Անդրադարձ – Ռուսերու Արարատեան Դաշտ Մուտքէն Մինչեւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը. Հայաստանի Գրաւումը Ռուսերու Կողմէ
20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ –:
Նախքան 19-րդ դարը, Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Շահամիրեան դիմումներ եւ ձեռնարկներ կատարեցին ապահովելու համար ռուսական օգնութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի ազատագրութեան: Բայց այդ բոլորը մնացին լոկ ցանկութիւն, որովհետեւ ռուսերը հեռու կը գտնուէին Կովկասէն:
1804-1813 տեղի ունեցաւ ռուս-պարսկական առաջին պատերազմը, որ վերջացաւ 1813-ին եւ կնքուեցաւ Գիւլիստանի դաշնագիրը: Այն ատեն գրաւուեցաւ Ազրպէյճանի կարեւոր մէկ մասը: Նոյն թուականներուն` 1801-1813, ռուսերը գրաւեցին նաեւ Հայաստանի մէկ մասը (Շիրակը, Լոռին, Զանգեզուրի մէկ շրջանը), բայց Արարատեան դաշտը մնաց Երեւանի խանութեան մէջ` պարսկական տիրապետութեան տակ:
19-րդ դարի սկիզբն էր, որ ռուսերը մօտեցան Հայաստանին: Հայ ժողովուրդը, որ կը կեղեքուէր պարսիկ խաներու եւ թուրք փաշաներու կողմէ, իր փրկութեան յոյսը կապած էր Ռուսիոյ: Հայ ազգային գործիչները կը յուսային ոչ միայն ազատագրուիլ պարսկական ու թրքական լուծէն, այլ նաեւ` վերստեղծել Հայաստանի անցեալի փառքը, դառնալու համար ազատ ու անկախ պետութիւն: Այս երազով խանդավառուած էր նաեւ Թիֆլիսի առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցին` այդ ժամանակաշրջանի մեր մեծագոյն դէմքը:
Ներսէս Աշտարակեցի ռազմաշունչ շրջաբերական մը հրապարակեց` 29 յուլիս 1826 թուակիր, ուղղուած` Թիֆլիս, Գանձակ, Արցախ, Նուխի, Շամախի, Պաքու եւ Դերբենդ բնակող ռուսահպատակ հայերուն:
Աշտարակեցի կը գրէ. «Դիմադրեցէք թշնամուն եւ սորա արբանեակներին, կա՛մ ռուսաց զօրքերի հետ միասին եւ կա՛մ թէ մի ուրիշ կերպ, որ աւելի յարմար կը լինի ներկայ աւազակօրէն յարձակման միջոցին, իսկ թէ հարկ լինի, մի՛ խնայէք ձեր արեան վերջին կաթիլը»:
Կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին Ղարաբաղի, Թիֆլիսի, Շամշադինի, Դիլիջանի եւ Լոռի-Փամբակի մէջ: Ամէն կողմ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Այս մասին Թիֆլիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպեագին 27 մայիս 1827-ի իր կոչին մէջ կը գրէ. «Հայերը մեծ ցնծութեամբ դիմաւորեցի իրենց ուղղուած կոչը: Յայտարարութեան երրորդ օրը ես տեսայ զէնքի տակ հաւաքուած հայկական առաջին դուրիժինան: Հայ ժողովուրդի նուիրուածութիւնը Ռուսաստանին` անխախտելի է: Պարսիկներու ներխուժման դէմ ընդհանուր պաշտպանութեան մէջ առաջինը հայերը օրինակ ցոյց տուին, նրանց միացան նաեւ վրացիները»:
12 մայիս 1827-ին զօրավար Պասքեւիչ իր բանակով կը շարժի դէպի Երեւան: Այս բանակին կ՛ընկերանայ նաեւ համբաւաւոր ռուս գրող եւ դիւանագէտ Կրիպոյետովը: Ռուսական զօրամասը յունիս 8-ին կը հասնի էջմիածին, ուր նախապէս ժամանած էր Ներսէս Աշտարակեցին: Ասոր գլխաւորութեամբ Էջմիածնի եկեղեցականները կ՛ողջունեն ռուսական բանակը, մինչ կը ղօղանջեն մայր տաճարի զանգակները:
Երեւանի բերդը գրաւելու համար դժուարութիւններու հանդիպելով` Պասքեւիչ պաշարումի կ՛ենթարկէ զայն ու կը յառաջանայ դէպի Նախիջեւան` Երեւանի շրջանի ղեկավարութիւնը յանձնելով Ներսէս Աշտարակեցիին: Այդ օրերուն յարձակման կ՛ենթարկուի Էջմիածինը, ուր Աշտարակեցի անձամբ կը կրակէ վանքի պարիսպներուն վրայ դրուած թնդանօթներէն: Ռուս օգնական ուժեր հարաւէն կը վերադառնան, նախ կը գրաւեն Սարդարապատը, իսկ 25 սեպտեմբերին կը սկսի Երեւանի բերդի ռմբակոծումը: Աշտարակեցի նոր կոչեր կը ղրկէ Էջմիածին, Օշականի ու Աշտարակի հայ գիւղացիներուն` անյապաղ օգնութեան հասնելու ռուս զօրքին: Հայերը խումբերով կու գան եւ կը մասնակցին յարձակումին:
Հինգ օր ետք, հոկտեմբեր մէկին, բերդը կը գրաւուի զօր. Պասքեւիչի կողմէ, Աշտարակեցի եւ ուրիշներ մեծ շուքով կը մտնեն Երեւան: Պարսիկ խաներ երեք հազար զինուորներով գերի կ՛իյնան, կը գրաւուի մեծաքանակ աւար:
Աշխարհի բոլոր անկիւններէ հայեր շնորհաւորական խանդավառ նամակներ կը գրեն Աշտարակեցիին: Ծանօթ գրող Մեսրոպ Թաղիաթեան կը գրէ. «Իմ լաւ քաղաքացիք, էսպէս երջանիկ բախտի որ դուք էք պատահել, կարծեմ որ մեր նախնիքն եւս Արշակունի թագաւորութեան ժամանակում էլ չէին պատահել, զիրա թէպէտ եւ թագաւորութիւնն իւրանցն էր, սակայն բարբարոսութիւնն եւ զուլումն պակաս չէր… Վերջապէս, երբ որ լսեցի ներկայ մեր աշխարհի ազատութիւնն, սիրտս ուրախութեամբ վառուեց»:
Երեւանի գրաւումէն ետք ռուսական բանակը կը շարունակէ իր արշաւանքը դէպի հարաւ եւ 13 հոկտեմբերին կը գրաւէ Թաւրիզը:
10 փետրուար 1828-ին Ռուսիոյ ու Պարսկաստանի միջեւ կը կնքուի Թիւրքմենչայի դաշնագիրը:
Պարսկաստան այս դաշնագիրի 3-րդ յօդուածով Ռուսիոյ սեփականութիւնը կը նկատէ Երեւանի ու Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները, իսկ 5-րդ յօդուածով կը հրաժարի ամբողջ Կովկասէն: Ըստ 15-րդ յօդուածին, Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ գտնուած հայերուն իրաւունք կը տրուի իրենց ընտանիքներով եւ շարժական գոյքերով գաղթել ռուսական տիրապետութեան ենթակայ հողամասը:
Դաշնագիրի պատրաստութեան եւ այս առթիւ կատարուած բանակցութիւններուն մէջ կարեւոր դեր կատարեց Կրիպոյետովը, որ լաւ տրամադրուած էր դէպի հայերը: Ան հետագային դեսպան նշանակուեցաւ Պարսկաստան եւ հոն սպաննուեցաւ մոլեռանդ խուժանին կողմէ:
Հայկական Մարզը
«Արմեանքա Օպլասթ»
Երեւանի գրաւումէն անմիջապէս ետք զօր. Պասքեւիչ հաստատած էր «Երեւանի մարզի ժամանակաւոր վարչութիւն»` զօր. Կրասովսկիի նախագահութեամբ եւ ներսէս Աշտարակեցիի եւ փոխ գնդապետ Պորոտինի անդամակցութեամբ:
Թիւրքմենչայի դաշնագրի կնքումէն ետք խնդրոյ առարայ էր ստեղծել մնայուն կազմակերպութիւն մը: Ցարական կառավարութիւնը եւ զօր. Պասքեւիչ տրամադրութիւն չունէին նկատի առնելու հայկական բաղձանքները: Բայց սկսած էր ռուս եւ թուրք պատերազմը ու ժամանակը չէր դժգոհ ձգելու հայերը: Նիքոլայ կայսրը 1828 մարտ 26-ի հրովարտակով Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւններէն կը կազմեր Հայկական մարզը, ահա` այդ փաստաթուղթը. «Պարսկաստանի հետ կնքուած դաշինքի համաձայն, կը հրամայենք Պարսկաստանէն Ռուսաստանին միացուած Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները այսուհետեւ ամէն ատեն կոչել Հայկական մարզ եւ մուծանել այն մեր տիտղոսին մէջ: Այս մարզի բարեկարգման եւ կառավարման մասին կառավարող սենատը պատշաճ հրաման կը ստանայ իր ժամանակին»:
Հայ ժողովուրդը շատ մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս որոշումը: Երկար դարերու ընթացքին առաջին անգամն էր, որ Հայաստան կը վերակենդանանար հայոց մտածողութեան մէջ: Քիչ ժամանակ ետք յուսախաբութիւնը պիտի սկսէր, որովհետեւ ռուս պետութիւնը երբեք նպատակ չունէր քաջալերելու իրական Հայաստանի մը ստեղծումը:
«Վերջապէս, Հայկական մարզի ստեղծման հետ հայ ժողովուրդը կապում էր իր հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան վերականգման գաղափարը: Բայց հէնց այստեղ էր, որ ինչպէս մեր ժողովուրդն էր ասում, խոփը առնում էր քարին, բաժանւում էին ժողովրդի ու կառավարութեան ճանապարհները»:
«Ցարական կառավարութիւնը Հայկական մարզի ստեղծման հետ բնաւ չէր կապում ո՛չ «անկախ», ո՛չ «աւտոնոմ» Հայաստան եւ ո՛չ Ռուսաստանի հարաւում «պուֆերային մի պետութիւն» ստեղծելու նպատակը: Նա բոլորովին էլ մտադիր չէր իր հսկայ պետութեան մէջ նոր պետութիւն ստեղծել, այն էլ` օտարազգի: Դա հակասում էր նրա պետական սիստեմին, նրա դասակարգային եւ ազգային քաղաքականութեան ոգուն»:
www.aztagdaily.com/archives/523117