Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 –
«Ազդակ»-ի առցանց 36-րդ լսարանին նիւթն էր «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կայացման խնդիրները. դասեր անցեալէն». դասախօսը` միջազգայնագէտ, թուրքագէտ դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին` յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորաբանական փոփոխութիւնը: Երկրորդ` նախորդող ժամանակահատուածին արձանագրուած բացթողումները եւ անոնցմէ քաղելիք դասերը, եւ երրորդ` ներկայ պայմանները նկատի ունենալով ի՞նչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել:
Ապա դոկտ. Տէր Մաթեւոսեան խօսեցաւ Էրտողանի առաջադրած կովկասեան կայունութեան փլաթֆորմին, որ վերափոխուած է վեցեակի հարթակ ձեւակերպումին: Այժմ Անգարան կը փորձէ հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան մէջ առաջին ջութակի դերը վերցնել:
Այնուհետեւ դասախօսը ներկայացուց Անգարայի կողմէ վերափոխուած նախապայմանները` Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում կամ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում, Երեւանի կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջէ հրաժարում, Ազրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում` սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան վերանայում` Ցեղասպանութեան ճանաչման բաժինը Անկախութեան հռչակագիրէն դուրս հանելու առումով:
Այնուհետեւ դասախօսը խօսեցաւ բանակցութիւններու հայկական կողմին ծուղակ չներքաշուելու անհրաժեշտութեան մասին` շեշտելով դիւանագիտական պաշարները վերապատրաստելու հրամայականը:
Խօսելով ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջագիծին մէջ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու շրջանին արձանագրուած որոշ բացթողումներուն մասին` դոկտ. Տէր Մաթեւոսեան կեդրոնացաւ վեց կէտերու վրայ.
Ա.- Յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է անջատել հաշտեցման գործընթացէն,
Բ.- Աշխատիլ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միջնորդական առաքելութիւններու հետ,
Գ.- Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքին հասանելի դառնալ,
Դ.- Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան բանավէճերու ծուղակներուն չներքաշուիլ,
Ե.- Բանակցային արհեստավարժ խումբ պատրաստել,
Զ.- Մշակել գործընթացէն դուրս գալու ռազմավարութիւն:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ լսարանականներու մասնակցութեամբ քննարկում:
www.aztagdaily.com/archives/524312