Ֆրանսական Կազմակերպութիւնը Կը Պահանջէ Արցախին Վերադարձնել Իր Պատմական Տարածքը
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Ֆրանսական «Լ՛էօվր տ՛Օրիան» կազմակերպութիւնը, որուն հիմնական առաքելութիւնն է աջակցութիւն ցուցաբերել Արեւելքի քրիստոնեաներուն՝ կրթական, հասարակական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ, Արցախի վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրման հիմքով արձանագրումներ կատարած է: Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի կը տեղեկացնէ, թէ կազմակերպութիւնը հետեւալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է.
«Արցախի հայերը վտարուած են իրենց պատմական տարածքներէն, հայկական բնակչութիւնը վտարուած է իր տուներէն, գիւղերէն եւ եկեղեցիներէն:
«Հայ ժողովուրդը իր արեան գնով ձեռք բերած է խաղաղ ու ազատ ապրելու իրաւունքը:
Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի իրականացնելու իր ինքնորոշման գործընթացը միջազգային վերահսկողութեան տակ, այնպէս, ինչպէս Քոսովօն:
««Լ՛էօվր տ՛Օրիան»ը կը պահանջէ, որ Արցախին վերադարձուի իր պատմական ամբող տարածքը՝ ապահով սահմաններով:
«Կոչ կ՛ընենք Եւրոպական Միութեան եւ Ֆրանսայի կառավարութեան, որ յստակ աջակցութիւն ցուցաբերեն Արցախի ժողովուրդին»:
asbarez.am/397113/ֆրանսական-կազմակերպութիւնը-կը-պահան/