Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շեշտեց Գերիներու Վերադարձին Անհրաժեշտութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շեշտեց Գերիներու Վերադարձին Անհրաժեշտութիւնը

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 6 Հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիսկոս պապին հետ:

Զրոյցին ընթացքին կաթողիկոսը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի արդիւնքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն, յատկապէս շեշտադրելով ռազմագերիներու եւ յետ պատերազմեան ժամանակաշրջանին գերութեան մէջ յայտնուածներու վերադարձի հարցը:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պապին՝ պատերազմին ընթացքին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Գարեգին Բ. հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար Փիեթրօ Փարոլի գերապայծառին հետ, խօսեցաւ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: Ըստ Մայր աթոռին` անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող հարցերուն:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան եւս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող գերիներու վերադարձի հարցին։

Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար Փիեթրօ Փարոլի գերապայծառին հետ հանդիպումին Ա. Թաթոյեան փոխանցեց Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020ի պատերազմէն ետք հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական խոշտանգումներուն եւ դաժան վերաբերմունքին վերաբերեալ իր զեկոյցները եւ հիմնաւոր ապացոյցներ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութիւնը` շեշտելով, որ կոպտօրէն ոտնահարուած են միջազգային պահանջները, եւ անոնք կը պահուին ռազմաքաղաքական սակարկութիւններու նպատակով:

Արման Թաթոյեան անդրադարձաւ նաեւ պատերազմէն ետք ատրպէյճանցի զինուորներուն անօրինական տեղակայումներուն՝ Հայաստանի համայնքներուն միջեւ ճամբաներուն վրայ, ինչ որ կը վտանգէ մարդոց կեանքը եւ առողջութիւնը, իսկ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մէջ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժումներուն պատճառով, առաւել եւս կ՛արձանագրուին սահմանային բնակիչներու կենդանիներու գողութիւններ, սպառնալիքներ քաղաքացիներու նկատմամբ, կրակոցներ եւ այլ յանցաւոր արարքներ:

Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան:

yerakouyn.com/2021/10/07/ֆրանչիսկոս-պապի-հետ-հանդիպման-ընթացք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail