Երիտասարդական Հարթակ – Ի՞նչ Օրինակ Կու Տանք Մեր Երիտասարդներուն – Վիգէն Թոսունեան
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Երիտասարդական Հարթակ – Յօդուածներ – Վիգէն Թոսունեան:

Երիտասարդներ օրինակներու պէտք ունին, ոչ քննադատներու:
Ճոն Վուտըն, ամերիկացի պասքեթպոլի մարզիչ
Օրինակը ամենալաւ ուսուցիչն է: Այդպէս եղած է հինէն ի վեր: Թագաւորներ իրենց զաւակներուն համար վարձած են այդ դարերու ամենալաւ փիլիսոփաները, ուսուցիչները, որպէսզի սորվեցնեն կեանքի եւ մարդկային յարաբերութեան գաղտնիքները:
Գահաժառանգները սորված են կրօնք, լեզուներ, տրամաբանութիւն, հռետորութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ եւ հին ժամանակներու շատ մը այլ գիտելիքներ: Տրաբամանութիւնը եղած է բոլոր գիտելիքներու ամենակարեւորը, որովհետեւ ան է որ կը սորվեցնէ մարդուն ըլլալ ժուժկալ, յարաբերիլ այնպիսի ձեւով որ քաղաքացին չդժգոհի, հակառակորդին հետ բանակցիլ տրամաբանութեան օգտագործումով:
Չխախտել բնութեան եւ աստուածներու օրէնքը, որ հաւասարակշռութիւնն է մարդու եւ բնութեան միջեւ:
Արիսթոթէլ եւ Պարոյր Հայկազն մեծ ուսուցիչներ էին: Մէկը Աթէնքի մէջ, երկրորդը Աթէնքի եւ Հռոմի մէջ: Անոնք ազդեցիկ էին իրենց կեանքով եւ խօսքով: Հզօր էին իրենց փիլիսոփայական թեզերը ներկայացնելու մէջ:
Մեծ է այն ժողովուրդը, որ օրինակով կը դաստիարակէ իր զաւակները: Ակնարկ մը նետելով զարգացած ժողովուրդներու վրայ, պիտի տեսնենք, թէ անոնց մեծամասնութեան մօտ կայ հաստատուած երկխօսութեան վրայ հիմնուած, ռամկավարական համակարգ: Արեւմտեան Եւրոպայէն, մինչեւ Պալթիք Ծովու երկիրներ:
Նոյնիսկ այն երկիրներու մէջ, ուր կը կարծենք, թէ ռամկավարութիւնը շատ զարգացած չէ ինչպէս Ռուսիա, երբեմն պատկերասփիւռէն կը հետեւիմ քաղաքական քննարկումներու ծրագիրի մը: Առջեւի շարքին վրայ կը նստին քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, որոնցմէ մաս մը հայեր, իսկ անոնց ետեւը տեղ կը գրաւեն քաղաքականութեամբ զբաղող երիտասարդներ:
Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումը երբեմն կը հասնի ձայն բարձրացնելուն ու ծրագիրը վարողի միջամտութեան: Մթնոլորտը առողջ է: Ամէն կողմ կը պաշտպանէ իր թեզը գիտական հիմերու վրայ եւ իր ունեցած գիտելիքներով:
Նոյնն է պարագան Ֆրանսայի մէջ: Քաղաքագէտները օրինակ կը ծառայեն ունկնդիր երիտասարդներուն իրենց միտքով եւ խօսքով:
Երիտասարդներ օրինակի պէտք ունին: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ խօսքէն բան չ’ելլեր, այլ գործն է կարեւոր: Այսօր մենք ի՞նչ կու տանք մեր գալիք սերունդին:
Ինչ որ ցոյց կու տանք իրենց մեր խօսքով եւ գործով , այն ալ պիտի քաղենք ապագային, փոքր տարբերութեամբ մը, որ երիտասարդին իմացականութենէն կախեալ է:
Եթէ ցոյց կու տանք հաւասարակշռուած եւ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւն, ապագային պիտի ունենանք զիրար յարգող, հաւասարաշռուած տրամաբանութիւն ունեցող երիտասարդներ:
Եթէ ցոյց կու տանք հատուածամոլութիւն, դիմացինը չյարգելու եւ անհաւասարակշիռ վարուելակերպ, այդ ալ պիտի ստանանք ապագային:
Չզարմանանք, թէ ինչո՞ւ չենք զարգանար որպէս ժողովուրդ եւ հաւաքականութիւն:
Սխալը մեր դաստիարակութեան մէջ է: Ինչ որ ցանենք, այն ալ կը հնձենք: Ներկայի մեր դիմագրաւած վիճակը ասոր ամենավառ օրինակն է: Երիտասարդներ կ’ուզեն աշխատիլ համեստ, անկեղծ մարդոց հետ: Ձանձրացած են կեղծ վարուելակերպէ: Առիթ տանք մեր երիտասարդներուն, որ ապագային դառնան լայնամիտ, համեստ, հաւասակշռուած տղաք ու աղջիկներ:
Դիամացինը լսենք ու ապա դատենք իր խօսքէն ու գործէն:
Չնախապաշարուինք անոր մասին մեր լսածով: Շատ անգամ լսած եմ մարդոց մասին, սակայն երբ հանդիպած եմ անոնց, գտած եմ ազնիւ ու ընկերային հայորդի մը, պատրաստ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ ընդհանրապէս ընկերային ցանցերու վրայ օգագործուած լեզուն, մանաւանդ վերջին Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ամօթալի էր: Լաւ օրինակ չդարձանք մեր զաւակներուն: Փոխանակ բարձր մակարդակի ընտրական ծրագիրներու վրայ հիմնուած քննարկումներու, մեր քաղաքագէտները օգտագործեցին ածականներ զիրար յօշոտելու համար: «Դաւաճան» եւ «թուրք» ածականները ամենաշատ օգտագործուած բառերն էին: Այս մէկը ցոյց կու տայ «բարձր» մակարդակը որու հասած են մեր քաղաքական այրերը:
Հայ երիտասարդին զարգացման մէջ մեծ դեր վերապահուած է մեր ազգային կառոյցներուն՝ միութիւններ, կուսակցութիւններ, վարժարաններ:
Մեր ազգային դատի ճամբուն վրայ երիտասարդին տրուելու է ամէն բան որ պիտի օգնէ իրեն ապագային, դառնալու համար ազգի հաւասարակշռուած առաջնորդ, ազգի շահերու վահան եւ բանիմաց բանակցող մեր դատի պաշտպանութեան մէջ:
Տարիներ առաջ ես իմ փորձառութենէս մեկնելով, մշակեցի ծրագիր մը, որ արժանացաւ շատ մը դաստիարակներու եւ ազգային գործիչներու գնահատանքին:
Այդ ծրագիրը մասամբ կամ ամբողջութեամբ օգտագործուելու պարագային կրնայ գոցել մեծ բաց մը մեր ազգային ռազմավարութեան մէջ, որու նպատակն է ապագայի արթուն ղեկավար երիտասարդ դաստիարակելը:
Այս ծրագիրի հիմնական կէտն է կամաւորութիւնը, այսինքն երիտասարդը պիտի համոզուի, թէ իր կատարելիք գործը պիտի գնահատուի իր ազգին կողմէ եւ ոչ թէ ինք ապագային, հակառակ իր գիտելիքներուն եւ պատրաստուածութեան, մէկ կողմ պիտի դրուի, որովհետեւ չի պատկանիր այս կամ այն ղեկավարին ծառայող խումբին:
Այսինքն, երիտասարդը պիտի ծառայէ ազգին վերջ ի վերջոյ:
Միութիւնները միայն միջոցներ են: Այս է մեր ազգի յաջողութեան գաղտնիքը: Երբ երիտասարդ մը դաստիարակուի միայն իր հատուածին ծառայելու, ինչպէս որ է վիճակը հիմա, ազգը կը ձախողի, որովհետեւ դաստիարակած կ’ըլլայ հատուածամոլ եւ ոչ ընդհանուրի շահին համար աշխատող երիտասարդ:
Ներկայիս կը գործէ արեւմտահայ երիտասարդներու քաղաքական դաստիարակութեան հարթակ մը «վացափ» ծրագրին վրայ: Անոր մաս կը կազմեն քսանեակ մը երիտասարդներ տարբեր միութիւններէ, կուսակցութիւններէ ու անկախներէ: Նպատակն է դաստիարակել մեր Դատին հաւատացող երիտասաարդներ, պատրաստուած տարբեր մարզերու գիտելիքներով եւ ամենակարեւորը դիամցինը յարգելու ու իր գաղափարները պաշտպանելու կարողութեամբ:
Դաստիարակութեան ծրագրին մաս կը կազմեն քաղաքական գիտութիւն, աշխարհաքաղաքականութիւն (geopolitics), պատմութիւն, միջազգային օրէնք, դիւանագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն եւ այլ կարեւոր մարզեր:
Դաստիարակութեան ծրագիրը կրնայ նաեւ ընդգրկել ապագային երիտասարդին ասպարէզին օժանդակող գիտելիք: Ծրագիրին հիմնաքարն է հաւատքը:
Առանց քրիստոնէական հաւատքի չենք կրնար դաստիարակել արդարամիտ եւ խղճամիտ երիտասարդներ: Անցեալ դարու ժխտական օրինակները մեր աչքերուն առջեւ են: Անկրօն դաստիարակութիւնը աւերներ գործեց Եւրոպայի եւ մեր ժողովուրդին մէջ: ժամն է վերադառնալու քրիստոնէական հիմերու վրայ դրուած դաստիարակութեան:
Պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ աշխարհաքաղաքականութիւն (geopolitics) հիմնական գիտելիքներ են ապագայի ղեկավարին համար: Առանց այս երեք ճիւղերուն մէջ դաստիարակուելու չենք կրնար ունենալ լաւ քաղաքական վերլուծողներ եւ որոշում կայացնողներ, այլ կ’ունենանք հետեւողներու խումբ իր բերելիք վտանգներով:
Տրամաբանութիւն եւ վերլուծում երրորդ մասն են դաստիարակութեան: Առանց տրամաբանութիւն սորվելու մենք լաւ վերլուծողներ չենք կրնար ունենալ: Չորրորդը լեզուն եւ հռետորութիւնն է: Առանց լեզուներու իմացութեան, ղեկավարը չի կրնար բանակցիլ կամ մարդոց հասցնել իր միտքը: Լեզու գիտնալը յաջողութեան կէսն է կեանքի մէջ: Որքան լեզու գիտենք, այնքան մեր նամակը կրնանք հասցնել միւս կողմին:
Գիրք կարդալը կը համարուի նաեւ կարեւոր երիտասարդին համար: Մղենք երիտասարդները կարդալու գրականութիւն, վերլուծում, յօդուածներ: Ազգի լաւ ղեկավարը նաեւ լաւ կարդացող մը ըլլալու է: Բնութեան սէրը նաեւ կարեւոր է երիտասարդի գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումին մէջ:
Ընդհանրապէս բնութիւն սիրող մարդը հաւասարակշռուած մարդն է: Ուրախութեամբ կրնամ յայտարարել, թէ իմ տարիներու փորձառութենէս մեկնելով պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ աշխատանքիս մէջ, հայ պատանին կամ երիտասարդը բնութիւն սիրող եղած է միշտ, փոքր բացառութիւններով:
Նորահաս սերունդը մեր բոլորի նեցուկին պէտք ունի՝ ծնողք, բարեկամներ, միութիւններ: Անոր տանք ոսկի ապարանջան՝ արհեստ կամ ուսում: Ճիշդ է դժուար օրեր են, սակայն մեր երիտասարդները արժանի են ամէն նեցուկի: Իրենցն է ապագան մեր ազգին: Այն ազգը, որ դաստիարակուած, բանիմաց երիտասարդներ ունի պէտք չէ վախնայ իր ապագայէն:
Աշխատինք այդ ուղղութեամբ:
Վ.Թոսունեան
«Պայքար» շաբաթաթերթ, 18 Յուլիս 2021

azadkhosk.com/hotvadsner11605.html