Ռուսիա Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Համար Մինսքի Խումբը Կարեւոր Կը Նկատէ
22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա կը շարունակէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը կարեւոր գործիք նկատել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը յառաջ մղելու տեսանկիւնէն:
«ԹԱՍՍ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մինսքի խումբի ձեւաչափը ռուսական կողմի համար կը պահպանէ՞ իր արդիականութիւնը` Ռուտենքօ ըսաւ, որ անիկա անգործութեան մատնուած չէ:
«Կապերը կը շարունակուին, թերեւս ոչ այնքան հրապարակային, սակայն կը շարունակուին: Մինսքի խումբի մեր համանախագահը այցելեց Պաքու եւ Երեւան, այնտեղ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ, նաեւ՝ բարձր մակարդակի: Ներկայիս համանախագահներու եռեակը կը ծրագրէ հանդիպում ունենալ Նիւ Եորքի մէջ՝ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, ընդ որում հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Եթէ անիկա տեղի պիտի ունենայ եւ լաւ նշան պիտի ըլլայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ կարգաւորման գործընթացը գործնական ձեւ ստացած է», դիտել տուաւ Անտրէյ Ռուտենքօ։
asbarez.am/397048/ռուսիա-ղարաբաղի-տագնապի-լուծման-համա/