ԵԽԽՎ-ն Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Հետաքննութիւն Իրականացնելու եւ Պատասխանատւութեան Կանչելու Պատերազմական Յանցագործութիւններու Մեղաւորները
28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ԼՂ հակամարտութենէն ետք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ մարդասիրական հետեւանքները յաղթահարելու եւ խաղաղութեան գործընթացին ընդառաջ երթալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով ԵԽԽՎ տեղեկութիւնները։
Առաջարկները կազմուած են եւրոպատգամաւոր Փոլ Կեւանի զեկոյցին հիման վրայ, որ այցելած է ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Ազրպէյճան:
Վեհաժողովի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ԵԽԽՎ-ն «մտահոգուած է վեց շաբաթ տեւած պատերազմին ընթացքին յանցագործութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ այլ չարագործութիւններու վերաբերեալ մեղադրանքներուն առնչությամբ»:
ԵԽԽՎ-ն երկու կողմին կոչ ըրած է «մեղադրանքներու ամբողջական հետաքննութիւն իրականացնելու եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու իւրաքանչիւրը, ընդհուպ մինչեւ հրամանատարական մակարդակի, որ մեղաւոր է» եւ համագործակցելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին հետ:
yerakouyn.com/2021/09/28/եխխվ-ն-հայաստանին-եւ-ազրպէյճանին-կոչ-ը/