
Իրան Ատրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռազմափորձերու Սկսաւ
01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«ՕՏԱՐ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԵՌԱՆԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ»
ԹԵՀՐԱՆ, «Ճազիրա»․- Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ, 1 Հոկտեմբերին սկսան Իրանի ցամաքային ուժերու ռազմափորձերը:
Ըստ Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Քիւմարս Հէյտարիի՝ «Խէյպարի նուաճողները» ռազմափորձերուն ընթացքին կ՛օգտագործուին թնդանօթներ, անօդաչու թռչող սարքեր, ուղղաթիռներ եւ այլ սպառազինութիւն:
Հէյտարի նշեց, որ երկրի հիւսիս-արեւմտեան եւ այլ շրջաններու մէջ ռազմափորձերը կը կատարուին զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանը ստուգելու, մարտունակութիւնը բարձրացնելու, սպառազինութիւնը փորձարկելու նպատակով:
Ան նաեւ ընդունեց, թէ Թեհրան մտահոգ է անցեալ տարի Ատրպէյճան բերուած մեծ թիւով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու ներկայութեամբ։ Ան ըսաւ, թէ բոլոր օտար ահաբեկիչները պէտք է հեռանան Ատրպէյճանէն։
Թեհրան դժգոհ է նաեւ Պաքուի եւ Իսրայէլի միջեւ սերտացող յարաբերութիւններէն։
Իրանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը կ՛ընդգրկէ Արտապիլ, Արեւելեան Ազրպէյճան, Արեւմտեան Ազրպէյճան եւ Զանճան նահանգները:
Յիշեցնենք, որ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները սրած էին Հայաստանի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ իրանեան բեռնակառքերու միջադէպերուն պատճառով:
Ալիեւ վերջերս բողոքած էր, թէ ինչո՛ւ այս 30 տարուան ընթացքին, երբ Արցախի հարաւը կը գտնուէր հայերու ձեռքը, Իրան երբեք նման ռազմափորձեր չէր կատարած:
abarez.am/397616/իրան-ատրպէյճանի-սահմանին-վրայ-ռազմափ/





