Դաշնակիցներու Միջեւ «Սուզանաւերու Տագնապ». «Ֆրանսական Սուզանաւերուն Նկատմամբ Լուրջ Մտավախութիւններ Ունէինք» Կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Վարչապետը
20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
«Անցեալ շաբաթ գործարքը չեղեալ նկատելնէս առաջ, ֆրանսական սուզանաւերուն նկատմամբ լուրջ մտավախութիւններ ունէինք, եւ կը կարծեմ, որ Փարիզ ատկէ տեղեակ էր»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Աւստրալիոյ վարչապետ Սքաթ Մորիսըն:
«Կը կարծեմ, որ բոլոր պատճառները ունէին գիտնալու, որ լուրջ ու խոր մտավախութիւններ ունեցանք «Աթաք+» տիպի սուզանաւերու կարողութիւններուն նկատմամբ, որոնք չէին համապատասխաներ մեր ռազմավարական շահերուն, եւ ամբողջապէս յստակացուցինք, որ մեր ազգային շահերուն հիմամբ որոշում պիտի տանք», աւելցուց Մորիսըն:
Յիշեցնենք, որ Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները 15 սեպտեմբերին յայտարարած էին անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր գործընկերութիւն ստեղծելու` ԱՈՒՔՈՒՍ-ի մասին:
Համաձայնագիրի ծիրին մէջ Աւստրալիան մտադիր է ամերիկեան ճարտարագիտութիւններուն օգնութեամբ կառուցել առնուազն 8 բրիտանական հիւլէական սուզանաւեր, որոնցմէ առաջինները արդէն պիտի օգտագործուին 2036 թուականին, ինչպէս նաեւ հարստացնել սեփական զինեալ ուժերը ամերիկեան թեւաւոր հրթիռներով: Աւստրալիան այս նպատակով խզեց պատմութեան ընթացքին մեծագոյն պաշտպանական համաձայնագիրը, որ կնքած էր Ֆրանսայի հետ: Ֆրանսական կողմը այդ քայլը կոչած էր «թիկունքէն հարուած»:
Նշենք, որ Ֆրանսան շաբաթ օր խորհրդակցութիւններու համար անյապաղ տուն կանչեց Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ իր դեսպանները:
«Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրամանով ես թելադրած եմ խորհրդակցութիւններու համար Փարիզ կանչել Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ մեր դեսպանները: Այս որոշումը պայմանաւորուած է Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ 15 սեպտեմբերին կատարուած յայտարարութիւններուն լրջութեան հետ», յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան` ընդգծելով, որ ատիկա դաշնակիցներու եւ գործընկերներու միջեւ անթոյլատրելի վարքագիծ է:
«Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ այս քայլին կը դիմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ֆրանսական հակադարձութիւնը «տակաւին չաւարտեցաւ»:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը Բրիտանիան ամբաստանեց «մնայուն պատեհապաշտութեան» յանցանքով` աւելցնելով. «Ան պարզապէս եռակողմ համաձայնութեան երրորդ անիւն է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «կը յուսայ յառաջիկայ շաբաթ» ՄԱԿ-ի մէջ արծարծել Ֆրանսայի հետ սուզանաւերու տագնապին վերաբերեալ իր տարակարծութիւնը:
«Ֆրանսան կենսական կարեւոր գործընկեր է եւ մեր հնագոյն դաշնակիցը, մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք մեր յարաբերութիւններուն: Անդրատլանտեան դաշինքը աւելի քան 70 տարի նպաստած է աշխարհի մէջ անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման, այդ կապերուն ու մեր միացեալ աշխատանքին մեր յանձնառութիւնը աներեր է», ըսաւ Փրայս:
«Մեր ֆրանսացի դաշնակիցներուն հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ էինք, եւ կը յուսանք յառաջիկայ օրերուն այս հարցին քննարկումը շարունակել բարձր մակարդակի վրայ, ներառեալ յառաջիկայ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին», յայտարարեց Փրայս:
Ան աւելցուց, որ «կը հասկնայ կեցուածքը» ֆրանսացիներուն եւ տեղեակ պահուած է խորհրդակցութեան համար իր դեսպանը տուն կանչելու Փարիզի որոշումին մասին:
Ֆրանսական իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «յառաջիկայ օրերուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենան` քննարկելու համար սուզանաւերու տագնապը»:
«Նախագահ Պայտըն նախագահ Մաքրոնին դիմած է` կացութիւնը քննարկելու առաջարկով: Զրոյցը պիտի կայանայ մօտ օրէն», ըսաւ ֆրանսական կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ:
www.aztagdaily.com/archives/523188