ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յոյս Ունի, Որ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի

After visiting a 12th century church in occupied Hadrut, Azeri President Ilham Aliyev ordered the removal of medieval inscriptions, calling them “fake” (Video screenshot)

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յոյս Ունի, Որ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի

29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յոյս ունի, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, երկու երկիրները պիտի շարունակեն երկխօսութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակին կողմէ երկուշաբթի օր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ նախարարներու անմիջական երկխօսութեան վերսկսումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ տագնապէն մէկ տարի ետք եւ յոյս ունի, որ այդ ջանքերը պիտի շարունակուին եւ պիտի դառնան աւելի լայն երկխօսութեան մաս` լուծելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ կայուն խաղաղ լուծման հասնելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

www.aztagdaily.com/archives/524081

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail