Անդրադարձ – Երբ Սոսկ Թմրած Զբօսաշրջիկ Չենք, Ինչե՜ր Կը Տեսնենք Եւ… Կը Սորվի՞նք – Յակոբ Պալեան

Անդրադարձ – Երբ Սոսկ Թմրած Զբօսաշրջիկ Չենք, Ինչե՜ր Կը Տեսնենք Եւ… Կը Սորվի՞նք – Յակոբ Պալեան

29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անկապ մտածումներ եւ տպաւորութիւններ:

Ո՛չ այնքան ալ` անկապ, եթէ վարժուինք ճիշդ ուղղութեամբ նայիլ:

Կիրակի է: Խաչվերաց: Ատլանտեանի ափի զբօսաշրջային պատկերներու նմանող իրարու կողքին շարուած այս մեծ ու պզտիկ քաղաքներուն մէջ մնացած են յոգնած թոշակառուներ եւ շուն պտտցնող, առանձնութեան դատապարտուած այրեր, կիներ, ամուսնալուծուածներ եւ այրիներ: Պատկերները կը յիշեցնեն միջնադարու «վանք քաշուող» իրաւ-կեղծ ազնուականները: Հոս Խաչվերաց չկայ, ո՛չ ալ` մեռելոց:

Արձակուրդի ամիսը վերջ գտած է, մարդիկ վերադարձած են աշխատանքի, աշակերտները` դպրոց: Աղմուկ եւ իրարանցում անհետացած են:

Հիմա զբօսաշրջային քաղաքները երէցներու հանգստեան տուն կը դառնան:

Երբ կողք կողքի շարուած եւ նորմանտական նոյն ոճով կառուցուած տուներով քաղաքներու ճամբաներուն վրայ կը թափառիմ, ո՛չ հայ կը տեսնեմ, ո՛չ ալ ծանօթ: Օրերու միօրինականութեան մէջ ուրախութիւն զգացի, երբ փողոցի մը անկիւնը դրուած ցուցանակի մը վրայ կարդացի «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի անունը: Մտածեցի, թէ ի՞նչ գործ ունէր այս նորմանտական գեղեցիկ քաղաքի փողոցին վրայ հայու մը անունը: Այդ փողոցի բնակիչները եւ գացող-եկող զբօսաշրջիկները գիտե՞ն, թէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հայ էր, թէ՞ անանուն մըն է, ինչպէս Կիւտէրեանը եւ Գարայեանը:

Այսօրուան եւ վաղուան զբօսաշրջիկները եւ թոշակառուները եթէ տեսնեն եւ կարդան ցուցանակին վրայ գրուած անունը, պիտի չմտածեն անգամ, որ ան հայու անուն էր: Իրարու նմանող եւ իրարմէ տարբեր տուներ, իրենց նոյն ոճով կտուրներով, պատշգամներով եւ աչքի հաճոյք պատճառող փայտաշէն բազրիքներով, դռներով եւ պատուհաններով, ամէնքն ալ թաղուած ու շրջապատուած` մշտադալար կանաչի եւ բազմերանգ ծաղիկներու մէջ: Միշտ ներկայ է ծովու կապոյտ եւ փրփրացող խորքի պաստառը: Հիմա երիտասարդ նամակաբաշխն ալ փողոցներուն անունները չի գիտեր, նամակ, ստացագիր, վճարագիր համացանցով կու գան-կ՛երթան:

Հոս ծանօթ չկայ, բարեւ ըսող չկայ: Սրճարանի աշխատաւորը կը տեսնեմ շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ, երբ բախտ փորձելու համար հոն կը մտնեմ վիճակահանութեան տոմս գնելու:

Քայլերուս կշռոյթով կը մտածեմ մեր սփիւռք կացութեան մասին: Յարաճուն եւ յար տարածուող ու ընդլայնող սփիւռք(ներ)ի մանրանկարն է այս քաղաքը: Համախումբ կամ ոչ, մեծ ամբողջներու մէջ անուններ ենք, ստուերներ: Այդ անուններն ալ հետզհետէ կը դադրին անցեալ եւ ծագում յիշեցնելէ, բարեւներն ալ օտարացած են, այլացած: Լեզու, բարքեր, մշակոյթ, զիրենք պարունակող-շրջապատող ամանին ձեւը կը հագնին: Կը շարունակենք ըլլալ` դադրելով ըլլալէ:

Քանի մը օրէ ի վեր կը հետաքրքրուիմ` գիտնալու, թէ այս համրիչի հատիկներու պէս ծովեզրին շարուած քաղաքներուն մէջ հայեր կա՞ն: Գիտեմ, որ օգոստոսին կային: Հայ կնոջ անուն մը. հեռաձայնեցի: Պատասխանող չեղաւ: Գիտէի, որ ուրիշ մը շաբաթավերջին հոս կու գար կոլֆ խաղալու: Դրացի մը ունէինք, հայերէն կը խօսէինք, կնոջ մահէն ետք բնակարանը վաճառեց եւ գնաց:

Հոս ամերիկացի զինուորներու գերեզմաննոցներ կան: Տարիներ առաջ հետաքրքրութեամբ այցելած էի, կարդացած էի մարմարի վրայ գրուած մեռած զինուորներու անունները, հոն ալ կային հայու անուններ:

Տարի մը առաջ տուն վարձած էին երկու հայ ընտանիքներ, Հայաստանէն արտագաղթածներ, որոնք հայերէն կը խօսէին, արդէն` ֆրանսախառն, բայց իրենց առջեւէն վազող մանչուկին հետ ֆրանսերէն կը խօսէին: Ըսին, որ հոս Ֆրանսա է, երեխան ֆրանսացի է, պէտք չէ ինքզինք օտար զգայ, եւ ուրիշներ ալ զինք որպէս օտար չդիտեն:

Հայ երիտասարդ ընտանիք մը հոս տուն կառուցած է: Դարու մարդ են: Մեծ ընկերութիւն մը իր կեդրոնական գրասենեակները հոս հաստատած է, եւ այրը անոնց համակարգիչներու պատասխանատուն է, իսկ կինը, քայլ պահելով ժամանակին հետ, քաղաքի իր աշխատանքը կը շարունակէ հեռուէն, որուն համար նոր բառ կայ` télétravail, հեռակայ կարգով աշխատանք: Իսկ երկու զաւակները հայկական վարժարան պիտի չերթան, շաբաթավերջի հայերէնի դասեր ալ չկան, քահանայ չկայ, մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ պիտի տեսնեն Ծնունդին, Զատկին, կամ` տարեդարձներու, եթէ անոնց առողջութիւնը թոյլ տայ… Անոնք իրենց նոր քաղաքի բնակիչներուն պիտի նմանին, անոնց հետ նոյնանան:

Քիչ մը հեռացանք զբօսաշրջային մեր քաղաքէն, ինքնաշարժը ովկիանոսը եզերող ճամբաներով մեզ Բ. Աշխարհամարտի առասպելական ցամաքահանման ծովափներով տարաւ, որոնք բազմաթիւ պատերազմական ժապաւէններու բեմ եղած են, որոնց անունները կը յիշուին ամերիկերէնով` Օմահա, Պիչ, Ուէյթերհայմ, Կոլտ պիչ, Ութահ պիչ, Ճունօ պիչ, Սուորտ պիչ… Ճանապարհին ցուցադրուած են այդ օրերու հրասայլերը` խնամուած եւ փայլուն, սպիտակ խաչերով անծայրածիր զոհուած ամերիկացի զինուորներու գերեզմաննոցներ կան… Յուշակոթող պատի մը վրայ անուններ կան: Եթէ հիւանդ էք, կը կարդաք զոհուած զինուորներու անունները: Անոնց շարքին` նաեւ հայու անուններ, անուան ետեւի ԵԱՆ-ով:

Ինչպէս ծովափնեայ քաղաքի փողոցի հայու անունը, ինչպէս ամերիկացի զոհուած զինուոր հայու անունը…

Անոնք ոչինչ նշանակող մեր սնափառութիւնը կը հովահարեն: Կը սիրենք այդ արձանագրութիւնները:

Մեր ներկայութեան բացակայութիւնը:

Ինչո՞ւ անոնց զլացուեցաւ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ըլլալով` անուն կտակել, ինչո՞ւ իրարու յաջորդած եւ իրարու յաջորդող սփիւռքեան սերունդները ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ըլլալով` իրենց անունը պիտի չկտակեն, չեն կտակեր հայրենիքին եւ մայրենիքին, ի՞նչ բան կը խոչընդոտէ այդ ընել:

Ինչո՞ւ այս հարցերը չենք քններ, անոնց քաղաքական բովանդակութիւն չենք տար եւ կը բաւարարուինք կրաւորականութեամբ օրեր անցընել, ինչպէս ծերերը կը հաշուեն համրիչի հատիկները:

Այնճարի մուսալեռցի գիւղացիի պարզ իմաստութիւնը միշտ կը յիշեմ: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ո՞ւր էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանը, նկատի ունենալով, որ Այնճարը սահմանակից էր Սուրիոյ, ան ըսաւ. «Երբ անձրեւ գայ եւ ջուրը միւս կողմ հոսի, կ՛ըլլայ Սուրիա, եթէ այս կողմ հոսի, կ՛ըլլայ Լիբանան»: Երբ հայրենիքին եւ մայրենիքին կողմը չեն հոսիր, չենք հոսիր… ո՞ւր կը հոսինք:

Ինչպիսի՞ իմաստութեամբ պէտք է գործել, որ հայ միտքի լոյսը, իմացական եւ նիւթական կարողութիւնները, շնորհները, ի հարկին արիւնը հոսին մեր աւազանին մէջ:

Միտքէս չէր հեռանար փողոցը, որ հայու անուն ունէր:

Դիմեցի համացանցին` գրելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան փողոց, Տովիլ»:

Համացանցը «Բացուի՛ր, Սեզամ»-ի կանչիս պատասխանեց. LE PARC CALOUSTE GULBENKIAN, UN JARDIN REMARQUABLE
ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ ՊՈՒՐԱԿ, ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՊԱՐՏԷԶ ՄԸ` 33 հեկտար տարածութեամբ…

Համացանցը կ՛ըսէ. «Խորհրդածութեան նպաստող բազմաթիւ մթնոլորտներ, այնպէս` ինչպէս ուզած էր զայն յղացողը…»… Կալուածը գնուած է 1937-ին: Ամփոփ կենսագրականը Թուրքիա ծնած Գալուստ Կիւլպէնկեանի, բրիտանական հպատակութեամբ, Ֆրանսա ապրող: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ յանձանձուող կալուածը 1973-ին կը նուիրուի Տովիլ քաղաքին:

Հայու պուրակը` Հայաստանէն հեռու եւ առանց հայերու.

Թեթեւամտութեամբ եւ ինքնախաբէութեան տուրք տալով` կը շարունակենք պոռչտալ, որ համաշխարհային ազգ ենք, այս պուրակի պատկերներուն թելադրանքով, որ օտար ափերու վրայ ինչ որ ունեցած ենք եւ ունինք, հայութեան չի պատկանիր…

Սփիւռքեան կացութիւն…

Օր մը պիտի դադրի՞նք զայն մատներու արանքէն դիտելէ:

33 հեկտար տարածութեամբ հայու անունով ուշագրաւ պուրակ, որ հայոց չի պատկանիր…

Եթէ սնափառութիւնները մէկդի դնենք, պիտի հասկնանք, որ այսպէս է եւ պիտի ըլլայ սփիւռքեան կացութեան անփառունակ վաղորդայնը, եթէ հրաշքով տեղի չունենայ հայուն հոգեկան-ոգեկան յեղափոխութիւնը:

14 սեպտեմբեր 2021, Վիլլեր-սիւր-մեր

www.aztagdaily.com/archives/523997

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail