«Ֆրանսան Պիտի Աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Հովանիին Տակ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Վերսկսման» Կ՛ըսէ Մաքրոն
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Ֆրանսան ջանք պիտի չխնայէ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին տեւական լուծում եւ յանգելու Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կայունացման` ի նպաստ շրջանի զարգացման եւ բարգաւաճման: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի անկախութեան տօնի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Ֆրանսան կը փափաքի շրջանին մէջ խաղաղութեան դերակատար ըլլալ, եւ այդ ոգիով է, որ Հայաստանի կողքին է` օգնելու անոր յաղթահարելու Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի պատերազմէն մէկ տարի ետք իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Ատիկա կ՛ենթադրէ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան վերսկսում` Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ: Ֆրանսան, իբրեւ համանախագահող երկիր, պատրաստակամ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու այդ հարցին մէջ», յայտնած է Մաքրոն իր ուղերձին մէջ:
Բացի ատկէ, ըստ Մաքրոնի, Ֆրանսան ձեռնամուխ պիտի ըլլայ պահպանելու շրջանի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ կ՛արտացոլէ Հարաւային Կովկասի առանձնայատկութիւնն ու հարստութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնած է, որ հայ-ֆրանսական կապը աւելի պիտի խորանայ համագործակցութեան ամէնէն տարբեր ոլորտներուն մէջ, ինչպիսիք են մշակոյթը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնն ու տնտեսութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/523437