Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ. Պատրիարք

Portrait of Raphael Minassian, Archbishop for the Catholic Armenians of Armenia, former USSR and Central Europe, in his office in Yerevan. Yerevan, Armenia,

Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ. Պատրիարք

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց:

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

ՎԱՏԻԿԱՆ.- Ֆրանսիս պապին կողմէ 22-23 Սեպտեմբերին Հռոմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ պատրիարքական Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը ընտրեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքը յանձին՝ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի, տիտղոսաւոր Կապադովկիան Կեսարիոյ Հայոց եւ առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ հայոց: Նորընտիր պատրիարքը առաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը: Լուրը փոխանցեց Ս. աթոռի մամլոյ գրասենեակը:

Ռաֆայէլ արք. Մինասեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1946ին: 1958ին ան մտած է Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան ընծայարանը, ուր ստացած է դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը:

1966ին ուղարկուած է Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանը եւ աշակերտած է քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, ուր ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները: Ուսումը շարունակած է Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան մէջ:

24 Յունիս 1973ին, Պէյրութի մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

Մինչեւ 1980, ստանձնած է Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցիներուն հոգեւոր հիւիւի պարտականութիւնը: 1978ին նշանակուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական ատեանի քարտուղար, ապա՝ եկեղեցական դատաւոր՝ մինչեւ 1989:

1980-1984ին, ծիսագիտութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Քասլիք Ս. Հոգի համալսարանին մէջ:

1983-1986ին եղած է Զալքայի (Լիբանան) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Անոր ջանքերով կառուցուած է Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցին:

1986-1988ին եղած է պատրիարքական քարտուղար:

1988-1990ին դարձեալ նշանակուած է Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ միաժամանակ վարելով նորակառոյց պատրիարքական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:

1990-2006ին եղած է Քալիֆորնիոյ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ:

Ան եղած է Armenian Alliance բարեգործական հիմնարկի գլխաւոր հիմնադիր անդամներէն մէկը, որուն հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուած են բազմաթիւ մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագիրներ:

Ան Կլենտելի մէջ ձեռնարկած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցումը, որուն օծումը տեղի ունեցաւ 2001ին՝ ի յիշատակ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան ընդունման 1700ամեակին:

Սեպտեմբեր 2005ին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեանը նշանակեց պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի փոխանորդութեան: Նոյն տարին ան Իտալիոյ մէջ կը հիմնէ «Տելէ Փաչէ Արմէնիա» պատկերասփիւռի կայանը:

2009ին Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ համալիրին մէջ գտնուող Քրիստոսի Խաչի ճանապարհի 4րդ կայանին մէջ, հայր Ռաֆայէլը հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան մնայուն երկրպագութիւնը, որուն շարունակականութիւնը ապահոված են Սուրբ Պօղոսի Միաբանութեան քոյրերը:

24 Յունիս 2011ին, Պենետիքթ ԺԶ. պապին կոնդակով, ան արժանացած է եպիսկոպոսական կարգի: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 16 Յուլիս 2011ին, Պէյրութի մէջ, ձեռամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:

7 Օգոստոս 2011ին, Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի գահակալութեան արարողութիւնը:

Խմբ. Ծանօթ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն արդէն շնորհաւորեց Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարք ընտրուելուն համար։

asbarez.am/397111/ռաֆայէլ-արք-մինասեան-ընտրուեցաւ-տանն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail