«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամը Մարտունիի Դպրոցներուն Տարրալուծական Սարքեր Նուիրած Է

«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամը Մարտունիի Դպրոցներուն Տարրալուծական Սարքեր Նուիրած Է

01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –

«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը, իր ծրագիրներու ծիրէն ներս, Արցախի Մարտունի քաղաքի եւ շրջանի դպրոցներուն նուիրաբերած է տարրալուծական սարքեր: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ծրագիրէն օգտուած են շրջանի շուրջ 29 դպրոցներ: Ընդհանուր առմամբ` նուիրաբերուած է 33 սարք:

Հաւաքածուները, որոնք նախագծուած եւ կառուցուած են հայ անուանի գրող Զապէլ Եսայեանի թոռ եւ ծոռ Ալեքսանդր եւ Տիգրան Եսայեաններուն կողմէ, առատաձեռնօրէն նուիրաբերուած են Մեսեչուսեց նահանգի ամուսիններ Ճուտի Սարեանի ու Վիքթոր Ծառուկեանի կողմէն:

«Մենք Ալեքսանդրի տարրալուծարանը այցելեցինք դեռ 2019-ին: Ան եւ Տիգրանը մեզի ցոյց տուին այն սարքերը, որոնք անոնք պատրաստած էին ու այդ իսկ օրը որոշեցինք զանոնք նուիրել Արցախի աշակերտութեան։ Փորձնական ուսուցումը չափազանց կարեւոր է գիտութիւններուն մէջ»,- բացատրեց «Թիւֆէնքեան»ի երկարամեայ աջակիցը Ճուտի Սարեանը:

«Այս փոքր քայլով կ՝ուզենք նպաստել, որ դպրոցներու աշակերտները լաւ սորվին եւ ապագային լաւ մասնագէտներ դառնան, մանաւանդ` ուսուցիչներ Արցախ աշխարհի համար», նշեց «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կրէկ Պետեանը:

Արցախի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղի դպրոցի տնօրէն Մանուշակ Վանեան դպրոցի ուսուցչական անձնակազմի եւ աշակերտներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին` նման աջակցութեան համար:

«Մենք մեր ուժերու ներածին չափով պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի դպրոցի աշակերտները ստանան կայուն գիտելիքներ, ապագային դառնան լաւ մասնագէտներ եւ պիտանի մարդիկ Արցախի համար», ընդգծեց Վանեան:

(Թղթակցութիւնը՝ հիմնարկէն)

yerakouyn.com/2021/10/01/թիւֆէնքեան-հիմնադրամը-մարտունիի-դ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail