Իրան Ուժեր Կը Կուտակէ Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ
22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմէնիա»․- Իրանի զինեալ ուժերը մեծ թիւով զինուորներ եւ սպառազինութիւն կը տեղափոխեն Ատրպէյճանի հետ սահմանը, ուր լայնածաւալ ռազմափորձեր նախատեսուած են Արաքս գետի հովիտին մէջ, կը գրէ «Թելեկրամ»ի «Ռազմական Մեկնաբան» ալիքը:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտարարած էր, որ Իրան իր տարածքին մէջ զինեալներուն կը սորվեցնէ անօդաչու թռչող սարքեր կառավարել ու անոնց միջոցաւ յարձակումներ իրականացնել: Ըստ նախարարին՝ այդ նպատակով հաստատուած ուսումնական հաստատութիւններուն հիմնական մասը տեղակայուած են Քաշենի օդակայանի տարածքին մէջ: Ըստ անոր, այստեղ կը վերապատրաստուին Եմէնէն, Սուրիայէն, Իրաքէն ու Լիպիայէն զինեալներ:
Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանին Ուժ Ցուցադրելու Կոչ
Իրանի Արտեպիլ քաղաքի իմամ այաթոլլա սէյիտ Հասան Ամելի խիստ քննադատութեան ենթարկեց Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան: Ըստ անոր, Յեղափոխական պահակագունդը պէտք է իր ուժը ցուցադրէ դրացի պետութիւններուն` Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ:
«Իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի իր տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու եւ իրաւունք ունի անոնց մասնակցելու համար այլ պետութիւններ հրաւիրելու: Սակայն այստեղ կայ նրբութիւն մը, զոր մենք չենք կրնար անտեսել: Այս նրբութիւնը կապ ունի թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին հետ, որ կ՛արտացոլէ Թուրքիոյ կարծիքը` նոյնիսկ այս երկրի ղեկավարին կարծիքը: Այս թերթը տպագրած է ատրպէյճանցի երեսփոխանի մը հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ վերջինս կ՛ըսէ, թէ Իրան կ՛անհետանայ աշխարհի քարտէսէն: Եւ եթէ այժմ ո՛չ միայն Ատրպէյճան, այլ նաեւ Թուրքիա չեն ուզեր բարի դրացիական յարաբերութիւններ. ես Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն կը խնդրեմ Յեղափոխական պահակագունդին արտօնել սահմանի այս կողմին մէջ ցոյց տալ Իրանի հզօրութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ Յեղափոխական պահակագունդը ցոյց տայ, որ անոնք պէտք չէ խաղան առիւծի պոչին հետ», ըսաւ այաթոլլան:
«Եթէ դուք` ատրպէյճանցիներդ, կ՛ուզէք Իսրայէլէն գումար առնել, գացէ՛ք, առէ՛ք, թող Աստուած ընդունի: Ես գիտեմ, որ Իսրայէլի դեսպանը կը լսէ խօսքերս, ես կ՛ուզեմ անոր ըսել, որ ան պէտք է անոնց լաւ գումար վճարէ: Որովհետեւ անոնք ձեզի ծախած են իրենց արժանապատուութիւնը, պատիւը, ազատութիւնը եւ արմատները: Հոգ տարէք անոնց, անոնք` ատրպէյճանցիները, աղքատ են», եզրափակեց Ամելի:
asbarez.am/397015/իրան-ուժեր-կը-կուտակէ-ատրպէյճանի-հետ-ս/