Ծանր, Բայց Միաժամանակ Յուսադրիչ Խօսքը կը վերաբերի համահայկական իրականութեան, Հայաստան թէ Սփիւռք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Վաչէ Բրուտեան կը գրէ.
Խօսքը կը վերաբերի համահայկական իրականութեան, Հայաստան թէ Սփիւռք:

Պահ մը փորձենք բնութագրել այն խնդիրները, կամ մարտահրաւէրները, որոնք այսօր կանգնած են Հայաստանի դիմաց: Տրուած ըլլալով, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը համահայկական հարցերու լուծման համար ստեղծուած ու գործած կուսակցութիւն է, այս հարցերը նոյնինքն Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ ունին:

Սկսինք արտաքինէն:
ԱՌԱՋԻՆ: Արցախի հարցը, միջազգային օրէնքի տրամաբանութեան ծիրէն ներս, կը մնայ անլոյծ: Գործնականօրէն, Հայաստան (ամբողջ հայութիւնը) այս ճակատին վրայ պատերազմ մղած ու զայն ՇԱՀԱԾ կողմն է: Արցախի հարցով, կայ միջազգային ձեւաչափ մը (Մինսկի խմբակ), որուն յանձնուած է այս խնդիրին լուծում գտնելու պարտականութիւնը: Այնպէս որ, այս մասնայատուկ դաշտին վրայ խաղացողներուն թիւը շատ է:

Ատրպէյճան կը փորձէ ամէն ձեւ, որպէսզի այս խնդիրին մէջ գոյութիւն ունեցող խաղաքարտերը խառնէ, այն յոյսով, որ թերեւս կարենայ «ուայլտ քարտ» մը քաշել խաղաթուղթերու տրցակէն: Ցարդ չէ յաջողած: Նաեւ այն պատճառով, որ հայկական կարողականութիւնը (Հայաստանի դիւանագիտութիւն, մարտունակ բանակ, սփիւռքեան ճիգեր) ցարդ յաջողած է ձախողութեան մատնել Պաքուի ճիգերը:

ՀՅ Դաշնակցութեան համար Արցախի խնդիրը ունի իւրայատուկ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ կ՛առնչուի Հայաստան աշխարհի հողային ամբողջականութեան: Հետեւաբար, Հայաստան- Արցախ վախճանական միացման հարցին մէջ, մենք կը մնանք անտեղիտալիօրէն հաստատամիտ:

Ըսինք Հայաստան աշխարհի եւ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչ որ մեզ կը բերէ երկրորդ կէտին:
ԵՐԿՐՈՐԴ: ՀՅ Դաշնակցութեան օրակարգին մաս կը կազմէ արդար լուծումը այն անարդարութեան, որ մեզի կը ներկայանայ մեր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեամբ ու ատոր իբրեւ արդիւնք՝ մեր հայրենիքի մեծ մասի խլումով, Թուրքիոյ կողմէ:
Արդար հատուցումի խնդիր մը կայ, որ ունի բազմաթիւ բաղադրամասեր եւ հողային խնդիրը մէկ մասն է ատոր: Տարբեր խօսքով, հայկական պետութեան տարածքներու եւ սահմաններու արդար վերադասաւորումի, մեզմէ խլ-ուածին վերատիրանալու առաջադրանքը ունինք մեր դիմաց: Եւ այս խնդիրը ունի համահայկական նկարագիր:

Մէկ խօսքով, ունինք խնդիր մը՝ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ հողային տարածք, վերածել ամբողջական հայրենիքի:

Կրնայ առարկուիլ՝ «դաշնակցականները նորէն սկսան երազելու»: Նոյնիսկ եթէ «երազենք», առանց երազի ի՞նչ ծրագիր, առանց ծրագիրի՝ ի՞նչ նպատակ: 1890ին, նորակազմ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէր յեղափոխութեան միջոցով ազատագրել «թիւրքաց Հայաստանը». այդ օրերուն ալ կար Հայաստան աշխարհը ազատ տեսնելու ձգտումը, որ շատերու կողմէ «երազ» կը նկատուէր: 1907ին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհանուր ժողովը կը վերաբանաձեւէր մեր քաղաքական պահանջները, կ՛առաջադրէր ստեղծել լայնօրէն ինքնավար «Թրքահայաստան» (յստակօրէն բնութագրելով այդ ինքնավարութեան հիմնական յատկանիշները), Օսմանեան պետութեան ծիրէն ներս: Նոյնը կ՛առաջադրէր ստեղծել Ցարական կայսրութեան կողմէ տիրապետուող հայկական հողահատուածին համար: 1907-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը չունէ՞ր Հայաստան աշխարհը ազատ տեսնելու ձգտումը: Անշո՛ւշտ ունէր:

11 տարի ետք, 1918-ին, վերստեղծուեցաւ հայկական անկախ պետականութիւնը, բան մը, զոր Հայաստանի մէջ կորսնցուցած էինք 1045 թուականին, Բագրատունեաց հարստութեան անկումով: Պատմական ճշմարտութիւն է այն, որ 1918-ի անկախ պետականութեան ստեղծումին մէջ առանցքային դեր ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր  մտաւորական եւ զինուորական «երազող» գործիչներուն շնորհիւ:

Այսօր, Մ. Արեւելքի ու անոր անմիջական տարածաշրջանը եռեւեփումի մէջ է: Թուրքիան դերակատար է այս կացութեան մէջ: Իր մտահոգութիւնն է ընդարձակել իր քաղաքական ազդեցութեան գօտին, հիմնականին մէջ չէզոքացնելու համար (իր տեսանկիւնէն) երկու վտանգ. քրտականը եւ հայկականը: Քրտական անկախ պետութեան մը ստեծումին հեռանկարը կը սարսափեցնէ Թուրքիոյ վարիչները, որովհետեւ այդ մէկը անպայմանօրէն պիտի առնչուի Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան:

Ճիշդ ա՛յս կէտն է, որ մեզ կը շահագրգռէ իբրեւ դաշնակցականներ, մեր Դատը արդար լուծումի յանգեցնելու իմաստով: Այս շատ նուրբ ու բազմաշերտ կացութիւնը թէ՛ Դաշնակցութիւնը եւ թէ պաշտօնական Երեւանը կը դնեն քաղաքական արթնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան դիմաց, երկու իմաստներով.

Ա) Դէպքերու զարգացումը կրնայ յանգիլ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան խախտումին, որմէ օգտուելու օրինական դաշտը մեզի համար նպաստաւոր է (խօսքը կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին):
Բ) Դէպքերը կրնան զարգանալ մեզի համար աննպաստ ուղղութեամբ, ինչ որ մեզի կրնայ պարտադրել պաշտպանական համապատասխան քայլեր առնելու: «Արթնութիւն ցուցաբերելու» վերի բանաձեւումը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաե՛ւ այս կարելիութիւնը:

Ներքին առումով կան մէկէ աւելի խնդիրներ, որոնք իրենց լուծումին կը սպասեն:

ԱՌԱՋԻՆ. արտագաղթի հարցը (որուն աւելի լայնօրէն անդրադարձած էինք «Ասպարէզ»ի 9 Յունուար 2016-ի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածով): Կրկնութեան գնով ըսենք, որ այս հարցը Հայաստանի ազգային ապահովութիւնը վտանգող երեւոյթ է: Այս խնդիրը բազմաշերտ է. ունի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական երեսներ:

Տնտեսականն ու ընկերայինը «հասկնալի» են (բայց ոչ ընդունելի), առարկայական, գործնական իմաստներով: Երկրի տնտեսութիւնը բարգաւաճ պատկեր մը չի պարզեր: Տնտեսական մենաշնորհները աւեր կը գործեն այս բնագաւառէն ներս, երկրի ընդհանուր հարստութեան ու եկամուտի վերաբաշխումի համակարգի արիւնատար երակները եթէ չեն խցուած իսկ, ապա՝ չափազանց նեղցած են:

Նոյնքան կարեւոր խնդիր է պետութիւն-ժողովուրդ խորթացումը, պետական կառոյցներու արդար վերաբերումի չգոյութեան պատճառով յառաջացած ժողովրդային անվստահութիւնը: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ արտագաղթի ալիքը իր մէջ ընդգրկէ նաե՛ւ միջին դասակարգը:

Կա՞ն արտաքին ուժեր, որոնց համար նպաստաւոր է Հայաստանի այս դժուարին կացութիւնը: Բնականաբա՛ր կան: Մեծ ուժերը միշտ ալ շահագործած են փոքրերու ներքին հարցերը, կառավարման դիրքերու վրայ իրենց համար նպաստաւոր տարրեր տեսնելու հեռանկարով: Հայաստան բացառութիւն չէ:

Իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կա՞ն ծայրայեղ (այսինքն ներքին խռովութիւններու կամ արիւն թափելու) քայլերու դիմելու տրամադրութիւններ: Իրականութիւնը այն է, որ կան: Նման քայլեր, Հայաստանի նման արտաքին վտանգներ եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող երկրի մը համար, կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ: Դաշնակցութիւնը համամիտ ըլլալով ներքին ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական համակարգային կարգուսարքի բարեփոխութեան, չի կրնար երկիրը ցնցումներու առաջնորդող քայլերուն նկատմամբ համամիտ ըլլալ, ինչ որ ամբոխային տրամադրութեան գետնի վրայ, զայն կը դնէ դժուարին կացութեան մը դիմաց: Դժբախտաբար, Հայաստանի ներքին կացութիւնը այնպիսին է, որ դիւրաւ կարելի է ժողովուրդը ամբոխի վերածել:

Այս յօդուածագիրին կարծիքով, տնտեսական մենաշնորհները վերացնելու ու այդ ձեւով ալ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու, օրէնքի գերակայութիւն հաստատելու ճամբով պետութիւն- ժողովուրդ նոր որակի «դաշինք» մը ստեղծելու առումով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը շատ ընելիք ունի Հայաստանի մէջ: Այս ուղղութեամբ ցարդ մեծ ճիգեր թափուած են, սակայն երկրի իշխող վերնախաւը (մանաւանդ՝ մտածողութիւնը) մնացած է անդրդուելի:

Սակայն նոր սահմանադրութեան որդեգրումը (թէեւ արատաւոր մեթոտներով) կրնայ յոյս ներշնչել, որ այս «անդրդուելիութեան» պատնէշը սկսած է ճեղքուելու: Այս ճեղքը խորացնելու, այդ պատնէշը խորտակելով դրական բարեշրջում ստեղծելու իմաստով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի թէ՛ գաղափարական եւ թէ քաղաքական ներուժը:

Այնպէս որ, ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակը ծանր աշխատանքային օրակարգ կը բերէ իր հետ: Այս օրակարգի ծանրակշիռ բնոյթին դիմաց անհեթեթ են որեւէ այլ նկատառումներ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail