Մահագած Է Տիարպեքիրի Ամենածեր Հայը՝ Սարգիս Էքենը

sarkis ekmen
18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Տիարպեքիրի մէջ մահացած է քաղաքի տարէց հայերէն մէկը` Սարգիս Էքենը: Վկայակոչելով թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքը՝  Ermenihaber.am-ը կը յայտնէ, որ Էրքենը բնակած է Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ, ուր դեռ կը շարունակուի պարէտային ժամը:
25 օր առաջ կտրուկ վատացած էր անոր առողջական վիճակը եւ զայն տեղափոխած էին վերակենդանացման բաժանմունք: Էքենի կեանքը հնարաւոր չէ եղած փրկել, ան մահացած է գիշերը: Տիարպեքիրի մէջ ընթացող թուրք-քրտական զինուած բախումներու պատճառով թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ասորական սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, այլ ոչ թէ՝ հայկական Սուրբ Կիրակոսի մէջ
1930 թուականին ծնած Սարգիս Էքենը 2015 թուականի Ապրիլին հարցազրոյց տուած էր բրիտանական BBC-ի թրքական ծառայութեան` ըսելով, որ իր միակ փափաքը աշխարհի խաղաղութիւնն է:
«Ես կ՝ուզեմ, որ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, բայց, ցաւօք, ամէն կողմ պատերազմ է: Եղբայրս, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ կ՝ապրէր, պատերազմ սկսելէն ետք, վախենալով իր կեանքին համար, Հայաստան տեղափոխուած է»,- պատմած էր Էքենը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail