարտին լեգէոնը կու տայ 21 նահատակ (աւելի ուշ 2 վիրաւոր ալ մահացաւ, եւ թիւը եղաւ 23) եւ մօտ 70 վիրաւոր:

«Կռնակէն վիրաւոր բնաւ չունեցանք, բոլորն իրենց լուսափայլ ճակատէն զարնուեցան. ի՜նչ հրաշագեղ տեսարան, մեր նահատակներէն ոմանց ծիծաղը դեռ շրթունքներուն վրայ կը պտտէր, ուրիշ մը ծնրադիր, անմեղունակ նայուածքը երկնասլացի հրացանը գիրկը, կողմէն հոսող արիւնի կարմիր կայլակներու մէջ,  օղակուած կը մնայ, ետեւէն կարծես դեռ ողջ էր եւ կ՛ուզէր իր ընկերներուն փառապսակին ետեւէն թռչիլ. նախանձելի մահ: Լուսաբորբ երեսով մեռան` իրենց անուշիկ կեանքին վրէժը կտակելով իտէալանուէր արիւնի ընկերներուն»: («Արարա.  Հայկական լեգէոնը», 1919, տպարան Արամ Ստեփանեան, Ալեքսանդրիա, էջ 60):

Ահաւասիկ` հայ ժողովուրդի, հայ երիտասարդի բուն դիմագիծը ներկայացնող յաղթանակ մը, որքան ալ փորձեն աղաւաղել մեր ինքնութիւնը, ծածկել իրականութիւնը, փոշի սրսկել արդարութեան աչքերուն, կարողութիւնը չունին լռեցնելու նահատակ երիտասարդներու թափած արեան կանչը, որ նոյնիսկ եթէ աշխարհի վրայ մէկ հայ մնայ, պիտի կոչէ, գոռայ ու պահանջէ իր արդար ու վեհ իրաւունքը:

Վկայութիւն Արարայի Հայկական Լեգէոնի մասին

Եգիպտահայ ազգային միութեան

25 սեպտեմբեր 1918

Ջերմապէս շնորհակալ եմ ձեր շնորհաւորութիւններուն համար եւ հպարտ եմ այն իրողութեամբ, որ Արեւելեան լեգէոնի ձեր հայրենակիցները գործօն բաժին մը վերցուցին կռիւին մէջ եւ մասնակից եղան մեր յաղթանակին:

  Զօրավար Ալենպի

Հայ Ազգային Պատուիրակութեան

12 հոկտեմբեր 1918

Իմ անկեղծ շնորհակալութիւններս ձեզի եւ հայերուն շնորհաւորութեան ձեր հաճոյական հեռագրին համար: Ես հպարտ եմ հրամանատարութեանս տակ հայ զօրամաս մը ունենալուս: Անոնք կռուեցան փայլուն կերպով եւ մեծ բաժին ունեցան յաղթանակին մէջ:

                                     Զօրավար Ալենպի

 

Լոնտոն, 21 հոկտ. 1918

 Զօրավար Ալենպի կը հեռագրէ, որ Պաղեստինի հայկական զօրագունդը արիաբար կռուեցաւ եւ կարեւոր բաժին մը ունեցաւ տարուած յաղթանակին մէջ:

                                                     Ռիւթեր

 

Անթիւ են մեր նահատակուած ու զոհուած հերոսներուն անունները, յիշարժան են նաեւ Արարայի նահատակուած հերոսները: Յարգա՛նք ու պատիւ` անոնց անձնուիրութեան, աննկուն կամքին եւ անմահ յիշատակին:

 

Արարայի նահատակուած հայ քաջերուն անունները

(19 սեպտեմբեր 1918)

Քիսքանեան Սահակ, 2-րդ պաթալիոն, սեբաստիացի
Տըշլիքեան Սարգիս, 3-րդ քոմփանի, սուէտացի
Գույումճեան Յովհաննէս, 4-րդ քոմփանի, քափորալ
Միսաք Գավունճեան, 5-րդ քոմփանի, սերժան, ատանացի
Տէր Յակոբեան Մանուկ, 4-րդ քոմփանի, սերժ., ալպիստանցի
Թավուքեան Միսաք, 4-րդ քոմփանի, սուէտիացի
Անթառամեան Սիմոն, 5-րդ քոմփանի, խարբերդցի
Գաբրիէլեան Մարտիրոս, 4-րդ քոմփանի, արաբկիրցի
Պուլուտեան Պօղոս, 4-րդ քոմփանի, ծովեցի
Բզարեան Տիգրան, 5-րդ քոմփանի, քեսապցի
Ասլանեան Արշակ, 4-րդ քոմփանի, սեբաստացի
Քէհեաեան Յակոբ, 5-րդ Քոմփանի, կեսարացի
Գասապեան Սարգիս, 4-րդ քոմփանի, արաբկիրցի
Մսըրլեան Ծերոն, 5-րդ քոմփանի, քեսապցի
Ամերիկեան Արշամ, 5-րդ քոմփանի, սերժան քզեցի
Պապայեան Մարտիրոս, 4-րդ քոմփանի, քափորալ չնքուշցի
Մելքիսեդեկ Զանոյեան, 5-րդ քոմփանի, չնքուշցի
Պետիկեան Յակոբ, 5-րդ քոմփանի, այնթապցի
Ճինկիրեան Մարտիրոս, 5-րդ քոմփանի, հիւսէյնիկցի
Զիլճեան Գուրգէն, 5-րդ քոմփանի, սերժան, պոլսեցի
Ղուկասեան Ղուկաս, 5-րդ քոմփանի, չմշկածագցի

Արարայի կռիւին վիրաւորուած հայ զինուորները

(19 սեպտեմբեր 1919)

Աւետեան Յարութիւն, 6 քոմփանի, Մալաթիա, ամերիկահայ
Աթանիկեան Արթաքի, 4 քոմփանի, Կ. Պոլիս, Գահիրէէն
Առաքելեան Ղուկաս, 4 քոմփանի, Բալու, ամերիկահայ
Բառլէզեան Կարապետ, 4 քոմփանի, Տիգրանակերտ, Գահիրէ
Բուլուքեան Սարգիս, 4 քոմփանի, Բերրի, ամերիկահայ
Բայթօնճեան Ցաւակ, 5 քոմփանի, Մեղրէ, ամերիկահայ
Գասպարեան Յովհաննէս, 6 քոմփանի, Մալաթիա, ամերիկահայ
Գաբրիէլեան Հայկազն, 6 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Գասպարեան Եղիա, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Գարամանեան Սարգիս, 6 քոմփանի, Սուէտիա
Գըլըճեան Լեւոն, 4 քոմփանի, Սուէտիա
Գարայեան Աբրահամ, 5 քոմփանի, Գահիրէ
Դաւիթեան Արմենակ, 5 քոմփանի, Չմշկածագ, ամերիկահայ
Դանիէլեան Մանասէ, 5 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Եկաւեան Կարապետ, 5 քոմփանի, Արաբկիր, ամերիկահայ
Եըլտըճեան Տիգրան, 5 քոմփանի, Տիգրանակերտ, ամերիկահայ
Եզնիկեան Եզնիկ, 4 քոմփանի, Արաբկիր, Գահիրէ
Եղիայեան Արթին, 4 քոմփանի, Երզնկա, ամերիկահայ
Զիկզիկեան Միքայէլ, 5 քոմփանի, Էվէրէկ, ամերիկահայ
Էկինեան Եաղուպ, 5 քոմփանի, Չնքուշ, ամերիկահայ
Թասլաքճեան Պետրոս, 4 քոմփանի, Սուէտիա
Թելլոյեան Յովհաննէս, 6 քոմփանի, Չնքուշ, ամերիկահայ
Թաշճեան Յակոբ, 2 քոմփանի, Տիգրանակերտ, ամերիկահայ
Թօփալեան Ստեփան, 6 քոմփանի, Սեբաստիա, ամերիկահայ
Թըրըգճեան Պօղոս, 5 քոմփանի, Չնքուշ
Խոստիկեան Թովմաս, 6 քոմփանի, Սուէտիա,  ամերիկահայ
Խէրպէկեան Գէորգ, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Խանզատեան Մեսիա, 5 քոմփանի, Կիւին, ամերիկահայ
Կարապետեան Լեւոն, 5 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Կարապետեան Պետրոս, 4 քոմփանի, Սեբաստիա
Հանէսեան Ճորճ, 5 քոմփանի, Սուէտիա
Հաճինեան Մինաս, 4 քոմփանի, Կեսարիա, ամերիկահայ
Ճերմակեան Սիրական, 4 քոմփանի, Մարզուան, ամերիկահայ
Մաղոյեան Մովսէս, 5 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Մարաշլեան Սարգիս, 5 քոմփանի, Կիւրին, ամերիկահայ
Մինասեան Նշան, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Մուրատեան Յակոբ, 4 քոմփանի, Կեսարիա, ամերիկահայ
Մանանեան Կարապետ, 5 քոմփանի, Թոմարզա, ամերիկահայ
Մէտէեան Կարապետ, 3 քոմփանի, Զմիւռնիա, Գահիրէ
Մաթիկեան Մեսրոպ, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Մէֆթեան Պետրոս, 4 քոմփանի
Յակոբեան Ծերոն, Կեսարիա, ամերիկահայ
Յովսէփեան Վահրամ, 5 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Ներսէսեան Յակոբ, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Ներսէսեան Սենեքերիմ, 5 քոմփանի, Սեբաստիա, ամերիկահայ
Շաղոյեան Յակոբ, 5 քոմփանի, Էվէրէկ, ամերիկահայ
Շալճեան Յակոբ, 5 քոմփանի, Կեսարիա, ամերիկահայ
Շիւրկոնց Արամ, 6 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Պօղոսեան Փոլ, 5 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Վետոյեան Կարապետ, 4 քոմփանի, Պրուստ, գերի կամաւոր
Պէրպէրեան Ղուկաս, 6 գօմ, Խարբերդ, ամերիկահայ
Պէրպէրեան Տիգրան, 2 պաթ., Տիգրանակերտ, ամերիկահայ
Պետրոսեան Պարուամ, 4 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Պետրոսեան Աստիկ, 4 քոմփանի, Էվէրէկ, ամերիկահայ
Պարկիրճեան Արմենակ, 5 քոմփանի, Կիւրին, ամերիկահայ
Պալճեան Գէորգ, Ռոսոսթօ, Գահիրէ
Սաղտըճեան Ովսիա, 5 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Սարգիսեան Խաչատուր, 5 քոմփանի, Կ. Պոլիս, Գահիրէ
Սաչաքլեան Յովհաննէս, 4 քոմփանի, Մալաթիա, ամերիկահայ
Սիոսեան Յովհաննէս, 6 քոմփանի, Քղի, ամերիկահայ
Սողոմոնեան Եսիայի, 6 քոմփանի, Քեսապ, ամերիկահայ
Տէրտէրեան Նիկողոս, 5 քոմփանի, ամերիկահայ
Քէրէկեան Նազարէթ, 4 քոմփանի, Ատանա, գերի կամաւոր
Քենտիրեան Ահարոն, 6 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Քէսէճեան Վահան, 4 քոմփանի, Կ. Պոլիս, Գահիրէ
Քըստիկեան Եսայի, 6 քոմփանի, Քղի, ամերիկահայ
Օսկանեան Աւետիս, 6 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ
Ֆերարեան Պետրոս, 5 քոմփանի, Խարբերդ, ամերիկահայ

————————

Օգտագործուած աղբիւրներ

– «Արարա. հայկական լեգէոնը», Սուրէն Պարթեւեան, Աղեքսանդրիա, 1919
– «Կամաւորի մը յուշերը», Մինաս Ա. Թաթարեան, Անթիլիաս, 1960

Հայկական լեգէոն – Զէյթունի ապաքինարանի մուտքին
Հայկական լեգէոն – Զէյթունի ապաքինարանի պարտէզին մէջ խումբ մը ապաքինող հայ կամաւորներ
Հայկական լեգէոն – Հայ լեգէոնականներուն Կիլիկիա մուտքը

www.aztagdaily.com/archives/522978

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail