
Թուրքիա Ռազմամթերք Կը Կուտակէ Իրանի Հետ Սահմանին
02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –
ԻՐԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՓՈՐՁԱՐԿԷ ՀԱՐՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆՈՐ «ՏՐՈՆ»Ը
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ», «Լրագիր».- Իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի կատարած լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն` Թուրքիան իր կարգին ռազմական սարքեր ուղարկեց Իրանի հետ սահմանին։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի հետ սահմանին, Իրանի զօրավարժութիւնները համաշխարհային մամուլի ուշադրութիւնը գրաւեցին: Արդարեւ, «Ճազիրա»ն իր անդրադարձին մէջ նշեց, որ Իրանի զինուած ուժերը լայնածաւած զօրավարժութիւններու սկսած են Ատրպէյճանի հետ սահմանին, որ ուժի ցուցադրութիւն է դրացի երկրին հետ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ՝ պայմանաւորուած Իսրայէլի հետ վերջինիս կապերով:
Իրանի բանակը նաեւ առաջին անգամ ըլլալով փորձարկեց իր արտադրած մեծ հեռահարութեան անօդաչու թռչող սարքը («տրոն») եւ ռազմարդիւնաբերութեան այլ արտադրանքներ:
«Ճազիրա»ն կը նշէ, որ Իրան զօրք եւ զինամթերք տեղակայեց սահմանի երկայնքով, երբ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Փաքիստան միացեալ զօրավարժութիւններ կատարեցին Ատրպէյճանի մէջ:
Իրան բացայայտ կերպով ազդարարեց, որ մտահոգ է Ատրպէյճանի սերտ ռազմական կապերով՝ իր ոխերիմ թշնամի Իսրայէլի հետ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուց Ատրպէյճանը, որ պիտի չհանդուրժեն սիոնական վարչակարգին ներկայութիւնը իրենց ազգային անվտանգութեան դէմ եւ պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլի:
Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումաս Հէյտարի նշեց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմին ընթացքին «Իսլամական պետութեան» բազմաթիւ ահաբեկիչներ բերուած են, եւ Թեհրան վստահ չէ, որ անոնք հեռացած են տարածաշրջանէն:
asbarez.am/397644/թուրքիա-ռազմամթերք-կը-կուտակէ-իրանի-հ/





