Կեանքի մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք անջնջելի յիշողութիւններ եւ տպաւորութիւններ կը ձգեն մեր վրայ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Կեանքի մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք անջնջելի յիշողութիւններ եւ տպաւորութիւններ կը ձգեն մեր վրայ

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 –

Կեանքի մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք անջնջելի յիշողութիւններ եւ տպաւորութիւններ կը ձգեն մեր վրայ։

Ինծի համար այդպիսին եղաւ ընկ. Վազգէն Էթիէմէզեանը։

Հայ եւ մասնաւորաբար դաշնակցական մտաւորականի տիպարն է ան ինծի համար։ Բախտաւոր եմ որ 1990֊1991թուականներուն, աւելի քան մէկ տարի աշխատեցայ իր գրաշարական ՄՈՐՄՈՔ հաստատութիւնը։

Ճիշդ է որ աւելի առաջ ալ կը ճանչնայի զինք, բայց իր քովը աշխատիլը ինծի համար դպրոց մը եղաւ, զարգացման, կրթութեան եւ մտածողութեան։

Աշխատանքը ձգելէս ետք ալ յաճախ կ’այցելէի զինք եւ կը զրուցէինք մեր առօրեայէն, ազգային, կուսակցական, գրական եւ այլ նիւթերու շուրջ։

Կրնամ ըսել որ իր նման բազմակողմանի զարգացած մարդու չեմ հանդիպած։

Մտածող, խորաթափանց եւ ինքնադրոշմ մարդ էր։ Կ’ափսոսամ որ այսքան տարիներ ետք, իր յօդուածները եւ գրական ստեղծագործութիւնները ցարդ կը մնան ցրուած տարբեր թերթերու մէջ։

Այսօր, մեր այս մռայլ կեանքին մէջ որքան կարիքը ունինք քու ոգեշնչող եւ գօտեպնդող խորհուրդներուդ, խօսքիդ եւ ուղղութեանդ, որքան կարիքը ունինք քու նման ՄԱՐԴ տեսակին, սիրելի ընկ. Վազգէն։

Քսանհինգ տարի առաջ, Սեպտեմբեր 19ի առաւօտեան, Ազդակ օրաթերթին մէջ յուզումով կարդացի իր մահազդը։

Թաղման արարողութեան ընթացքին, երջանկայիշատակ Զարեհ սրբազան Ազնաւուրեան, իր դամբանական խօսքը սկսաւ մօտաւորապէս այսպէս. Կը պատմեն թէ յոյն փիլիսոփայ Դիոգինէս ցերեկ աչքով լապտերով սկսած է պտըտիլ, եւ երբ իրեն հարցուցած են թէ ի՞նչ կ’ընէ, պատասխանած է թէ մարդ կը փնտռէ։ Դիոգինէսի փնտռած ՄԱՐԴը այս դագաղին մէջ ննջող Վազգէնն է։

Յիշատակդ անթառամ ՄԵԾ ընկեր։

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

Kevork Toroyan

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail