Հայկական լեգէոն – Անմոռանալի Հայկական Լեգէոնը – ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Հայկական լեգէոն – Արարայի Ճակատամարտ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ազգային ազատագրական փառքը խտացնող օրերէն անմոռանալի էջ մըն է 19 սեպտեմբեր 1918-ը:
Մօտաւորապէս 103 տարի առաջ, այդ օրը, Պաղեստինի Արարա լերան մօտ տեղի ունեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ամենավճռական ճակատամարտերէն մին:
Արդի հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական մէկ ժամանակաշրջանին ծնունդ առաւ Արեւելեան լեգէոնը:
Մարք Սայքսի (Բրիտանիա), Ժորժ Փիքոյի (Ֆրանսա) եւ Հայ ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի միջեւ 27 հոկտեմբեր 1916-ին Լոնտոնի մէջ կնքուած համաձայնագիրի մը հիման վրայ, կազմուեցաւ Արեւելեան լեգէոնը: Ան ֆրանսական զօրքերուն հետ պիտի մասնակցէր սուրիական-պաղեստինեան ռազմաճակատին վրայ օսմանեան կայսրութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններուն: Այս ծառայութեան դիմաց Ֆրանսա պատերազմէն ետք ինքնավարութիւն կը խոստանար Կիլիկիոյ հայերուն: Ի դէպ, շատեր կը հերքեն նման խոստումի մը իրողութիւնը: Արեւելեան լեգէոնին կորիզը դարձան մուսալեռցիները: Անոր միացան Ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ հայորդիներ:
Արեւելեան հետագային` Հայկական լեգէոնին ռազմական անդրանիկ մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ Պաղեստինի մէջ:
Դաշնակիցները Արարայի բարձունքները կ՛անուանէին «թուրքերու երկրորդ Տարտանելը»: Անգլիական զօրքերը երեք անգամ ապարդիւն փորձած էին գրաւել այդ դիրքերը: Ռազմավարական գետնի վրայ առանց Արարան գրաւելու դաշնակիցներու համար անհնար պիտի ըլլար իրենց հակակշիռին տակ վերցնել Լիբանանը, Սուրիան եւ Կիլիկիան:
Այս սրբազան ճակատամարտին առաջադրութեամբ տոգորուած ազգային վիշտով, սիրով եւ ոգիով զինուած` ստեղծուեցաւ անխորտակելի ուժ մը: Վրէժխնդիր հայորդիներու, կամաւոր մահուան երդուեալներու փաղանգը ստեղծուած էր: Ճակատագրական պահը հասած էր: Յարձակումի առաջին ազդանշանին անոնք խոյացան խրամատներէն դուրս` խիզախ ու անվախ, մահուան դէմ անտարբեր, վճռական հարուած մը տալով մեր ոխերիմ թշնամիին` ցեղասպան թուրքին:
19 սեպտեմբերի լուսաբացին շուրջ 600 հայ մարտիկներ յարձակումի անցան ռազմաճակատի ամենադժուար հատուածը գնահատուող երկու մղոն տարածութեան ուղղութեամբ, եւ հակառակ թրքական մարտկոցներուն սոսկալի կրակին, քանի մը ժամուան ընթացքին գրաւեցին Արարայի բարձունքները: Հայ լեգէոնականները ունեցան 24 նահատակ եւ 76 վիրաւոր: Թշնամիին կորուստը անհամեմատելի ծանր էր:
Թշնամիին տրուած ջախջախիչ այս հարուածը արժանացաւ դաշնակից հրամանատարութեան գովասանքին եւ գնահատանքին:
Արարայի կտրիճներուն խիզախութիւնը, անձնուիրութիւնը, հերոսական նահատակութիւնը պատկառելի օրինակ դարձաւ ապագայ սերունդներուն:
Արարայի պարտութենէն ետք թուրք-գերմանական զօրքերը արագընթաց նահանջի դիմեցին: Քանի մը շաբաթ ետք քայզերական Գերմանիան Ակամենոն ռազմանաւուն վրայ ստորագրեց պարտութեան համաձայնագիրը:
Արարայի յաղթանակը արժանացաւ դաշնակիցներու, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ փայլուն գնահատականին: Ֆրանսական բանակի հրամանատարութենէն պատմական հնչեղութիւն ունեցող գնահատական տուին Հայկական լեգէոնի դերակատարութեան:
Արարայի յաղթանակէն ետք հայ լեգէոնականները մուտք գործեցին Պէյրութ` ոգեւորելով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բազմահազար հայ գաղթականներ: Ապա անցան Ալեքսանտրէթ, Կիլիկիա:
Արարայի յաղթանակով ոգեւորուած, Հայկական լեգէոնի կամաւորական ջոկատները յաղթական մուտք գործեցին Կիլիկիա: Կիլիկիոյ մէջ պետականութիւն յայտարարելու երազը պիտի դառնար իրականութիւն: Զօրավար Ալենպիի կողմէ գործուղուած գնդապետ Պրեմոն կը ներկայանար իբրեւ «Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կառավարիչ»: Ան կը յայտարարէր, թէ ինք առժամեայ պիտի կառավարէր Կիլիկիան, ապա իշխանութիւնը պիտի փոխանցէր հայերուն: Հայկական լեգէոնը հետզհետէ պիտի տարածուէր Կիլիկիոյ քաղաքները:
Դաշնակիցները անկեղծ չէին իրենց խոստումներուն մէջ: Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա մոռցան իրենց փոքր դաշնակիցը եւ ներքին պայքարի մտան` առաւելագոյնը կորզելու Արեւելեան ճակատի աւարէն: Արարայի հերոսամարտէն տարի մը չանցած` դաշնակիցները շրջանցեցին եւ մոռցան իրենց բոլոր խոստումները…
Ո՞վ կրնար գուշակել, թէ Թուրքիան սիրաշահելու ինչպիսի անհաշտ պայքար կը մղուէր քուլիսներու ետին, ռազմադաշտին մէջ բարբարոս թուրքերը պարտութեան մատնող բրիտանացիներուն եւ ֆրանսացիներուն միջեւ…
Ֆրանսա սերտ զօրակցութեան սկսաւ քեմալական Թուրքիոյ հետ եւ 19 օգոստոս 1920-ին լուծարեց Հայկական լեգէոնը: 20 հոկտեմբեր 1921-ին կնքուած համաձայնագիրով` Ֆրանսա Թուրքիոյ յանձնեց Կիլիկիան:
Այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Կիլիկիոյ հայերը, Ամբողջական Հայաստանի ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանի եւ Ատանայի հայոց առաջնորդ Գէորգ վարդապետ Արսլանեանի գլխաւորութեամբ, 4 օգոստոս 1920-ին ընդունեցին Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակագիրը: Խորքին մէջ հռչակագիրը, հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները անտեսելու դէմ, արեւմտեան պետութիւններուն քուլիսային գործարքները դատապարտող բողոքի արտայայտութիւն մըն էր պարզապէս:
Այսպիսի դաժան ճակատագիր վիճակուած էր հայ լեգէոնականներուն եւ հայ ժողովուրդին: Ինքնապաշտպանութեան մահու կենաց կռիւներ մղուեցան Հաճընի, Ատանայի, Ուրֆայի, Այնթապի, Զէյթունի, Չորք-Մարզպանի եւ այլ բնակավայրերու մէջ` մասնակցութեամբ հայ լեգէոնական կամաւորներուն: Ֆրանսացի զինուորները չմասնակցեցան այդ մարտերուն, յաճախ նոյնիսկ խանգարեցին դիմադրութեան փորձերը:
Հայ ժողովուրդը, պետականութենէ զուրկ ըլլալով հանդերձ, գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ Մեծ պատերազմին: Առաջին համաշխարհային պատերազմը ողբերգական հետեւանքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար: Անոր զաւակները` ռուսական, ֆրանսական եւ այլ դրօշներու տակ, արիւն թափեցին պատերազմի գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ:
Հայաստանի «Պատմաբանասիրական հանդէս»-ի 1999 թուականի թիւ 2-3 համարներուն մէջ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Կ. Յարութիւնեան, վկայակոչելով գիտական աղբիւրներ, կ՛ապացուցէ, որ առնուազն 850 հազար հայ զինուոր մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին:
Այսօր անգամ մը եւս կը փափաքիմ յիշեցնել Առաջին համաշխարհային պատերազմին զոհուած հայ կամաւորներու յիշատակին յուշարձանի մը անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի մէջ:
Յուշարձանները յիշողութեան վկայարաններ են: Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակից գրեթէ բոլոր ժողովուրդները ունին յիշատակի այս համալիրը: Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար Արարայէն ափ մը հող տանիլ Արարատի փէշերուն տակ մեր անկախ հայրենիքը եւ կոթողով մը յաւերժացնել Արարայի հերոսներուն յիշատակը:
Յուշարձան մը, յիշատակարան մը յիշողութեան եւ անձնուիրութեան անկորնչելի ընծայարաններ են: Ի՜նչ աւելի հոյակապ դամբարան, ի՜նչ աւելի կուռ եւ ալեխորշ տապանագիր` օտար հողի վրայ ինկած հայրենախնդիր հայորդիներու համար: Անոնք` Արարայի հերոսները, հաւատացէ՛ք, պիտի ժպտէին աւազներուն տակէն…
www.aztagdaily.com/archives/523126