Շուշիի Քրէական Գործերով Հարցաքննուեցան Շուրջ 150 Անձեր՝ Ներառեալ Արցախի Նախագահը

Շուշիի Քրէական Գործերով Հարցաքննուեցան Շուրջ 150 Անձեր՝ Ներառեալ Արցախի Նախագահը

29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2020ի պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանունակութեան, զինուորական ծառայութեան դէմ ուղղուած առերեւոյթ յանցագործութիւններու փաստերուն առթիւ յարուցուած են եւ կը քննուին առաւել քան 2 հազար քրէական գործեր։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը:

«Քննւում են ինչպէս, օրինակ, զօրահաւաքային զօրակոչի, զօրահամալրման գործընթացներում թոյլ տրուած հնարաւոր խախտումները, պատերազմի ընթացքում զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններն, այնպէս էլ Արցախի հարաւային` Մեխակաւանի, Հորադիզի, Հադրութի ուղղութիւններով զօրքերի եւ ստորաբաժանումների գործողութիւնների ղեկավարման, հակառակորդի կողմից հարաւային ուղղութեամբ դէպի Հայաստանի սահմաններ եւ դէպի Արցախի կենտրոն` Շուշի քաղաք առաջխաղացման, բնակավայրերի գրաւման հանգամանքները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Գլխաւոր դատախազութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ քննութեան առարկայ են «Նժդեհ» կոչուող բարձունքի («Լելէ-թեփէ») Մեխակաւանի, Հադրութի, Մեծ Թաղերի, Թաղավարդի, Սղնախի, Քարին Տակի եւ Շուշիի ուղղութիւններով իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն վերաբերող` հրապարակայնօրէն տարբեր հարթակներով ներկայացուած եւ իրաւապահ մարմիններու տեսադաշտին մէջ յայտնուած, ինչպէս նաեւ զոհուած, անհետ կորսուածներու ծնողներէն, հարազատներէն ստացուած` յանցագործութեան յատկանիշներու առկայութեան մասին վկայող բոլոր տուեալները` պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնական դիրքի չարաշահման, պաշտօնական անփութութեան եւ հրաման չկատարելու հանգամանքները պարզելու նպատակով:

Միայն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ Արցախի հարաւային ուղղութեամբ եւ դէպի Շուշի, Շուշիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ու գործողութիւններուն վերաբերեալ քննուող քրէական գործով հարցաքննուած են շուրջ 150 անձեր, որոնց կարգին՝ Արցախի նախագահը, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ, Արցախի նախագահի խորհրդականը, բանակի փոխհրամանատարը, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղարը եւ այլոք:

Գլխաւոր դատախազութիւնը կը յայտնէ, թէ քննուող քրէական գործերով առաւել քան 800 անձերու մեղադրանք առաջադրուեցաւ, նաեւ` Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպաներու:

Շուշիի բերդ

asbarez.am/397402/շուշիի-քրէական-գործերով-հարցաքննուե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail