Արեւմտահայաստան. «տարբեր» զբօսուղեցոյց մը — Հարիւրամեակը, ըսուեցաւ ու կրկնուեցաւ, մէկէ աւելի իմաստներով հանդիսացաւ շրջադարձային տարի՝ հայ կեանքի հոլովոյթին համար

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
“HISTORIC ARMENIA AFTER 100 YEARS – Ani, Kars, and the six provinces of Western Armenia”
Matthew Karanian, Stone Garden Press, USA, 2015

Յարութիւն Քիւրքճեան
Հարիւրամեակը, ըսուեցաւ ու կրկնուեցաւ, մէկէ աւելի իմաստներով հանդիսացաւ շրջադարձային տարի՝ հայ կեանքի հոլովոյթին համար: Զայն կայացնող ուշագրաւ երեւոյթներու շարքէն, հոս, կ՛ուզեմ անդրադառնալ մէկուն միայն, հրատարակչական մարզին պատկանող:

Խօսքս կը վերաբերի Մաթիու Քարանեանի §Պատմական Հայաստան՝ հարիւր տարի ետք¦ գործին, որուն մամուլի հաւանական անդրադարձներ (կատարուած՝ անգլիալեզու մեր մամուլին մէջ) խուսափեր են ուշադրութենէս: Բայց հատորը, գրախօսական ներկայացումէ մը անդին, իր իսկական տարողութեան գնահատումին համար յատուկ, ընդգծիչ մեկնաբանութեան մըն է որ կը կարօտի:
HISORIC ARMENIA
ԸՆԴԴԷՄ ՀՈԳԵԿԱՆ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ…

Սփիւռքի մէջ աչք բացած սերունդներ՝ հին թէ նոր ու նորագոյն, սկսած՝ մեր ազգային-քաղաքական գիտակցութեան հասած հատուածներէն, յիշեր կամ երազեր ենք հայրենի հողը, կարելի միջոցներով ու զէնքերով պայքարեր՝ իրաւազրկումին, հայրենազրկումին դէմ: Բայց եւ, միանգամայն, ենթակայ մարդկային հոգեբանութեան անյեղլի օրէնքներուն, մեր մէջ աճեցուցեր ենք անխուսափելի օտարում մը անկէ, անոր §¦հողային¦ իրականութենէն, իրակա՛ն իրականութենէն:

Օտարումը՝ առաջին հերթին ու մինչեւ մէկ-երկու տասնամեակ առաջ՝ անկասկած հետեւանք էր նաեւ առարկայական պայմաններու, քաղաքական բիրտ արգելքի: Բայց ո՛չ միայն: Մեր քաղաքական գործունէութիւնը, զայն տարազող խօսաբանութիւնը՝ կը լռէին մինչե՛ւ իսկ գիտակցութիւնը այդ օտարումին, կը ջանային ներմղել, ուրանալ այդ մեծ պակասը: Ուրեմն այդպէսով մեր մասնակցութիւնը բերելով անոր, թաղելով զայն խօսքի խաւերու տակ (խուսափելու համար պակասի գիտակցութեան առթելիք յաւելեալ տառապանքէ՞ն…):

Վերջին քառորդ դարն է որ շարժում մտցուց քարացած, անդամալուծուած պատմա-քաղաքական այս իրադրութեան մէջ, ճիշդ է՝ նախապատրաստուած 70-80ականներու հայ Դատի այժմէականացման քայլերով, ուժական թէ քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի: Բայց բուն շարժումը, սառցահալը, իսկապէս շղթայազերծուեցաւ մէկ կողմէ՝ Երկաթէ վարագոյրի վերացումով եւ հայրենի ու արցախեան անկախութիւններով. միւս կողմէ՝ մեր պատմական հայրենիքի բռնագրաւիչ պետութեան ապրած գաղափարական-մշակութային ներքին որոշ մէկ հոլովոյթով: Այս վերջին հոլովոյթը՝ սկսած հին ոստան Պոլիսէն՝ շարժման դրաւ իր կարգին երկրի հայութիւնը, աւելի ճշգրիտ՝ անոր արմատական թեւը: Մինչ՝ նոյն համայնքի աւանդական զանգուածը խոհեմաբար կ՛անգիտանար զայն, աւելի ուշ՝ լաւագոյն պարագային հեռուէն հետեւելու համար:

… ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ՄԸ
Արեւմտահայաստանի ներկային եւ հողային իրականութիւններէն մեր հեռաւորութեան մասին այս դիտողութիւնները՝ հոս՝ ուրեմն կը թելադրուին Մաթիու Քարանեանի հատորէն, իր սեփական հեղինակութեամբ՝ բնագրերով ե՛ւ լուսանկարներով հաւասարապէս:

Լուսանկարներու ակնարկս՝ որովհետեւ հատորը հարուստ է նաեւ լուսանկարներով, գրեթէ ալպոմային ճոխութեամբ մը: Իր չափերով նաեւ ալպոմային՝ գործը սակայն ալպոմ մը չէ, չէ՛ ալ մտադրած կամ յաւակնած ըլլալ՝ գեղարուեստական կատարելութեան առումով. նոյնիսկ եթէ որոշ լուսանկարներ, փաստագրական արժէքով նոր ու անփոխարինելի, նաեւ ուշագրաւ են գեղարուեստականօրէն:

Ու բարեբախտաբա՛ր սոսկ ալպոմ մը չէ Քարանեանի գործը: Նախ՝ որովհետեւ այլապէս կրնար դառնալ վերջին շրջանի այդօրինակ հրատարակութիւններէն՝ որակաւորներուն մէկ կրկնութիւնը, նուազ յաջող: Բարեբախտաբար չէ նաեւ ուղեգրական եւ պատմա-ազգագրական սովորական տեղեկագրում մը, թէեւ ունի՝ հիմնական միջուկին կցուած՝ պատմա-ազգագրական տեղեկութիւններ եւս, ջղուտ, յանձնառու, եւ առհասարակ հաւաստի:

Քարանեանի հատորին հիմնական նորութիւնը, արժէքը, կը հաւատամ, այս բոլորէն անդին, իր՝ Արեւմտահայաստանի զբօսաշրջային ուղեցոյց մը ըլլալու հանգամանքին մէջ է  –  այժմէական-արդիական ճամբորդական ուղեցոյց մը: Հանգամանք՝ որ բովանդակութեան միւս տարրերու կողքին կրնայ թուիլ §թեթեւ¦, բայց երկրորդ վերլուծումով՝ թուացածէն շատ աւելի կարեւոր է, շրջադարձայի՛ն…

ՎԵՐԱԴԱՐՁ…

Հատորը, մօրենական մեծ մօր նուիրուած ձօնէ մը եւ ուղեցոյցի ընտրանքներուն եւ հրատարակչական բնոյթի տեղեկութիւններէ ետք, կը բացուի Նախաբանով մը՝ Խաչիկ Մուրատեանի գրիչէն, որ՝ խիտ եւ թելադրական տողերով ընթերցողին կը փոխանցէ արեւմտեան Հայաստանի, հոն վերապրող յուշարձաններու եւ մնացորդ հայութեան հետ կենդանի շփումի իր փորձառութիւնը, ապա կ՛ողջունէ հատորին երեւումը՝ իբր հրաւէր փորձառութիւնը անձնապէս կրկնելու: Եւ կը փակէ այլընտրանքի մը թելադրանքով. §Եթէ, սիրելով հանդերձ արեւմտեան Հայաստանի դէմքերն ու վայրերը, տրամադիր չէք այցելելու Թուրքիա, այս գիրքը՝ փոխարինաբար՝ լաւագոյն քայլն է որ կրնաք առնել¦:

Կը հետեւի Հայկական լեռնաշխարհի, ապա եւ Ցեղասպանութեան ու հետեւող տասնամեակներու մասին տեղեկութիւններու բաժին մը, ենթաբաժանումներով, ամփոփ բայց բովանդակալի, որ անյիշատակ ժամանակներէ սկսած՝ կու գայ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը, անցնելով մեծ Ոճիրի եւ հետեւող ուրացման հանգրուաններէն: Ապա, իրար ետեւէ, կը տրուին Արեւմտահայաստանի նահանգները՝ Կարս, Վասպուրական, Տիգրանակերտ-Տարօն-Բարձր Հայք, եւ վերջապէս՝ Ծոփք ու Փոքր Հայք:

Ասոնցմէ՝ առաջին երկուքը տրուած են աւելի մանրամասն, հեղինակի կարելիութիւններուն եւ տրամադրած ժամանակին համապատասխան: Երրորդ մասէն՝ նոյն պատճառով՝ շատ հպանցիկ տրուած են Էրզրում եւ Մուշ-Սասուն: Բայց իւրաքանչիւր մաս, պատմա-ազգագրական ակնարկէն ետք, օժտուած է §Այսօր՝ այցելել Կարս… Վան… եւն. ¦ եւ §Առաջարկուող ուղեգիծ¦ ենթաբաժիններով, ուր խմբուած են գործնական կարեւոր տեղեկութիւնները:

¶ործին այս՝ §զուտ-զբօսուղեցոյց¦ երեսը կարելի չէ ըստ էութեան ստուգել-քննել հոս, հասկնալի պատճառով: Բայց ընդհանուր տպաւորութեամբ՝ անիկա կը միաբերէ լուրջ զբօսուղեցոյցէ մը պահանջուած կարեւոր յատկութիւնները.- անձնական փորձի լաւագոյն օգտագործումով եւ առաւելագոյն ձեռնահասութեամբ կազմակերպուած ուղեգիծներ, խմբագրուած թելադրանքներ` փոխադրամիջոց, կեցութիւն, տեղական ուղեծիր, առաջնահերթութիւններ…: Որոշ նահանգներու ամփոփ կամ մասնակի ներկայացումն իսկ, իմաստով մը, գրաւական կը հանդիսանայ լրջութեան, արտայայտելով տուեալ վայրերու մէջ հեղինակին շրջագայութեան համեմատաբար կարճ տեւողութիւնը:

Սակայն, ընթերցողը կը հանդիպի տեղեկանքի շփոթներու կամ անտեսումներու: Ասոնք երբեմն հեղինակին ենթակայական աշխարհին վերագրելի են, ու ներողամտութեամբ դիմագրաւելի – ինչպէս՝ Վասպուրականի գոյամարտին նուիրուած էջին վրայ (էջ 91)՝ յիշատակումը… բացառապէս իր սեփական ընտանիքէն անձերու անուններուն (Քարանեան կողմով մը կը սերի վանեցի նախնիքներէ…): Կամ խմբագրական անորոշութիւններ են, որոնցմէ մէկուն իբր հետեւանք՝ օրինակ՝ Վասպուրականի Հայոց Ձոր գաւառը տեղ մը հոմանիշ կը դառնայ Հայկական բարձրաւանդակի (էջ 82). եւ մէկ ուրիշով՝ նոյն Հայկական բարձրաւանդակի մակերեւոյթի միջին բարձրութիւնը կը զեղչուի՝ իջնելով 900 մեթրի (էջ 21)[i]:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՄԱՆԵԱՆ՝ ԲԱՑԱԿԱՅ

Մանր թերիներ անտեսելի են, ի վերջոյ: Բայց երբ, Անիի պեղումներու պատմական ծաւալուն ակնարկին մէջ (էջ 42, էջ 57 եւ այլուր) բազմիցս -արդարօրէն- յիշատակելէ ետք փրոֆ. Ն. Մառի անունը, հեղինակը միւս կողմէ լրիւ կ՛անգիտանայ դերն ու մինչեւ իսկ գոյութիւնը՝ հնագիտական Անիի հայազգի’ մեծ §դայեակ¦ Թորոս Թորամանեանի,- կը գործէ աններելի անտեսում: Մանաւանդ եթէ, փրոֆ. Մառի կողքին, յիշատակած է այլապէս վաստակաւոր, բայց ի վերջոյ լրացուցիչ դերակատարութեամբ՝ լուսանկարիչ Արամ Վրոյր մը, ապա անոր որդին՝ Արտաշէսը…:

Այսպիսի մոռացումով կարծէք կը շարունակենք տեսիլքի տէր այդ ինքնուրոյն գիտնական-արուեստագէտին, հերոսական Շապին-Գարահիսարի զաւակ Թորամանեանի, կեանքի մէջ ու իր վաստակի հաշուին կրած հսկայ անիրաւումները…: Նիւթ՝ որուն մասին սակայն հոս տեղը չէ խօսելու:
… ՆԵՐԿԱՅԻ ՈՒ ԱՊԱ¶ԱՅԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Հաստատեցի, որ Քարանեանի ներկայ հատորը՝ Արեւմտահայաստանի գործնական եւ այժմէական զբօսուղեցոյցը, իր գոյութեան փաստով իսկ երեւոյթ մըն է յետ-Ցեղասպանութեան երկրորդ հարիւրամեակի սեմին:

Բացայայտ է, որ խօսքը չի վերաբերիր սոսկական զբօսուղեցոյցի մը արժանիքներուն: Այդ հանգամանքը արժեւորողը, բնականաբար հատորի հայեցի յանձնառու ոգին է, ներկայ՝ հատորի գլխաւոր բաժիններուն մէջ, պատմա-ազգագրականէն մինչեւ սեփական ուղեպատում, հասնելով նոյնիսկ գործնական թելադրանքներու մանրամասնութիւններուն:

Աւելի’ն. զբօսաշրջիկ-հեղինակի գործնական նկատառումներու ետին, անոր ամէն մէկ քայլին ներքեւ, կը զգացուին ուխտաւոր-ուղեւորի երկիւղած շնչառութիւնը, գուրգուրալի պաշտամունքը՝ հանդէպ յուշարձաններու, այսօր անհետ քանդուած եւ յիշողութեան մէջ ապրողներէն մինչեւ վիրաւոր-կիսաքանդները, հանդէպ բնանկարներու՝ հայրենի բնաշխարհի վայրերուն: Առանց մոռնալու մտասեւեռեալ հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ անոնց ծոցին վերապրած ու այսօր յառնելու ձգտող §սուրի մնացորդ¦ զանգուածներուն: Այս բոլորին համար գործածելով տակաւին` անգլերէն լեզուի յուզական համեմատաբար սահմանափակ միջոցները, գտնելով նաեւ ձեւեր զանոնք անսպասելիօրէն շրջանցելու կամ զանցելու, եւ արեւմտեան զգայնութեան տէր ընթերցողին §ընդունելի¦ ոճով փոխանցելու` վերադարձող ուխտաւորի եւ յանձնառու հայու ապրումներու ողջ լիցքը:

Այժմէական զբօսուղեցոյցի գործնականութիւն եւ հայրենի բնաշխարհի ներշնչեալ ներկայութիւն,- ահա Քարանեանի գործին երկու հիմնական, իրար արժեւորող եւ իրարմով արժեւորուող յատկութիւնները: Զինք շրջադարձային երեւոյթ դարձնող, նոր, բաղձալի ոգի եւ մտայնութիւն նշող եւ ապագայի հաշուին խոստացող, դրդո՛ղ միանգամայն:

[i] Քանի մը դիտողութիւններ եւս՝ հրատարակութեան ընդհանուր կերպարանքին կապուած, յետագայ սրբագրման առաջարկ-հեռանկարով՝ պարզապէս.-

1. Նախ՝ հատորի մուտքին (էջեր 2-3) տեղադրուած քարտէսը չի ներկայացներ Հայաստանը, ինչպէս կարելի էր սպասել, այլ… Տիգրան Մեծի կայսրութիւնը: Քսանամեայ գոյութեան մը հազիւ արժանացած տարածքներու՝ քարտէսով զետեղումը, այսպէս, Հայաստանի նուիրուած հատորի մը ուղղակի ճակտին, եւ Greater Armenia յորջորջումով,- թէ՛ մատուցուած նիւթերու առաջնահերթութեան խախտում կը կայացնէ, թէ՛ հոգեբանական թիւր տպաւորութիւն կրնայ ստեղծել՝ օտար (բայց եւ՝ ոչ միայն օտար) ընթերցողին մօտ, հեղինակին ներկայացուցած մտայնութեան մասին: Չհաշուած դեռ՝ այդ անուանակոչումին բերելիք շփոթի վտանգը Armenia Maior-ի՝ Մեծ Հայքի հետ: Մանաւանդ երբ նոյն քարտէսը արդէն տեղ ունի հատորին մէջ (էջ 18), ինչ որ կրնար լիուլի բաւարար ըլլալ՝ Տիգրան Մեծի փառքին համար: Քարանեան վստահաբար հայկական այդպիսի գեր-ծաւալապաշտութեան մը դրօշակիրը չէ, եւ կրնայ բաւարարուիլ իր նախնիքներէն Մարտիրոս Խերանեանի քարտիսագրած Ուիլսընեան Հայաստանով (եւ անոր սահմաններով…): Ի դէպ. այս հիանալի գործին ան բարեբախտաբար տեղ տուած է հատորի կողքի ետեւի ներքին երեսին վրայ:

2. Հատորին չափերն ալ տեղիք կու տան դիտողութեան մը: Էջադրուած-կազմուած ալպոմի չափերով (այսինքն 27 լայնքի վրայ՝ 20 բարձրութիւն), հատորը յայտնօրէն հետեւած է յարմարաւէտ ձեւով լուսանկարներ տալու թելադրանքին: Հասկնալի ըլլալով հանդերձ, այս ընտրանքը գիրքը կը դարձնէ դժուար ձեռնելի: Քարանեանի նախորդ զբօսուղեցոյցը՝ ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի նուիրուած, ձեռնելիութեան այս իմաստով կը ներկայացնէր որոշակի առաւելութիւն:

http://www.horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail