«Հայաստանի Կառավարութեան Հետ Ձեռք-Ձեռքի Տուած Պիտի Աշխատինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Եւ Այլ Շրջանային Ձեւաչափերով` Խթանելու Համար Տագնապին Լուծումը» Կ՛ըսէ Պայտըն
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն միջոցներ գործադրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա», յղում կատարելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմատետրեան էջին, կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղած իր ուղերձին մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Վերջին տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրներու բախեցաւ, ներառեալ եղան մարդկային ողբերգական կորուստներ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մարտական գործողութիւններուն պատճառով: Կիսելով հայ ժողովուրդի վիշտը` մենք ձեռք-ձեռքի տուած պիտի աշխատինք ձեր կառավարութեան հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ այլ շրջանային ձեւաչափերով` խթանելու համար շրջանային կայունութիւնն ու լուծելու համար տագնապը», նշուած է Պայտընի ուղերձին մէջ:
Անոր համաձայն, երկու երկիրները իրարու կապուած են պատմական, ընտանեկան, բարեկամական կապերով, ներառեալ 1,5 միլիոն ամերիկահայերը, որոնք իրենց ներդրումը կ՛ունենան երկկողմանի կապերը հարստացնելու եւ ամրապնդելու հարցին մէջ: Պայտըն յիշեցուցած է, որ այս տարի երկու երկիրները պիտի տօնեն երկկողմանի յարաբերութիւններու սկզբնաւորման 30-ամեակը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին նոյն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղելով նշած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` Միացեալ Նահանգները նախկինին պէս հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ լուծման:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օգնութիւն ցուցաբերելու կողմերուն` մարտական գործողութիւններու մարդասիրական հետեւանքներու վերացման շուրջ բանակցութիւններուն, բոլոր
ձերբակալուածներու ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու հաշուառման եւ մասունքներու փոխանակման հոլովոյթներուն մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/523438